
Երեսփոխան Բագրատունի, դեսպան Զասպիքին եւ Աւետիս Կիտանեան Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին այցելեց «Վանայ ձայն», ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի հետ: Ապա Ա. Զասպիքին հարցազրոյց մը կատարեց «Վանայ ձայն»-ի արաբերէն բաժինով սփռուող յայտագիրէն: Ան շեշտեց, որ Ռուսիա կ՛ընդունի որեւէ կառավարական կազմ եւ միջամուխ չ՛ըլլար Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին: Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման` ռուս դեսպանը շեշտեց, որ Մոսկուա կը փափաքի, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին: Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը երկարաձգելու պարագան զուտ լիբանանեան հարց...
Ամբողջը »






























