Անտոն Պոյաճեան - Անտոն Գոշ

14 Հունվար , 1927

Ծնած՝ Խոտորջուր, Կարին: Պատանի տարիքին կը նուիրուի հայ ազատագրութեան պայքարին: Կարնոյ մէջ, ընկերներով կը հիմնեն գաղտնի խումբ մը, որուն որպէս ղեկավարը կը ձերբակալուի ու բանտին մէջ լուռ տանջանքներու կ’ենփարկուի:

Բանտէն ազատուելով կ’անցնի Պոլիս, ուր կը զբաղի գրաշարութեամբ, ու երբ կը հիմնուի Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը՝ Անտոն կ’ըլլայ առաջին զինուորագրուողներէն:

Որպէս գործիչ կ’անցնի Պուլկարիա, կը զբաղի ռումբերու պատրաստութեամբ ու Երկիր փոխադրելու գործով, Ֆիլիպէի մէջ կը հաստատէ տպարան մը: Կը մասնակցի Սուլթան Համիտը ահաբեկելու գործին ու մահուան կը դատապարտուի:
Տպարակը կը յանձնէ կուսակցութեան ու կ’ապաստանի Ժընեւ, ուր կը նշանակուի «Դրօշակ»ի տան պահաոան-կառավարիչ. 20 տարո հոգածութեամբ կը վարէ իր պաշտօնը:

Կը մահանայ մօտ 78 տարեկանին:

-«Անտոն Գոշ. Հայկական Ազատամարտի անմոռանալի «պահապան հրեշտակ»ը»-Ն.