7-րդ (Է.) Ընդհ. Ժողով, Կարին, 1913

ՀՅԴ եօթներորդ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցած է 1913 թուականի Օգոստոս 17-25, Կարին, Արեւմտեան Հայաստան (Օսմանեան Կայսրութիւն):

Զ.-րդ Ընդհ. Ժողովին որոշման համաձայն Է.-րդ Ընդհ. Ժողովը պիտի գումարւէր 1913-ի յուլիս ամսուն: Բայց մէկ կողմէն Բալկանեան պատերազմի հետեւանքով Թիւրքիոյ անցուցած ծանրածանր տագնապը եւ անոր զուգընթաց մտահոգութիւնները արգելք եղան, որ նախնական պատրաստութիւնները փութացւին: Միւս կողմէն Օսմ. Հայաստանի ղեկավար մարմիններու կողմէ դրւած պահանջը՝ Ժողովը Երկրին … մէջ գումարելու մասին, ձգձգեցին ժողովին վերջնական հրաւիրումը, որ, ուր ուրեմն, տեղի ունեցաւ Մեծ Հայքի մէջ:

Ժողովը բացւեցաւ օգոստոս 17-ին, իրաւասու 18 մարմիններէն 14-ի մասնակցութեամբ, տեւեց մէկ շաբաթ, ունենալով 14 նիստ:

Ժողովը սեղմ օրակարգ մը ունէր, նւիրւած հասուն ու անմիջական լուծում պահանջող խնդիրներու:

Օրակարգի սպառումէն ետք հարկ գտնւեցաւ շեշտել, թէ անխախ եւ ի զորու կը մնան նախորդ Զ.-րդ Ընդհ. Ժողովի բոլոր այն որոշումները, որոնց չի դպած այս Է.-րդ ժողովը իր նոր որոշումներով: Ասոնք ամփոփումը ահա կը բերենք ստորեւ:

Ա. Հ. Յ. Դաշնակցութեան Այլեւայլն Հատւածներու (section) Փոխյարաբերութիւնները
Բ. Թուրքիա
Գ. Ռուսիա
Ե. Պրօպագանդ եւ Հրատարակութիւններ
Դ. Պարսկաստան
Զ. Կեդր. Հաշւեքննիչին Գործունէութիւնը
Է. Կազմակերպական

«ԴՐՕՇԱԿ»
Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 1913
Թիւ 9-10 (235)

Հ.Յ.Դ. ­Հիմ­նա­դիր ­Սե­րուն­դի եր­կու ղե­կա­վար դէմ­քե­րու` Սիմոն Զաւարեանի եւ Ռոստոմի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, 7րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը քննու­թեան նիւթ դար­ձուց ­Գեր­մա­նիոյ հետ զի­նակ­ցա­բար ընդ­հա­նուր պա­տե­րազ­մի պատ­րաս­տո­ւե­լու Իթ­թի­հա­տի ռազ­մա­տենչ քայ­լե­րը։ Ո­րո­շեց՝ «օ­րի­նա­կան բո­լոր հնա­րա­ւոր մի­ջոց­նե­րով կան­խել զի­նո­ւած ընդ­հա­րում­նե­րը», իսկ ե­թէ պա­տե­րազ­մը ան­խու­սա­փե­լի դառ­նայ՝ «ա­մէն քա­ղա­քա­ցի կը կա­տա­րէ իր քա­ղա­քա­ցիա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ի՛ր պե­տու­թեան հան­դէպ»։

Նազարէթ Պէրպէրեան,
«27 Սեպտեմբեր 1919. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան՝ 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին բա­ցու­մը ա­զատ ու ան­կախ Ե­րե­ւա­նի մէջ»:

ՀՅԴ Եօթներորդ Ընդհանուր Ժողովը հրաւիրող շրջաբերական-նամակը, ժողովի արձանագրութիւններն ու որոշումներէն ամփոփում ու քաղուածքներ կրնաք տեսնել «ՆԻՒԹԵՐ Հ.Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ»  Ժ. (10րդ) հատորի էջ 7-էն 42: