Սիմոն Զաւարեան - Անդոն

27 Հոկտեմբեր , 1913

Ծնած՝ Լոռիի Այգեհատ գիւղը: Կ’աւարտէ Մոսկուայի գիւղատնտեսական ճեմարանը: Թիֆլիսի մէջ, Հ.Յ.Դ. հիմնադիր ժողովներէն ետք կ’անցնի Տրապիզոն՝ տնօրէնի պաշտօնով, կը ձերբակալուի, կ’աքսորուի Բեսարաբիա:

Քրիստափորի ու Ռոստոմի հետ կը մշակէ կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագիրը եւ մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին մինչեւ իր մահը:
Պետական գիւղատնտեսի իր պաշտօնով կատարած յաճախակի ճամբորդութիւններէն ան կ’օգտուի՝ միաժամանակ կուսակցական գործերու համար ուսումնասիրութիւններ կատարելով:

Որպէս գործիչ կը շրջի Կիլիկիոյ շրջանները, Խանասորայ Վարդանին հետ: Կազմակերպչական գործով կը գտնուի Տրապիզոն, Ռումանիա, Ժընեւ, Կիպրոս, Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս:

Ուսուցչական պաշտօնով կ’անցնի Մուշ եւ Սասուն ապա՝ Պոլիս, ուր միաժամանակ կ’աշխատակցի «Ազատամարտ» թերթին:

Յանկարծամահ կ’ըլլայ Պոլիս, խմբագրատուն երթալու ճանապարհին: Զաւարեան 47 տարեկան էր:

-«Սիմոն Զաւարեան. Հայ յեղափոխական շարժման «Աշխարհիկ Սուրբ»ը»-Ն.

-«Սիմոն Զաւարեան՝ Աշխարհիկ Սուրբը»-Սեդօ Պոյաճեան

-«Սիմոն Զաւարեան (1866-1913). Հայու յեղափոխական ինքնամաքրման խստաբարոյ դաշնակցականը»-Ն.

-«Մի փունջ Սիմոն Զաւարեանի յիշատակին»-Հեղինէ Բէգզատեան

-«Գարեգին Նժդեհի մարգարէն»-Սեդօ Պոյաճեան

https://www.youtube.com/watch?v=1hIxnrrDOMA