Կուկունեանի արշաւանքը

22 Սեպտեմբեր , 1890

Հայ յեղափոխական շարժման առաջին լայնածաւալ ձեռնարկը, որուն նպատակն էր զինուած խումբով մը Կովկասէն մեկնելով՝ անցնիլ ռուս-թուրքական սահմանը, պատժել Բասենի, Ալաշկերտի եւ Խնուսի թուրք եւ քիւրտ հրոսակները, երթալ դէպի Մուշ, Սասուն, Վապուրական եւ բարձրացնելով հայութեան կորովը, զայն նախապատրաստել եւ մղել ինքնապաշտպանութեան:

Հապճէպ պատրաստպւած արշաւանքը կ’ունենայ ձախող արդիւնք: Սահմանը հազիւ անցած, հայ մարտիկները կ’իյնան մէկ կողմէն իրենց դիմաց հանդիպած թուրք զօրքերու եւ քիւրտերու, միւս կողմէն իրենց թիկունքին գտնուող ռուս սահմանապահ զինուորներու կրակներուն մեջեւ:

Արշաւանքին մասնակցող 125 անձունուրացներուն մեծ մասը, որ թուրքերուն կը դիմադարձէ, բայց ռուս զինուորներուն կրակին չի պատասխաներ, ի վերջոյ կը ձերբակալուի բարեկամ կոչուած ռուսերուն կողմէ, կը բանտարկուի, կը դատուի. 29 հոգի կը դատապարտուին եւ յետոյ Սիպերիա կ’աքսորուին:
Խումբին մէկ փոքր մասը միայն, Կովկաս նահանջելով կ’ազատուի: Նորակազմ Դաշնակցութիւնը արշաւանքին գաղափարին համաձայն ըլլալով հանդերձ, անոր գորածդրութիւնը վաղաժամ կը համարէր եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէր միայն բարոյական քաջալերանքի սահմաններուն մէջ: Արշաւանքին կը մասնակցին Եփրեմ, Քեռի, Բալաջան, Փայլակ, Զմմառացի Եղօ, Ջալլադ եւ ուրիշներ, որոնք ապագային պիտի դառնային անուանի դաշնակցական ղեկավարներ: Կուկունեանի արշաւանքը մեծ յուզում եւ խանդավառութիւնը կ’առաջացնէ Կովկասի հայութեան մէջ եւ կը նպաստէ յեղափոխական ծաւալուն խմորումներու զարգացման:

-«Կուկունյանի արշաւանքը, աքսորը, տառապալից կեանքը մեծագոյն քարոզչութիւնը կազմեցին յեղափոխութեան ժողովրդականացումին համար»-Ն.