Sèvres 100-aire
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ
2020
Ներբեռնել
Ուիլսոնեան իրաւարար վճռի 100 ամեակի առիթով, լոյս տեսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի
երիտասարդական գրասենեակի հրատարակած «Ամբողջական Հայաստան՝ Արդար
հատուցում» վերնագրով գրքոյկի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը։
Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռը Միացեալ Հայաստանի տեսլականը իրաւականօրէն
ամրագրող անբեկանելի փաստաթուղթն է:
Սիրելի՛ հայ երիտասարդութիւն, հակառակ ներկայի ամենադժուար պայմաններուն՝
չվհատի՛նք. մեր ազգային շահերու պաշտպանութեան համար մեր յանձնառութիւնը
ամբողջական է: Նպատակասլաց աշխատանքով ու յարատեւ կռիւով, պիտի հիմնենք
հզօր պետութիւն, վերականգնենք Արցախի Հանրապետութեան սահմանները, և ի
վերջոյ կերտենք ամբողջական Հայաստան։
