Copy of Դաշնակցութեան Հաւատաւոր Զինուոր Եւ Իւրայատուկ Ղեկավար Սարգիս Զէյթլեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում
25 March 2025Կազմակերպութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, երէկ` երկուշաբթի, 24 մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական արեւելումի գաղափարախօսը` Սարգիս Զէյթլեան» խորագիրով ոգեկոչման ձեռնարկը` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակին առիթով:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութէնէն ետք բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԿԿ-ի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Յարութ Մարկոսեան: Ան հաստատեց, որ ոգեկոչման ձեռնարկը, նահատակի մը յիշատակը նշելու կողքին, առիթ է մեր ուխտն ու կամքը վերանորոգելու, աւելցնելով, որ Ս. Զէյթլեան ինքնաշխատութեամբ իր ամբողջ կեանքը իմաստաւորեց` Հայոց պատմութեամբ եւ մշակոյթով, գաղափարական եւ քաղաքական միտքի դրսեւորումով, եւ աշխատեցաւ բաշխել այդ հարուստ պաշարը: Մարկոսեան շեշտեց, որ Սարգիս Զէյթլեան եղաւ նոյնքան մարտիկ, որքան` մտաւորական, ունեցաւ իր առանձնայատուկ դրոշմը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Քսանամեակի մը ընթացքին ան ոտքի հանեց հայ ազատատենչ ժողովուրդը եւ վերակենդանացուց պայքարի ոգին: Աւելի՛ն. ան եղաւ դաշնակցական եւ հայկական արեւելումի գաղափարախօսը, եւ գաղափարական այս ուղղութիւնը հիմքը հանդիսացաւ սերունդներու դաստիարակութեան եւ մարտական պատրաստուածութեան:
Օրուան բանախօսներէն էր «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքին հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեան, որ դիտել տուաւ, թէ դժուար է խօսիլ կամ գրել Սարգիս Զէյթլեանի մասին, որովհետեւ բազմակողմանի եւ ընդարձակ է անոր գործունէութիւնը` ամբողջական արժեւորում կատարելու համար անոր վաստակին, աւելցնելով, որ մէկ մարդու մէջ դժուար է ունենալ` նուիրեալ ուսուցիչ-մանկավարժը, անզուգական հրապարակագիր-խմբագիրը, հեռատես քաղաքագէտը, ջղուտ հռետորը, ներհուն գաղափարախօս-տեսաբանը, պատրաստուած եւ խիզախ մտաւորականը, ինչպէս նաեւ` անմրցելի կազմակերպող ղեկավարը, եւ գրեթէ բոլորին մէջ ալ տաղանդաւոր, առաւել` նկարագիրով ուժեղ մարդը, սկզբունքի տէր անհատականութիւնը, ծառայասէր, տեսլապաշտ եւ ժողովրդակեդրոն ղեկավարը: Կ. Յովհաննէսեան ըսաւ, որ Ս. Զէյթլեան` իբրեւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, խիստ պայքար մղած է կաշառակերութեան, գողութեան եւ անկարգապահութեան դէմ` վերջ տալով բոլոր անոնց, որոնք կը խանգարէին Պուրճ Համուտի հայութեան հանգիստը: Ան դիտել տուաւ, որ Զէյթլեան կ՛ուզէր եւ կը նպատակադրէր գաղափարական հիմք տալ Դաշնակցութեան, կազմակերպութիւնը կազմակերպութեան վերածել, լայն հորիզոն տալ ընկերներուն եւ ան յաջողեցաւ այս առաքելութեան մէջ` աշխատելով, որ անոնց հետաքրքրութիւնը ըլլան Հայ դատը, Հայաստանը, հայութիւնը` ամբողջութեան մէջ: «Զէյթլեան ժողովրդակեդրոն էր: Իրեն համար Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին սպասաւորն է: Միջոց է, ճանապարհ է, նպատակ չէ, հակառակ անոր որ ամբողջ գաղափարական մեծ իտէալի մը ջահակիրն է», հաստատեց Կարօ Յովհաննէսեան` նշելով, որ Ս. Զէյթլեան դաշնակցական դպրոցին մէջ հիմնեց իր դասարանը, որուն դրան վրայ ինք անձամբ փորագրեց «Հայկական արեւելում» բարձրաքանդակը:
Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ Ս. Զէյթլեանի այն համոզումը, որ հայկական կազմակերպութիւններուն ձախողութեան գլխաւոր պատճառը անհատապաշտութիւնն է, մարմիններուն վերածուիլը` անհատներու, այսպիսով հաւաքական աշխատանքին ու պատասխանատուութեան փոխարէն` տեղ տալով անձնիշխանութեան, անձնական շահերու գերադասութեան, շեշտելով, որ Զէյթլեանի համար ասիկա միայն խօսք չէր, այլ իր գործով ան հակառակը կատարեց, ծառայեց անսակարկ ոգիով եւ իր անձին ընդմէջէն ծառայութեան օրինակ եղաւ բոլորին: «Իբրեւ ղեկավար` գործեց նուիրումով, իշխանութիւնը չկեդրոնացուց իր անձին մէջ, այլ նորանոր գործակիցներ ուզեց պատրաստել` անոնց հետ բաժնելով անսակարկ նուիրում եւ սկզբունք ունենալով աշխատանքի բաժանումը` հաւաքական գործունէութեան, հաւաքական յանձնառութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան ի խնդիր, որպէսզի արդիւնաւորուի հանրային աշխատանքը», նշեց ան:
Կարօ Յովհաննէսեան անդրադարձաւ Ս. Զէյթլեանի կարողութեան` ո՛չ միայն գործելու, այլ գործի լծելու իր շրջապատը, երիտասարդութիւնը, ճիգ ի գործ դնելով ճիշդ անձին յարմար պարտականութիւններ վստահիլը` միշտ հեռու մնալով անհատապաշտութենէ, այլ` կառչելով հաւաքականին:
Ան նշեց, որ 2020 թուականին հայութիւնը կրեց իր պատմութեան մեծագոյն պարտութիւններէն մէկը Արցախի մէջ, բայց եւ այնպէս, ան յիշատակեց Սարգիս Զէյթլեանին այն խօսքերը, թէ` «Ֆիզիքապէս պայքարի մէջ պարտուիլը դեռ ամէն ինչ կորսնցնել չի նշանակեր… Մինչ գաղափարական պայքարի մէջ պարտուիլ` կը նշանակէ վրայ տալ ամէն ինչ…», շեշտելով, որ մենք ֆիզիքապէս պարտուեցանք Արցախի մէջ, իսկ ներկայիս աշխատանք կը տարուի տկարացնելու մեր գաղափարական ուժն ալ: Այս արշաւին դէմ դնելու առումով Յովհաննէսեան պատասխանատու նկատեց բոլորը անխտիր, շեշտեց, որ ոչ մէկ գաղութ, կազմակերպութիւն, միութիւն կամ կառոյց պէտք է մտածէ այնպէս, որ ինք ընելիք չունի, որովհետեւ այդպիսով հայութեան գմբէթը փուլ պիտի գայ, հայութիւնը տկարանայ ազգովին, եւ մեր բոլոր աշխատանքները դառնան ապարդիւն:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութեան ամէնէն կարկառուն դէմքերէն Սարգիս Զէյթլեանի եւ անոր ընկերակից Կարօ Գոլանճեանի առեւանգման 40-ամեակի նշումը շատ հասկնալիօրէն այժմէական խորհուրդներու, մտածումներու տեղի կու տայ, բայց մանաւանդ, այդ բոլորէն մեկնած, մեր հաւաքական աշխատանքի վերակազմակերպման համար նոր ուղենիշներ կը ճշդէ:
Գանտահարեան ըսաւ, որ հայութեան թշնամիները միշտ չէ, որ դիմած են առեւանգման եւ պատանդառման միջոցին, հայութեան եւ անոր մարտունակ ուժին` Դաշնակցութեան դէմ պայքարելու ընթացքին, աւելցնելով, որ առեւանգումը հազուադէպ թիրախներու պատահած է եւ բնականաբար հետապնդած` յատուկ նպատակ, որ կը միտի ընկճել ամբողջ ազգ մը` գերիի վիճակով ներկայացնելով հայ ժողովուրդի համար հերոսական կերպար համարուած անձնաւորութիւն մը:
Գանտահարեան հաստատեց, որ մինչեւ իր առեւանգումը Սարգիս Զէյթլեան ձգած էր գաղափարական հարուստ աւանդ` իր ճառերով, դասախօսութիւններով եւ մանաւանդ խմբագրականներով, եւ հայ ժողովուրդը խորապէս կը գիտակցէր` այդ պատգամներուն խորութեան, անոնց գաղափարական ամրութեան, անոնց փոխանցած պայքարի անտեղիտալիութեան, բայց մանաւանդ` ազգի համախմբուածութիւնը գերադաս սկզբունք պահելու անշրջանցելիութեան: Ան ըսաւ, որ Խորհրդային Հայաստանի օրերուն Սարգիս Զէյթլեան դերը մեծ ու անուրանալի էր արգիլուած գրականութիւն հայրենիք հասցնելուն մէջ, հաստատելով, որ հայրենի ժողովուրդի ազգային վերազարթօնքի գաղափարական ենթահողի պատրաստութեան մէջ հիմնական էր ու անշրջանցելի Սարգիս Զէյթլեանին դերը, որ անկախ ու գերիշխան պետութիւն ունենալու գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթները սփիւռքէն յաջողեցաւ ալիքաւորել դէպի հայրենիք:
«Հայկական արեւելումի տեսաբան Սարգիս Զէյթլեան փաստեց, որ հայկական արեւելումը ոչ միայն ռազմավարութեամբ հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն, արեւմուտքէն դուրս ազգայինի՛ն կը վերաբերէր ընդհանուր առումով, այլ նաեւ աւելի մասնակի` լիբանանահայութեան» հաստատեց Գանտահարեան` աւելցնելով, որ Զէյթլեանի անունին կը կապուի առաջին հերթին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրէին, այս անգամ` լիբանանահայկական արեւելումով, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ յարանուանական շրջանակներու ներկայացուցիչներու ներգրաւումով, հայկական երեսփոխանական պլոքի ձեւաւորումը եւ անոր ճամբով լիբանանահայ քաղաքական գործօնի կայացումը:
«Նոր զարթօնքը պիտի գայ անպայման, եւ հայութիւնը պիտի վերադառնայ` իր արժէքային ակունքներուն, ազգային պետականութեան, հայկական արեւելումին, գերիշխանութեան, ազգ-բանակին», շեշտեց Գանտահարեան` նշելով, որ հայոց պատմական բոլոր իրաւունքներու սկզբունքներուն կառչած` ազգային գաղափարախօսութիւնը անպայմա՛ն պիտի վերակայանայ, հրապարակ պիտի գան Զէյթլեանի օրինակով գաղափարի նոր մարտիկները, որոնք վերստին պիտի համախմբեն ազգը եւ անպայման պիտի վերակերտեն հայոց ազգային պետութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան պատմութեան վերջին 60 տարիներու հսկաներէն Սարգիս Զէյթլեան եղաւ կուսակցութեան զինուորն ու ղեկավարը եւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խոր հաւատքով, աննկուն կամքով, մշտանորոգ խիզախութեամբ գործեց ու ինկաւ գործի ճամբուն վրայ` հակադաշնակցական դաւադրութեան զոհ երթալով, Զէյթլեանի կուսակցական, հանրային, հասարակական կեանքի գործունէութիւնը բնութագրելով իբրեւ հայկական արեւելում:
«Նահատակ ընկ. Զէյթլեան իր գործընկերներուն հետ դեռեւս վեց տասնամեակ առաջ խորքային նոր շունչ կու տար հայկական արեւելումի գաղափարին: Հայաստան մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան եւ ենթակայ էր այդ իշխանութիւններուն պարտադրած կաշկանդումներուն, ու, հակառակ գաղափարական եւ քաղաքական անհամատեղելի տարբերութեանց, յստակօրէն առաջնահերթութիւնը կը տրուէր Հայաստան հայրենիքին, համայն հայութեան հայրենիքին եւ անոր հզօրացման` անկախ այս երկրի վարչակարգէն», դիտել տուաւ ան` շեշտելով, որ ինչպէս բոլոր պայմաններուն մէջ Դաշնակցութեան համար հիմնականը, ճիշդը եւ գերագոյն նպատակը եղած է ապահովել հայութեան ու Հայաստանի շահերը եւ աշխատիլ ու ձգտիլ ի խնդիր ամբողջական Հայաստանի եւ հայութեան, այսօր ալ նոյնն է հիմնական սկզբունքը:
Յակոբ Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Սարգիս Զէյթլեան անզիջող պայքարողը եղաւ այս հաւատքին, անոր համար հայկական արեւելումը խօսք չէր, այլ` նպատակ, գործունէութեան ուղեգիծ եւ ամէնօրեայ ապրում: Այդ պատճառով ալ անոր գործունէութեան, կեցուածքներուն, արտայայտած մտքերուն եւ որոշումներուն, հետապնդած նպատակներուն ու կատարած նախաձեռնութիւններուն մէջ անվարան կը շեշտաւորուի հայկական արեւելումի գաղափարը, որուն համար ենթահող պատրաստելու սերմերը Զէյթլեան տեսաւ իր պաշտած երիտասարդութեան մէջ. «Ամէն տեղ էր ան իր խրոխտ կեցուածքով, պատանեկան միութեան ժողովի թէ երիտասարդական միութեան մասնաճիւղային հանդիպումի կամ բանակումի: Արդարօրէն ցանեց երիտասարդութեան դաշտին մէջ, որպէսզի հայութիւնը քաղէ բերքը», շեշտեց բանախօսը:
Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Ս. Զէյթլեանի հաւատքին` համահայկական ճիգերուն, հայկական միւս կուսակցութեանց հետ երկխօսութեան, սփիւռքեան զանազան գաղութներու թէ սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան նկատմամբ, նաեւ` այս նպատակներու իրագործման համար անոր կատարած նախաձեռնութիւններուն ու արձանագրուած արդիւնքներուն:
«Սարգիս Զէյթլեան նոյն նպատակաուղղուածութեամբ անհրաժեշտ նկատեց կազմաւորումը ազատ ու անկաշկանդ մտածողութեան տէր հայ մարդուն, որ ազատագրուած ըլլայ ստրկամտութենէն, տնտեսական թէ հոգեբանական շահագործումէ, եւ որ` կարենայ իր շրջապատին մէջ ստեղծել արժէքային հիմունքներով համակարգ: Մարդկայնացնելով ընկերվարութիւնը` ան հաւատաց ընկերային արդարութեան վրայ Հայաստանի մէջ հիմնուած հասարակակարգին, որ ըլլայ հզօր, ամբողջական, ինքնիշխան, ժողովրդավար, եւ ուր պահպանուի հայկական ինքնութիւնը: Գաղափարաբանական խոր պատրաստուածութեամբ այս հսկան ամէն բանէ վեր նկատեց հայ ժողովուրդի շահերը: «Իզմ»-երէ անդին` ան հաւատաց հայութեան յաւերժութեան, եղաւ ազգայնական, երբեք` ազգայնամոլ, ազգայնականութիւնը վերածելով արմենիզմի` իբրեւ հայկական արեւելումի լաւագոյն գործիք», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը շեշտեց, որ Զէյթլեան հաւատաց ուժին, հայութիւնը հաւաքական ուժի վերածելու հրամայականին, զէնքին` իր տարբեր իմաստներով ու դրսեւորումներով:
«ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովին ներկայ էին ընկեր Սարգիս Զէյթլեանին ոգին, հոգին ու գաղափարները, ներկայ էին ինք եւ իր օրուան գործընկերները: Բայց ահաւորը, ներկայ էին մեր ժողովուրդը կործանումի եւ հայրենիքը թրքացումի տանող տուեալները: Սարգիս Զէյթլեան չկրցաւ ապրիլ Հայաստանի անկախութիւնն ու Արցախի ազատագրումը: Ու չտեսաւ Արցախի յանձնումը եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու պարտուողական, յանձնուողական ենթարկուածութիւնը թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին:
«Վստահաբար, առաջինին պարագային, ան անվարան պիտի յայտարարէր` «Յաղթեցինք, բայց բաւարար չէ, պէտք է շարունակել պայքարը», իսկ երկրորդին պարագային, պիտի ըսէր` «Հայրենիքը ամէն բանէ վեր է, իշխանութիւնները կը մեկնին, հայկական արեւելումով պայքարինք Հայաստանի պահպանման ու Արցախի վերադարձին ի խնդիր», նշեց Բագրատունի: Ան դիտել տուաւ, որ պատմութեան մէջ ոչինչ փոխուած է, մեր թշնամիները կը մնան նոյնը` Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու համաթուրանականութիւնը, բարեկամներ չունինք, տկար է ազգային հաւաքական միասնութիւնը, բայց եւ այնպէս, կայ Հայաստանի ու հայութեան յաւերժութեան հրամայականը, պահանջը` հայկական արեւելումով, պարտուողականութեան դէմ պայքար, ազատ, անկախ, միացեալ, ինքնիշխան Հայաստանի համար պայքար:
Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Ու իբրեւ այս ձեռնարկին վերանորոգ ուխտ, այս սրահէն մեկնինք նոյնինքն Սարգիս Զէյթլեանի ռազմավարական թիրախը հիմնական նպատակի վերընձիւղումով` «Սեփական պետութիւնն է անխորտակելի զրահը: Ամէն բանէ վեր են հայրենիքը եւ միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը: Ահա՛ այն սրբազան իտէալը, որ իբրեւ բեւեռային աստղ պիտի առաջնորդէ մեր քայլերը` դէպի յաւերժական հայութեան լուսապայծառ ապագան»: Կա՛մ արժանի ըլլանք այս ուղիին եւ պայքարինք հաւաքաբար անոր իրականացման համար, կա՛մ ընտրենք անձնասպանութեան ուղին, քանդենք հայութիւնը, կործանենք Հայաստանը եւ ազգովին գերեզմանուինք»:
Ձեռնարկին ընթացքին պարբերաբար ցուցադրուեցան Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերէն մէկը պարունակող տեսերիզներ:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Կարէն Գազանճեան, Քեւըն Եուսեֆ եւ Նաթալի Աբոքեան, որոնք երգեցին «Սարգիս Զէյթլեան» եւ «Դաշնակցութեան քաջ զինուորներ» երգերը: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:
Տեսանիւթն՝ այստեղ