Հպանցիկ ակնարկ՝ մեր եկեղեցւոյ դէմ սադրանքներներու պատմութեան վրայ. –Բ.
08 Նոյեմբեր 2025
Հոն՝ ուր Աստուած եկեղեցի մը կը կառուցէ,
սատանան ալ կրնայ հոն տաճար մը կառուցել:
ՄԱՐԹԻՆ ԼՈՒԹԸՐ ՔԻՆԿ
Մեր նախորդ սիւնակով, պատմական շատ արագ եւ ոչ ամբողջական ակնարկ մը ներկայացուցինք մեր Եկեղեցւոյ ուղղուած ԱՐՏԱՔԻՆ հարուածներուն եւ միջամտութիւններուն մասին, մասնաւորեցինք այն 70 տարիները, երբ Հայաստան ինկաւ համայնավար կայսութեան իշխանութեան տակ: Նշեցինք նաեւ, որ այդ «դարաշրջան»-ի միագոյն չէր, որովհետեւ սկզբնական՝ շեշտուած հակակրօն ու հակաեկեղեցի քաղաքականութեան յաջորդեցին աւելի մեղմ ու հանդուրժողականութիւն ցուցաբերող տարիներ:
Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տասնամեակները ամէնէն դաժան եւ աղէտալի շրջանն էր. աւելորդ չենք նկատեր անգամ մը եւս ընդգծել, որ մեր Եկեղեցին ազգային հաստատութիւն է, աղօթքի, պաշտամունքի վայր ըլլալու կողքին՝ կը մարմնաւորէ մեր ժողովուրդի էութիւնը, անոր հասած որեւէ հարուած՝ նոյնքան ուղղուած է մեր ազգին: Աւելցնենք նաեւ, որ հայուն պետականազուրկ դարաշրջաններուն, Եկեղեցին բնական կարգով իր ուսերուն վերցուցած է նա՛եւ քաղաքական կեանքի տնօրինման գործեր, որոնցմէ ամէնէն ակներեւը՝ մեր Դատին հետապնդման նախաձեռնութիւններն ու մասնակցութիւնը:
Քննարկումը սկսինք քանի մը հարցումներով. ի՞նչ վիճակ ստեղծուեցաւ խորհրդայնացման առաջին տարիներուն, ինչպիսի՞ պետական որոշումներ հրապարակուեցան, որոնք Եկեղեցին եւ ընդհանրապէս կրօնքը դարձուցին հալածանքի թիրախ, զայն տարին կործանումի կամ հասցուցին ոչնչացման սեմին: Որդեգրուած որոշումներուն կիրարկումը համաչա՞փ էր ներքին եւ արտաքին դաշտերու մէջ (մենք առաւելաբար պիտի կեդրոնանաք հայ աշխարհին վրայ), ինչպիսի՞ մեքենայութիւններ իրականացան: Կրնանք հարցումներու շարքը շարունակել, սակայն բաւականանանք այս մէկ քանիով: Նշենք նաեւ, որ լուսարձակի տակ բերուելիք պատմական իրականութիւնները չենք ըներ միայն անցեալի տեղեկութիւնները քաղուածաբար վերարտադրելու միտումով, այլ ցոյց տալու՝ որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները ուրկէ՞ կ’առնեն իրենց հակաեկեղեցական եւ հակահոգեւորական(ներ) ներշնչումը: Ընթերցողը կրնայ ի՛նք յստակօրէն տեսնել եւ դիտարկել նմանութիւններն ու տարբերութիւնները: Ի վերջոյ, պատմութիւնը կէտ առ կէտ չի կրկներ ինքզինք, անցեալի կարգ մը իրադարձութիւններ կրնան ունենալ տարբեր կամ տարբերակուող նոր կիրարկումներ:
Կարեւոր կէտ մըն ալ. մեր տեղեկութիւնները մեծ մասամբ քաղած ենք պատմական նշանակութիւն ունեցող հատորէ մը, որ լոյս տեսած է «ծանրագոյն տարիներուն», 1936-ին, Պոսթըն, «Հայրենիք» հրատարակչատունէն: Խորագիրն է «Հայ եկեղեցւոյ տագնապը եւ անոր պատասխանատուները», հեղինակ՝ Ա. Պարտիզեան: Այդ ժամանակաշրջանի դէպքերուն եւ արձագանգներուն մէկ մանր հանրագիտարանը կարելի է սեպել այս հատորը, որոշ չափով կ’արտայայտէ այդ օրերու մթնոլորտն ու զգայնութիւնները, որոնց մնացորդացը մինչեւ այսօր ալ երբեմն շահարկման կը դրուին որոշ շրջանակներու կողմէ: Մեր քաղուածքը հազիւ թէ պիտի հպի այդ օրերու արտասահմանեան (հիմնականին մէջ Ամերիկայի) ցնցիչ դէպքերու, որոնք առանցքը կը կազմեն հատորին խորագիրի «տագնապը» եզրին:
«ԿՐՕՆԸ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉ Է»
Խորհրդային միութեան մարմնաւորումէն շատ առաջ, Համայնավար վարդապետութեան հիմնադիրներուն՝ Մարքսի եւ Էնկէլսի տեսութիւններուն մէջ, կրօնքը կը ներկայացուի իբրեւ թոյն, թմրեցուցիչ, որ դրամատէր դասուն կողմէ կ’օգտագործուի ժողովուրդները թմրեցնելու, մոլորեցնելու եւ իրենց շահերուն լծելու գործին: Լենին եւ գործակիցները որդեգրած էին այդ տեսութիւնները եւ զայն կիրարկման դրին վերաձեւաւորուող եւ կարմիր պատմուճան հագած կայսրութեան մէջ: Նախապէս ակնարկեցինք, որ թիրախը լոկ մեր եկեղեցին չէր (Ռուսիոյ մէջ եկեղեցւոյ դէմ միջոցառումները ծայր առած էին 1919-ին), սակայն մեզ շահագրգռողը՝ մեր Եկեղեցւոյ դէմ որդեգրուած քայլերն են, քաղաքականութի՛ւնը, որուն գործակատարներն էին Հայաստանի համայնավար ղեկավարները (բոլորովին այլ հարց, թէ անոնցմէ շատեր աւելի ուշ իրենց կեանքով վճարեցին ստրկական վարքին գինը…):
1922-էն սկսեալ, ու տարուէ տարի, կրօնքի եւ Եկեղեցիին դէմ պայքարը, զայն ոչնչացնելու քաղաքականութիւնը ստացան տարբեր կիրարկումներ: Մշակուեցաւ հնգամեայ ծրագիր մը (խորհրդային տարիները յատկանշուած են «հնգամեայ պլան»ներով, որոնք ընդհանրապէս… կը գերակատարուէին: Հոս ալ գերակատարումի ձգտում կար): Յաջորդական փուլերն էին դադարեցում կրօնական դասաւանդութեանց, փակում եկեղեցիներու եւ Ճեմարանին ու տպարանին (հրատարակութիւններուն), արտաքսում եւ հալածանք՝ բոլոր հոգեւոր ծառայողներու դէմ, եկեղեցական կառոյցներու բռնագրաւում եւ վերածում՝ ակումբներու, զբօսավայրերու եւ խաղավայրերու: Այս բոլորին թագադրումը պիտի ըլլար երկրին ու ժողովուրդին կեանքէն կրօնքի ու եկեղեցւոյ վերջնական հեռացումը, արմատախիլ ըլլալը: Մանրամասնութիւն մը. Հայաստանէն արտաքսուեցաւ մինչեւ իսկ Հայր Ներսէս Ակինեանի նման մտաւորական մը, որ գացեր էր Մատենադարանին մէջ օգտակար գործ ընելու…
Եւ որովհետեւ այս բոլորը կարելի չէր կատարելապէս իրականացնել նախատեսուած ժամանակին մէջ, կիրարկուեցան հանգրուանային այլ քայլեր: Բանիմաց եկեղեցականներ, տարբեր աստիճանի կրօնաւորներ հալածանքի ենթարկուեցան, շատեր Սիպերիա ղրկուեցան (անշուշտ նոյն ճամբան բռնեցին զինուոարակններ, քաղաքական գործիչներ, մշակոյթի մարդիկ), սպաննուեցան, քաջալենաք գտան՝ սկզբնական շրջանին՝ համբակ ու իշխանաւորներուն կամակատարը դառնալու պատրաստ քահանաներ, մինչեւ իսկ բարձրաստիճան կրօնաւորներ: Եկեղեցիները դատարկուեցան եւ յաճախողներու թիւը գրեթէ չքացաւ: Բացայայտ այս հալածանքներուն դիմաց, քարոզչութիւնը կ’ըսէր, որ ինչպէս այլ բարգաւաճ երկիրներու՝ նոյնպէս ալ Խորհրդային Միութեան – հետեւաբար նաեւ Հայաստանի ու այլ երկիրներու – մէջ պետութիւնը եւ եկեղեցին անջատուած են: Ինքզինք պետութիւն դաւանող իշխանութիւնը հարցեր չէր դիմագրաւեր, թէ այդ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ իշխանաւորը ամենաբիրտ հալածանքները եւ բնաջնջումի քաղաքականութիւն կը կիրարկէ, իսկ «անջատ» հռչակուածը ո՛չ միայն պետութեան գործերուն միջամտելու իրաւունք չունի, այլ չի կրնար պաշտպանել, տէր կանգնիլ իր նիւթական ու բարոյական իրաւունքներուն, գոյութեա՛ն:
Հայաստանի մէջ գործադրութեան դրուած «վարչական միջոցառումներու» շարքին, եկեղեցիներու եւ անոնց ծառայողներու ինչքերուն գրաւումէն անդին, կար ամբողջ համակարգին «վերաձեւաւորումը»: Էջմիածինը դադրեցաւ ըլլալէ բոլոր եկեղեցիները հովանաւորող ու կառավարող կեդրոնական հաստատութիւն (Սփիւռքի երեսը՝ բոլորովին այլ զարգացումներով), գործելու առիթ ունեցող եկեղեցիները (անոնք՝ որ կամակատար դարձան) հռչակուեցան առաձին միաւորներ, Էջմիածինին ալ «շնորհուեցաւ» առանձին միաւորի վիճակ: Սա դարաւոր հաստատութիւնը, ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ կազմաքանդելու միտող քայլերէն մէկն էր:
«ԱԶԱՏ ԵԿԵՂԵՑԻ»
Կարմիրները շուտով զգացեր էին, որ եկեղեցին ու ժողովուրդին հետ անոր կապը կարելի չէ մէկ օրէն միւսը միանգամընդմիշտ քանդել: Կազմաքանդելու այլ հնարքներ ալ հրապարակ եկան: Ինքզինք հակակրօն եւ անաստուած հռչակած երկրին մէջ, հրապարակ եկաւ «Ազատ եկեղեցի» անունով շարժում մը (լրիւ անունը՝ «Հայաստանի ազատ եկեղեցական եղբայրութիւն»), որ փորձեց իր շուրջ համախմբել իբրեւ թէ Էջմիածինէն դժգոհ, անոր հակադրուող կրօնաւորներ եւ աշխարհականներ: (Նշենք, որ Ռուսիոյ մէջ ալ ստեղծուած էր «Կենդանի եկեղեցի» մը): Երբ Էջմիածինին կ’արգիլուէր հրատարակչական-դաստիարակչական աշխատանք, «Ազատ եկեղեցի»ն կ’ունենար թերթ հրատարակելու արտօնութիւն, եւ այդ տպարանի արտադրութիւնները շուտով պիտի հասնէին նաեւ արտերկրի գաղութներ (այդ օրերուն «Սփիւռքի գործակատար»ը տարբեր զգեստ ու դիմակ ունէր…): Միջանկեալ նշենք, որ հիմա ալ Էջմիածինը նման կաշկանդումներու կ’ենթարկուի (պատկերասփիւռի կայանի փակում, «դժգոհ» եւ կարգալոյծ եկեղեցականներւ քաջալերանք եւ այլ), սակայն անիկա չ’ըլլար անաստուածութեան անունով (առայժմ), այլ անիկա հագած է «եկեղեցին կը պաշտպանենք», «եկեղեցին կը բարեփոխենք», «եկեղեցականները կարգի կը հրաւիրենք» պատճառաբանութիւններով, կը մոռցուի, որ հիմա ալ Եկեղեցի-պետութիւն բաժանում կայ, սակայն Եկեղեցին, իբրեւ Ազգային կառոյց, ունի իրաւունքներ, որոնք արձանագրուած են սահմադարական յօդուածներով (սահմանադրական փոփոխութեան իշխանականներու ծրագիրը հաւանաբար ա՛յս կէտն ալ ի մտի ունի…):
Օրին, հայ մամուլը, առանց գաղափարական խտրութեան, սուր քննադատութեան ենթարկած է այս վիճակը, եւ հարց տուած է, թէ ինքզինք անաստուած դաւանող պետութեան մէջ, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ եկեղեցական նման հրատարակութիւն ո՛չ միայն կ’արտօնուի, այլ աւելին՝ քաջալերանք կը գտնէ: Ձեւով մը, «հակաթոռ» այս շարժումը ունեցաւ իր արտերկրեայ ճիւղաւորումները: Հայաստանի սահմաններէն անդին, Պարսկաստանի, Իրաքի, Յունաստանի, Ամերիկայի մէջ եւ այլուր, գտնուեցան այս հոսանքի ոլորապտոյտին մէջ ներգրաւուող հոգեւորականներ, խորքին մէջ՝ ՉԵԿԱի գործակատարներ, որոնք յանձն առին նաեւ լրտեսական եւ «թափանցումի» առաքելութիւններ: Եւ ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս ալ սփիւռքեան գաղութներու մէջ, ազգային կուսակցութիւնները, մասնաւորաբար Դաշնակցութիւնը, թիրախ դարձան իբրեւ հակայեղափոխական, յետադիմական, կայսերապաշտներու գործակից եւ մասամբ նորին (պէտք ունի՞նք մատնացոյց ընելու այսօրուան իշխանաւորներուն քարոզչութիւնը, ուր, կրկնենք, Դաշնակցութիւնը եւ Եկեղեցին միայնակ թիրախներ չեն, այլ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐԸ):
«Ազատ եկեղեցի»-ին զուգահեռ, քաջալենաք եւ որոշ հովանաւորութիւն կը վայելէին… աղանդաւորականները: Ակներեւ է, հոս ալ, այսօրուան զարգացումներուն զուգորդութիւնը: Այդ տարիներուն շատ չէ խօսուած ԸՆՏԱՆԻՔԻ քայքայման գործօններուն մասին, մինչդեռ այսօր, անիկա աւելի շեշտակի ներկայութիւն է:
«ԱՆԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ»
Առաջին այդ փորձը սպասուած արդիւնքը չտուաւ, աւելին, եկեղեցի անուան տակ նման գործունէութիւն մինչեւ իսկ քննադատութեան թիրախ եղաւ մաքրակրօն համայնավարներու կողմէ, որոնք չէին կրնար հանդուրժել ԵԿԵՂԵՑԻ բառը: Այդ մաքրակրօնները նկատած էի, որ «Ազատ եկեղեցի»ի հովանիին տակ սկսած էր ձեւաւորուիլ նոր դաս մը, մինչդեռ անոնք եկեղեցին կը նկատէին թշնամի եւ արտաքին ուժերու գործակալ…: Ուրեմն, պէտք էր «եկեղեցական»ի դիմակը վերջնականապէս վար առնել եւ հրապարակ գալ «Անաստուածներու միութիւն» անունով եւ համապատասխան հրատարակութիւններու զգեստներով: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւնները պիտի ծանրացնեն այսօրուան սիւնակը: Բաւականանաք աւելցնելով, որ այս քաղաքականութեան հրահանգը, «ճամբու քարտէս»ը կու գար Մոսկուայէն, սակայն կար անոնց հոգուով-սրտով ենթարկուելու, խղճի ամենայն հանգստութեամբ իրականացնելու պատրաստ դաս մը: (Հիմա՞):
Այս իրականութիւններուն լոյսին տակ, դիպուկ կը դառնայ ամերիկացի Մարթին Լութըր Քինկի այն ակնարկութիւնը, թէ սատանան Աստուծոյ մրցակից է «եկեղեցի» կառուցելու մէջ: Երկար չմեկնաբանենք:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ «ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»-Ը
Էջմիածինի կազմակերպական եւ բարոյական կարողութիւնները ջլատելու մէջ, կար, անշուշտ, ժողովուրդը իր պատմութենէն եւ մշակոյթէն խզելու յստակ դիտաւորութիւնը: Կ’արժէ քանի մը տողով կանգ առնել իշխանաւորներու քաղաքական ուղղութեան կարգ մը գիծերուն վրայ, որոնք կը կազմէին եկեղեցականէն անդին դաշտերու մէջ անցեալէն խզումի ծրագիրներուն, եւ որոնց լծակցութեան պիտի հրաւիրուէին եկեղեցին, իր կաթողիկոսով, հոգեւորականներու դասով ու արտերկրի առաջնորդարաններով:
Հայաստանի համայնավար իշխանութեան քաղաքական կեցուածքներուն մաս կը կազմէին հետեւեալները (ընթերցողին կը թողունք այսօրուան կեցուածքներու հետ զուգահեռներ գտնելը):
Կառավարութիւնը կը յայտարարէր, որ ինք ամբողջ հայութեան կառավարութիւնը չէ, այլ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը (հիմա կայ «Նոր Հայաստան»ը): Այս կառավարութեան համար, ազգային հարց, Հայ Դատ գոյութիւն չունին: Հայ-թրքական թշնամութիւնը շինծու բան է (ա՛յդ օրերուն, երբ Հայաստան ողողուած էր Ցեղասպանութենէ փրկուած բիւրաւոր գաղթականներով), Հայաստանի մէջ գործելու, գոյութեան իրաւունք չունին որեւէ այլ կուսակցութիւն՝ դաշնակցական, հնչակեան, ռամկավար եւ այլ, հետեւաբար նաեւ… Եկեղեցին: Յիշեալ շարքը ունէր մէկ հասարակ յայտարար. ԱԶԳԱՅԻը, մինչդեռ համայնավարները միջազգայնական էին…
Մէկ խօսքով, եւ հաւատարիմ մնալով ազգային ինքնութիւն մերժող համայնավարական սկզբունքներուն, վարդապետութեան՝ համայնավար իշխանութիւնները կ’ըսէին. «Կառավարութիւնը՝ իշխանութիւնը մենք ենք, մեզմէ զատ աստուած պիտի չունենաք» (Փաշինեան ալ տարբեր առիթներով յոխորտացած է, թէ կառավարութիւնը ինք է, չկայ իր կամքին հակառակ շարժող դատաւոր եւ այլն):
Երկրի ներքին տարածքին վրայ ստեղծուած այս իրականութեան դիմաց, արտերկի մէջ կար այլ տեսակի ողբերգութիւն, որուն կարգ մը մանրամասնութիւններուն վրայ լուսարձակ պիտի բերենք յառաջիկային, առանձին սիւնակով մը: Հոս բաւականանաք միայն արձանագրելով, որ Հայաստանի մէջ եկեղեցին խորտակող, քայքայող իշխանութիւնը, լաւ ըմբռնելով ժողովուրդին կապը՝ իր եկեղեցիին հետ, բոլորովին տարբեր մօտեցումով մշակեց եւ իրագործման դրաւ քանի մը իմաստով պառակտիչ քաղաքականութիւն մը, ՇԻՆԾՈՒ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒ առջեւ ընդարձակ դաշտ բանալով: Նշենք նաեւ, որ այդ ծրագիրները «ներշնչում» առած են դուրսէն՝ Մոսկուայէն, իսկ գլխաւոր դերակատարն ու հրահանգողը՝ գործադի՛րը, եղած է ՉԵԿԱն ու անոր կառքին լծուած հայանուններ՝ աշխարհական ու հոգեւորական: Եւ ճի՛շդ անոնց գործունէութեան հետեւանքով ալ, ստեղծուեցաւ «ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱԳՆԱՊ» մը, որուն կարգ մը հետքերը արդարօրէն եւ բարեբախտաբար ջնջուած են վերջին տասնամեակներուն, սակայն մասնիկներ կը զգացնեն իրենց ներկայութիւնը, ներշնչումի աղբիւր են… այսօրուան իշխանաւորներուն, կը վերամարմնաւորուին անոնց որդեգրած քաղաքականութեան մէջ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

