Երանելի Օրերու Սպասումով…
12 Նոյեմբեր 2025
Լիբանանի մէջ նախապատերազմեան մթնոլորտը հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ: Իսրայէլ Հըզպալլայի վերազինուելու մասին պատրուակելով ամէն օր հարուածներ կը հասցնէ, սպանութիւններ կը կատարէ եւ քանդումներ կը յառաջացնէ: Սահմանային գօտիին մէջ ապօրինաբար պահպանուած դիտակէտերը կը բազմանան: Իսրայէլ նոյնիսկ թոյլ չի տար, որ խաղաղած գիւղերու բնակիչները իրենց քանդուած բնակարաններու վերանորոգում կատարեն:
Հըզպալլա կը յոխորտայ, որ ինք այժմ աւելի ուժեղ է եւ կազմակերպուած, քան պատերազմէն առաջ: Կը մերժէ զինաթափուիլ, առարկելով, որ իր զէնքերը կը ծառայեն Լիբանանի պաշտպանութեան: Չի հակադարձեր իսրայէլեան յարձակումներուն…: Պահպանելով Իսրայէլի հետ կնքուած զինադուլի համաձայնութիւնը:
Զինադուլին հսկողութիւնը վստահուած է «Մեքանիզմ» կոչուած յանձնախումբի մը, որուն կ՛անդամակցին, Լիբանանի եւ Իսրայէլի կողքին, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան: Կը լսենք, կ՛իմանանք, որ յանձնախումբը պարբերաբար կը գումարուի ժողովի, սակայն ոչինչ կ՛իմանանք արդիւնքէն, աւելի ճիշդ` արդիւնքի բացակայութենէն:
Լիբանանի կառավարութիւնը կը վստահեցնէ, որ գործադրութեան դրած է զէնքի մենաշնորհը միայն պետութեան վերապահելու նախագահական խոստումը: Այս խոստումը տրուեցաւ նորընտիր նախագահին կողմէ իր երդման ճառով: Գործադրութիւնը վստահուած է բանակին, որուն նոյնիսկ հրամայուած է հակադարձել Իսրայէլի մարտական գործողութիւններուն: Բանակը յայտնապէս ի վիճակի չէ կատարելու հրամանը: Բանակը ո՛չ բաւարար թիւով զինուորներ ունի, ո՛չ ալ համապատասխան զինատեսակները, առհասարակ` անհրաժեշտ սպառազինութիւնը:
Լիբանանեան կառավարութիւնը լուծում կը փնտռէ: Բանագնացներ կու գան, կը խօսին, երբեմն կը սպառնան, ուրիշ անգամ յոյսեր կը ներշնչեն, կը ձեւացնեն, որ կը բանակցին, սակայն ապարդիւն: Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը նոյնիսկ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցելու պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ, որուն խորհրդարանի նախագահը կը հակառակի, սակայն Իսրայէլ չ՛արձագանգեր: Իսրայէլ կը պահանջէ, որեւէ բանակցութենէ առաջ Հըզպալլայի ամբողջական զինաթափումը եւ հարաւային սահմանի ապազինուած գօտիի մը ստեղծումը: Այլապէս…
Այսքան յոռի մթնոլորտի մը մէջ ինչպէ՞ս կ՛ապրին լիբանանցիները: Մարդկային բնութիւնը կը թուի, որ ի վիճակի է յարմարուելու վատին յաջորդող վատագոյնին: Լիբանանեան թղթոսկին արժեզրկուած է, տնտեսական տագնապը ահագնացած, ելեկտրականութիւն չկայ, ջուրը կը պակսի, թշնամի օդանաւերը կը շրջին մեր գլխուն վերեւ, հոս ու հոն հրթիռներ կը հարուածեն ինքնաշարժներ, տուներ կը քանդուին… բայց կեանքը կը շարունակուի: Լիբանանեան թղթոսկին կը գործածենք, սակայն տնտեսութեան հիմքը տոլարով կը չափուի: Լիբանանցին կրցած է նոր հաւասարակշռութիւն մը հնարել. ինքնաշարժներու խճողումները եւ մարդաշատ սրճարաններն ու ճաշարանները կը ստեղծեն պատրանքը բնականոն կեանքի մը, կեցութեան նոր տարազի մը:
Յօդուածը սկսելու ատեն նպատակ ունէի անդրադառնալու մեր ներհամայնքային կեանքին: Սեպտեմբերի կէսերուն դպրոցական վերամուտէն ետք, ականատես ենք աշխուժութեան մը, որուն խտութիւնը զարմանահրաշ է: Թատերական ներկայացումներ, երաժշտական ունկնդրութիւններ, պարախումբերու ձեռնարկներ, գիրքերու ցուցահանդէս, գիրքերու շնորհահանդէսներ, նկարչական ցուցահանդէս եւ հաւանաբար մոռցուած այլ միջոցառումներ: Այս բոլորը մէկուկէսէն երկու ամիսներու ընթացքին: Մշակութային վերազարթնումի մը ականատե՞ս ենք արդեօք:
Այս ձեռնարկներէն շատերը դժբախտաբար կը կատարուին փոքրաթիւ մասնակցողներու առկայութեամբ: Տագնապին կռնակ դարձուցած ենք ու մեր միութենական աշխուժութիւնը կը փորձենք վերանուաճել: Սակայն երկարատեւ տագնապին գլխաւոր հետեւանքը մեր համայնքին ապամշակութացումն է: Այս բարբարոս բառը կը նշանակէ, որ մեր համայնքային հանրութեան կը պակսի մշակոյթով սնանելու, մշակոյթը ցանկալու, անկէ գոհունակութիւն զգալու, անով ապրելու ու ապրեցնելու փափաքը:
Երկարատեւ ու համբերատար աշխատանքի պէտք է լծուինք վերադարձնելու համար այն օրերը, երբ նոյն երեկոյեան մէկէ աւելի ներկայացումներ կը խաղցուէին լեցուն սրահներու մէջ, առանց որ տասնեակ անգամ կրկնուող ներկայացումներուն տոմս սպառեու մտահոգութիւն ունենային կազմակերպիչները:
Պէտք է վերադառնան այդ երանելի օրերը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ
