ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Հպանցիկ ակնարկ՝ մեր եկեղեցւոյ դէմ սադրանքներներու պատմութեան վրայ. – Գ.

12 Նոյեմբեր 2025

Լուսաւորչի կանթեղը հայ հաւատքի կարկառուն ու
անժխտելի ապացոյցներէն մէկն է,
որ կը յատկանշէ Մայր Աթոռը՝ Էջմիածինը:

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Յետոյ Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ)

Հայաստանի մէջ, համայնավար իշխանութիւններու օրերուն, եւ ընդհանրապէս խորհրդային կայսրութեան տարածքին, հակակրօնական եւ հակաեկեղեցական ընդհանուր մթնոլորտին, ապա նաեւ՝ գետնի վրայ անոր կիրարկման մասին ուրուագծային պատկեր մը ներկայացնելէ ետք (նոյն խորագիրին տակ մեր նախորդ երկու սիւնակները), եկէ՛ք, պահ մը կեդրոնանանք Եկեղեցին, այսինքն՝ Էջմիածնակեդրոն համակարգը քայքայելու ձգտող այլ կիրարկումներու վրայ, որոնք քիչ մը աւելի հեռու կ’երթան, քան «Ազատ եկեղեցի» ու Անաստուածներու միաւորներ ստեղծելու՝ կազմակերպակա՛ն հնարքները, ու այժմէն իսկ ընենք հաստատում մը. թէ՛ նախընթացները, եւ թէ այս սիւնակին մէջ պարզուելիք իրականութիւնները չունեցան վախճանական այն ելքը, որուն կը ձգտէին Հայաստանի համայնավար իշխանութիւններն ու զանոնք հովանաւորող կարմիր Մոսկուան: Տարբեր պէտք չէ ըլլայ այժմու արշաւներուն՝ թրքական ներշնչումով հովերուն վախճանը…:

Այլ խօսքով, այս սիւնակին մէջ, քաղուածքներ պիտի ընենք, «կազմակերպական»-է անդին՝ անհատ եկեղեցականներու օգտագործման պատմական իրականութիւններէն: Այս կալուածին մէջ ալ, ՉԵԿԱ կոչուած համակարգը եղած է գլխաւոր դերակատարն ու գետնի վրայ տնօրինումներ պարտադրողը, թուլամորթներ եւ ստրկամիտներ զինուորագրողը:

Դարձեալ պիտի պահպանենք հպանցիկ նշումներու ձեւը, որովհետեւ այլապէս, պէտք է երկար մէջբերումներ կատարենք մեր օգտագործած գլխաւոր աղբիւրէն(*), որ այլապէս մեզ կրնայ տանիլ պատմութեան անցած եւ մոռացութեան արժանի այնպիսի՛ պատահարներու, որոնք դուրս կը մնան մեր դիտարկումներու դաշտէն, եւ սակայն, օրին եւ տասնամեակներ շարունակ, ահաւոր փոթորիկներ ստեղծած են հայութեան կեանքին մէջ, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Անթիլիաս եւ այլուր: Դուրսերէն՝ համայնավարներու ծրագիրներով սարքուած այդ տագնապներուն թաքուն ծալքերը շատոնց բացայայտուած են եւ հայութեան քաղաքական դաշտին մէջ բարեբխատաբար ըստ բաւականին համերաշխութիւն ու համախոհութիւն հաստատուած է:

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐՈՒՄ

Այստեղ քաղուածաբար բերուած տեղեկութիւնները պէտք է դիտարկել գոնէ երկու մօտեցումով: Նախ այն, որ Հայաստանի մէջ Եկեղեցւոյ քայքայման դէմ պայքարող իշխանութիւնները անդրադարձած են, որ Եկեղեցին իր դերն ու հմայքը չէ կորսնցուցած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ԱԶԳը կը մնայ հաւատարիմ ԱԶԳԱՅԻ՛Ն եկեղեցիին, անկախ, թէ ո՛վ է զայկ կառավարողը, ինչպիսի՛ կամայականութիւններու եւ բռնադատութիւններու խաղալիք կը փորձեն դարձնել զայն: Երկրորդ, այս ենթապատկերը աչքի առջեւ ունենալ՝ երբ այսօր ականատես կ’ըլլանք «նոր հայրապետ» շարժումին, «Եկեղեցին ջուլանոցէ կամ չարչիական առեւտուրի վայր» յորջորջումներուն, կաթողիկոս եւ թեմական առաջնորդներ պախարակելու աղաղակող քաղաքականութեան, որոշ «դժգոհ» քահանաներ եւ հոգեւորականներ իրենց համակարգին դէմ հանելու՝ նմանա՛պէս աղաղակող փաստերուն, նաեւ սփիւռքեան որոշ շրջաններու մէջ կարգ մը հոգեւորականներու ցարդ «գաղջ» կեցուածքներուն, որ բարեբախտաբար չունի համակարգային տարողութիւն: Այս դրական վիճակին փաստը վերջին շրջանին արտայայտութիւն գտաւ մէկէ աւելի ապացոյցներով, որոնց շարքին՝ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւններուն կեցուածքները՝ Էջմիածինի կողքին, Արամ Ա. Կաթողիկոսին յաճախակի յայտարարութիւններն ու կոչերը՝ ուղղուած՝ իշխանութիւններուն, իսկ նորագոյնը՝ Էջմիածին մէջ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Գերագոյն խորհուրդի նստաշրջանէն բխած յայտարարութիւնը. անիկա սոսկական՝ Եկեղեցի-իշխանութիւն հակադրութենէ շատ աւելին էր, հայրենիքի ու ազգի, պատմութեան ու մշակոյթի պաշտպանութեան բաւական ամբողջական փաստաթուղթ էր, պիտի մնայ իբրեւ պատմական նորագոյն վաւերաթուղթ:

Կազմակերպական հարուածներու ուղեգիծին քովն ի վեր, Եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներու կեանքին մէջ անհատներու «որսորդութիւնը» կերտած է ի՛ր պատմութիւնը: Հայաստանի մէջ, եկեղեցւոյ բազմաթիւ ծառայողներ բռնադատութիւններու ենթարկուած են, տեղի ունեցած են սպանութիւններ (քահանայ մը սպաննուած է պատարագ մատուցելու պահուն), ուրիշներ անօթութեան մատնուած են եւ ստիպուած՝ ապրուստի այլ միջոցներու դիմած են, աքսորականներու թիւը կը մնայ անորոշ: Զուգահեռաբար, սակայն, եկեղեցւոյ ծառայողներու դիմաց բացուած է մե՜ծ դուռ մը. «Եկէ՛ք, դարձէ՛ք մեր գործակատարները եւ մենք կը շարունակենք ձեզ հոգալ, ոմանք ալ հասցնել բարձր պաշտօններու»:

ՕՐՈՒԱՆ «ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ»

Արձանագրենք քանի մը անուանի դաւաճաններու եւ գործակալներու անունները (Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսի այլօրինակ ժառանգորդները):

Պոլսոյ մէջ ունեցած ենք Պասմաճեան անունով հոգեւորական մը, որ եպիսկոպոս դառնալու համար, ընդունած է գործակցիլ իշխանութիւններուն հետ: Պաղտատի մէջ ունեցած ենք Ռուբէն Մանասեան անունով եպիսկոպոս մը, որուն փաստուած անբարոյութիւնները… ներուած են, արժանացած է «պաշտօնի բարձրացման»: Սպահանի մէջ գործած է Մեսրոպ Մովսէսեան անունով արքեպիսկոպոս մը, որ նմանապէս ընդունած է դառնալ ՉԵԿԱ-ի ծառայող մը, պայքարած է պարսկահայերու պատմութեան մէջ ոսկեայ տառերով արձանագրուած առաջնորդի մը՝ Ներսէս Մելիք-թանգեանի դէմ: Յունաստանի մէջ ՉԵԿԱ-ն «զինուորագրած» է Կարապետ Մազլմեան անունով եպիսկոպոս մը, որուն՝ կարմիրներուն մատուցած ծառայութիւններուն փաստերը ունենալով՝ յունական կառավարութիւնը տուած է արտաքսման որոշում (յետոյ յետս կոչուած՝ տարբեր պատճառներով): Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ ունեցած ենք Ղեւոնդ Դուրեան անունով եպիսկոպոս մը, որ սկզբնապէս եղած է Էջմիածինի դէմ կարմիրներու ճնշումներուն սուր քննադատ մը (ինչպէս այլ հոգեւորականներ եւ ազգային կուսակցութիւններ), սակայն յետոյ «ապաստանած» է Ամերիկա, դարձած է կարմիրներուն սերտ գործակից մը (Հայաստանի Եռագոյնին, Ցեղասպանութեան յիշատակման մերժումին ու նման՝ կարմիրներուն հաճոյակատարութեան երկար պատմութիւն մը կայ հոն, աւարտած՝ իր սպանութեամբ: Կրկնենք, մենք նպատակ չունինք մտնելու այդ օրերու անհաճոյ եւ դուրսէն սարքուած դէպքերու ծալքերուն ու վէճերուն մէջ մէջ): Ան մէկն էր «Ազատ եկեղեցի»-ի յարողներէն, որ նաեւ, ի շարս այլ «հերոսութիւններուն», ցնծութեամբ ողջունած է Էջմիածինի ընչազրկումը, ցարերու օրով կիրարկուած վարքագիծին կրկնութեան մէջ (եւ քայլ մըն ալ անդին անցնելով) տեսած է «եկեղեցին երկրաւոր, նիւթական կապանքներէ ձերբազատելու միջոց»…: Հայաստանի մէջ, պատմութիւնը արձանագրած է Բենիկ վարդապետի մը (որ կամաւորաբար ծառայած է կարմիրներուն), նաեւ Մելեան անունով եւ քանի մը այլ քահանաներու եւ աշխարհականներու անուններ, որոնք հարկադրաբար, սպառնալիքներու եւ շանթաժի ճամբով լծուած են նոյն սայլին: Պէտք ունի՞նք զուգահեռներ մատնանշելու այս օրերու իրադարձութիւններուն, ընդունելով հանդերձ, որ ամէն բան նոյնը չէ:

Յիշատակութեան արժանի դէպք մըն է 1932-ի կաթողիկոսական ընտրութիւնը: Գէորգ Սուրէնեանց պատմակերտ կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Աթոռը թափուր մնացած է երկու տարի: Ընտրութեան համար Էջմիածին երթալու պատրաստուող հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորներ իրենք զիրենք դէմ յանդիման գտած են յետաձգումներու, ստացած են պատգամներ, թէ ժողովի գումարման պարագային, պէտք է ընտրեն իշխանութիւններուն «ընտրեալը»: Այսօր ալ կարելի է հարց տալ, թէ համայնավար հակակրօն համակարգը ինչո՞ւ արտօնած է, ի վերջոյ, կաթողիկոսի ընտրութիւնը (այդպէսով ակամայ վկայելով որ նախորդ աւելի քան 10 տարիներու իր արշաւներն ու քաղաքականութիւնը մնացած են ապարդիւն), հետեւաբար թէ՛ օրին եւ թէ հետագայ դէպքերու հետեւողներու մտքին մէջ շեշտելով այն հարցումը, թէ Եկեղեցւոյ ինչպիսի՛ դերակատարութիւն պիտի վերապահուէր Խորէն եւ յաչորդ կաթողիկոսներու օրով: Ուսանելի կէտ է մասնակից եւ քուէ տուող պատգամաւորներու թիւը (60, ընդամէնը 130-ի վրայ. եղած են բացակայողներ եւ սպիտակ քուէ նետողներ): Աւելի պարզ խօսքով, իշխանաւորները կ’ուզէին – եւ որոշ ատեն մը, որոշ չափով յաջողեցան – Եկեղեցին վերածել «Տրովադայի ձի»ի, որուն միջոցով, պիտի փորձէին իրենց կարմիր ազդեցութիւնը տարածել գաղութներուն մէջ: Այսօր, ՔՊ-ական իշխանութիւնը տակաւին այդքան «չէ լիազօրուած», անոր թափանցումի ճիգը առաւելաբար քաղաքական-ժողովրդային սահմաններու մէջ է, իսկ այս իմաստով ՉԵԿԱ-ի դերը ձեւով մը վստահուած է Սփիւռքի յանձնակատարին եւ անոր հսկողութիւնը վայելող համակարգին, որոշ չափով ալ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն:

Ընտրութեան չեն մասնակցած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքութիւնները, Եգիպտոսի, Պարսկաստանի, Սուրիոյ պէս թեմեր, կարելի է վստահ ենթադրութիւն ընել, թէ ի՛նչ պատճառներով: Պատմութիւնը արձանագրած է, որ եթէ թեմակալ փոքրաթիւ առաջնորդներ դարձած են համայնավարներուն, այսինքն՝ ՉԵԿԱ-ին ուղղակի գործակալները, անդին, բազմաթիւ ուրիշներ մերժած են «արջու ծառայութիւն» ընել, պահպանած են Էջմիածինին իրենց հաւատարմութիւնը: Մի՛շտ ալ կարելի է հարց տալ, թէ այդ օրերուն, արդեօք Եկեղեցիէն ներս բարեկարգումներու հարցեր, պահանջ չկա՞ր, կամ արդեօք անցեալ դարերուն նման հարցեր չե՞ն ծագած: Պատասխանը յստակ է, սակայն նոյնքան եւ աւելի՛ յստակ է, որ Եկեղեցին, իբրեւ անկախ կառոյց եւ հաստատութիւն, առաւել կամ նուազ չափով իր հարցերը ի՛նք լուծած է, մինչեւ իսկ աղանդաւորական «փոթորկոտ» շարժումներ ի վերջոյ անցած-գացած են, իսկ Եկեղեցւոյ ԱԶԳԱՅԻՆ դերակատարութիւնը, այսինքն՝ պետական իշխանութեան լծորդի կամ, անոր բացակայութեան՝ այդ լուծն ալ իր ուսերուն վերցնելու գործը շարունակուած է ի շահ հայրենիքին ու ազգին: Այդ ճշմարտութեան իմացութիւնն է որ արտաքին թշնամիները, անոնք ըլլան ցարական, օսմանեան թէ համայնավար (չմոռնանք նաեւ հին դարերու դաւանաբանական տագնապները՝ Բիւզանդիոնի ու Հռոմի հետ) գլխաւոր թիրախի վերածած են ազգային այս կառոյցը, անկախ անկէ, թէ ո՛վ էր բազմած Աթոռին: Հիմա եղածը տարբեր չէ. բուն թիրախաւորողը դարձեալ մեր թշնամին է՝ թուրքն ու ազերին, ՔՊ-ական իշխանութիւնները ԿԱՄԱՒՈՐ եւ ՍԻՐԱՅՕԺԱՐ դարձած են անոնց ծրագիրներուն հետեւորդները, իրականացնողները, որքա՛ն ալ մերժեն ընդունիլ այդ դաւին իրենց մեղսակցութիւնը, ի՛նչ անուն ալ հագցնեն Եկեղեցւոյ դէմ իրենց արշաւներուն, զայն զինեն կաթողիկոսի կամ որոշ հոգեւորականներու ԱՆՁԵՐՈՒՆ ուղղուած սլաքներով ու նիզակներով:

Շինծու փոթորիկներու մթնոլորտին մէջ, 1932-ին ի վերջոյ կաթողիկոս ընտրուած է Խորէն Մուրատբեկեանը, որ ծանօթ էր ցարական իշխանութիւններու 1903-ի կամայականութեանց դէմ պայքարին մասնակցութեամբ (Խրիմեան Հայրիկի կողքին), իսկ խորհրդայիններու օրով՝ դէմ կանգնած է «Ազատ եկեղեցի»ին ու նման յելուզակութիւններու, յելուզակներո՛ւն: Այս կաթողիկոսին մասին վկայութիւններ կան, որ հարկադրաբար գործակցած է համայնավար իշխանութիւններուն հետ, մինչեւ իսկ անոր կը վերագրուին (յայտնապէս պարտադրաբար) բացասական քայլեր, սակայն ան շուտով շահած է «եղերաբախտ» տիտղոսը, որովհետեւ 1938-ին, կաթողիկոսարանի իր բնակավայրին մէջ խեղդամահ սպաննուած է իշխանաւորներու գործակալներուն ձեռքով: Տասնամեակներ ետք է որ անոր աճիւնները Գայիանէի վանքի գերեզմանատունէն փոխադրուած է Էջմիածին եւ այժմ կը ննջէ Խրիմեան Հայրիկի եւ այլ պատմակերտ կաթողիկոսներու կողքին:

Այս բոլոր խժդժութիւններուն՝ հալածանքներու, բռնադատութիւններու եւ սպանութիւններու հետեւանքով, հայութիւնը ահաւոր յուզումներ ապրած է օրին: Ուշագրաւ է, որ ներքին բեմին վրայ տեղի ունեցղ դէպքերը համատարած արձագանգ չեն գտած հայութեան մէջ, ներառեալ՝ արտասահմանը, ուր ՉԵԿԱ-ի սադրանքներով բաժանուածութիւնն ու պառակտումը շատ աւելի տիրապետող եւ ահաւոր հետեւանքներով յղի եղած են, քան Էջմիածինի գլխուն փաթթուած պատուհասները(**):

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս մեր այս սիւնակներու շարքին սկզբնաւորութեան նշեցինք, տագնապալի օրերու վրայ այս թռուցիկ ակնարկը կատարեցինք՝ մեր ընթերցողին եւ ընդհանրապէս մեր ազգակիցներուն յիշեցնելու դաժան իրականութիւններ, որոնք երբեմն կը սեպուին «անցած-գացած օրերու դէպքեր», արժանի՝ մոռացութեան: Ժամանակն ու նոր իրականութիւններ իսկապէս ալ եկած են փոշիի – հետեւաբար նաեւ մոռացութեան – որոշ շղարշ տարածելու այդ դէպքերուն վրայ: Սակայն ահա, Հայաստանի իշխանութիւններու հակաեկեղեցի արշաւը պատճառ կ’ըլլայ, որ այդ քողը մասամբ վերցնենք եւ փորձենք ցոյց տալ նմանութիւններ ու տարբերութիւններ (պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ խօսքը բացարձակապէս ճիշդ չէ, սակայն դէպքերու նմանութիւնը աղաղակող է. յաճախ կը խօսուի Անիի վաճառքի փաստին մասին):

Աւելորդ չենք նկատեր քանի մը իրականութիւն, փաստացի՛ իրականութիւն անգամ մը եւս արձանագրել:

Ա. Եկեղեցւոյ եւ անոր իշխանաւորներուն դէմ անցեալի հալածանքները եւ բռնադատութիւնները, միջամտութիւնները առաւելաբար դուրսէն եղած են, հիմա գլխաւոր դերակատարն է «ազգընտիր» կոչուած վարչապետն ու իր խումբը: Սա անիճելի ողբերգութիւն է: Ժամանակի հեռաւորութեան վրայ, այսօր շատ աւելի պարզ կը տեսնենք, որ անցեալին, ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ դէմ արշաւները, հալածանքները ուրկէ՛ խմած են իրենց ջուրը: ՔՊ-ականները մեր թշնամիներուն հաճոյանալու տենդով, փորած են հին ջրհորները եւ իրենց գործը կ’ոռոգեն վերաբխող ջուրերով:

Բ. Թէ՛ աղանդաւորական շարժումներու օրերուն, թէ՛ համայնավարներու մեքենայութիւններու փուլին, մեր Եկեղեցւոյ եւ անոր առաջնորդներուն դէմ արշաւները առերեւոյթ ունեցած են «բարեկարգչական» պատճառաբանութիւններ, սակայն ուշ կամ կանուխ, «բարեկարգիչներուն» դիմակները պատռուած են ու անոնք ի սպառ դուրս ինկած են մեր ժողովուրդի կեանքէն:

Գ. Ներկայ փուլին – հանգրուաններ կերտած փուլին -, իշխանաւորները կը վարեն շա՜տ աւելի վտանգաւոր եւ վնասարար քաղաքականութիւն. անոնք համայնավարներուն պէս յստակօրէն ու ճակատաբաց չեն հակադրուիր մեր Եկեղեցւոյ ու անոր առաջնորդներուն, այլ կը յաւակնին ըլլալ մեր Եկեղեցւոյ «սրտցաւ զաւակները»: Դժուար չէ տեսնելը՝ որ Եկեղեցւոյ եւ անոր սպասաւորներուն դէմ սաստկացող պայքարը ի՛նչ փուլերու կը զուգադիպի (նորագոյնը սկսաւ Արցախի եւ արցախցիներու իրաւունքներուն միջազգային բեմերու վրայ Կաթողիկոսի պաշտպանողականէն անմիջապէս ետք- ազերի կրօնապետի մը «կոչով»):

Դ. Այս պայքարը, անոր այսպէս կոչուած՝ գաղափարակա՛ն խորքը չի սահմանափակուիր միայն Եկեղեցիով. թիրախ են կուսակցութիւններ եւ ազգային մտածողութեան պաշտպաններ, Արցախի եւ մեր բոլոր հողերուն իրաւատիրութիւն ընողները: Եկեղեցւոյ դէմ պայքարի միջոցներէն մէկն ալ, ինչպէս համայնավարներու օրերուն, իբրեւ թէ «դժգոհ» եկեղեցականներու զինուորագրումն է իշխանութեան կողքին (այս կամ այն կարգալոյծ քահանային մատուցած չ-պատարագին ներկայութիւն ու նման խզումներու քաջալերանք, եւ այլն): Տեսանելի է, որ մեր ժողովուրդը, բացարձակ մեծամասնութիւնը աչքերը բացած է այս արտառոց իրականութիւններուն վրայ եւ պատրաստ է պաշտպանելու ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ, կանգնիլ անոր բարձրացուցած դրօշին տակ: Հարց կը մնայ, թէ ՔՊ-ականներու կողմէ Էջմիածինի վրայ ուղղակի յարձակում մը ինչպիսի՛ հակազդեցութիւն պիտի գտնէ գետնի վրայ (ոչինչ պէտք է խնայել ներքին բախումներ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, եւ անոր ամէնէն կարճ ճամբան՝ անյետաձգելի իշխանափոխութիւնն է, եւ ո՛չ թէ սպասել յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն…)

Անցեալ դարու 20-ական եւ 30-ական տարիներու բռնադատութիւնները միայն Եկեղեցիով չէին սահմանափակուած, այլ այդ մողոքին զոհ գացին հայրենասէրներ, ազգ ու մշակոյթ պաշտպանողներ, նոյնինքն մաքրակրօն համայնավարներ. Եղիշէ Չարենցն ու կարգ մը սերնդակիցներ Եկեղեցւոյ հետ առնչութիւն չունէին…: Այդ փուլը, շինծու ու ներածուած տագնապներու փուլը ահաւոր հետքեր ձգած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, անոնք այս կամ այն ձեւով զգալի են նաեւ այսօր (չմտանք ընկերային կալուածին՝ ընտանիք-արժէքի պահպանման դաշտը, որուն մասին համայնավարներու, կարգ մը աղանդաւորականներու եւ ՔՊ-ականներու «տեսութիւնները» ունին հասարակաց բազմաթիւ գիծեր): Այս օրերու դէպքերն ալ ծանր եւ երկարատեւ հետեւանքներ կը սպառնան: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր ժողովուրդին, մասնաւորաբար նորահաս սերունդին պէտք է խնայել նման արհաւիրք:

(*) «Հայ եկեղեցւոյ տագնապը եւ անոր պատասխանատուները», Ա. Պարտիզեան, Պոսթըն, «Հայրենիք» հրատարակութիւն, 1936:

(**) Ինչպէս նշեցինք նախապէս, առաւելաբար օգտագործած ենք յիշեալ հատորը, հիմնականին մէջ անոր առաջին բաժինը: Եթէ քաղուածը շարունակէինք, պէտք էր անդրադառնայինք «տագնապ»ին այն մանրամասնութիւններուն եւ զարգացումներուն, որոնք ծագած են Ղեւոնդ Դուրեան եպիսկուպոսի դերակատարութեան ու սպանութեան արձագանգներուն լոյսին տակ. անոնք կը պատկանին պատմութեան տխուր մէկ ժամանակաշրջանին, եւ ներկայի դէպքերուն ու անոնց միջեւ ուղղակի զուգորդութիւն չկայ բարեբախտաբար:

(վերջ)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հպանցիկ ակնարկ՝ մեր եկեղեցւոյ դէմ սադրանքներներու պատմութեան վրայ. – Ա.
Հպանցիկ ակնարկ՝ մեր եկեղեցւոյ դէմ սադրանքներներու պատմութեան վրայ. – Բ.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Սփիւռքի Տեսլական եւ Օրակարգ

Խաժակ Մկրտիչեան Ծ․Խ․- Սոյն գրութիւնը իբրեւ զեկոյց ներկայացուած է, Նիւ Ճըրզի

12 Նոյեմբեր 2025
Երանելի Օրերու Սպասումով…

Լիբանանի մէջ նախապատերազմեան մթնոլորտը հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ: Իսրայէլ

12 Նոյեմբեր 2025
Հպանցիկ ակնարկ՝ մեր եկեղեցւոյ դէմ սադր

Լուսաւորչի կանթեղը հայ հաւատքի կարկառուն ու անժխտելի ապացոյցներէն մէկն է, որ

12 Նոյեմբեր 2025
Թաքեր Կարլսոնը բացահայտում է Փաշինյանի

Յոթ տարի շարունակ Արևմուտքը լիովին հանդուրժել է վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին՝ թու

11 Նոյեմբեր 2025
Ակնարկ. Պայրամովն Ու Քաղաքապետական Ընտ

Նոյեմբերեան համաձայնութեան հնգամեակին առիթով բազմաթիւ եւ տարատեսակ մեկնաբանութ

11 Նոյեմբեր 2025
Պատերազմ, քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժ

Պատերազմ, քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամ. ինչպես է դժվարությունները հաղթահարու

11 Նոյեմբեր 2025
Եկեղեցու դեմ արշավը ծրագրված պայքար է

Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցու դեմ արշավը ծրագրված պայքար է մեր ազգային ինքնութ

09 Նոյեմբեր 2025
Տեղի է ունեցել Խաչիկ Տեր-Ղուկասյանի «Ս

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակում նոյեմբերի 7-

09 Նոյեմբեր 2025
Հպանցիկ ակնարկ՝ մեր եկեղեցւոյ դէմ սադր

Հոն՝ ուր Աստուած եկեղեցի մը կը կառուցէ, սատանան ալ կրնայ հոն տաճար մը կառուցե

08 Նոյեմբեր 2025
Երեւան-Ռիադ կապերը դուրս են գալիս խորհ

Սաուդյան Արաբիայի պաշտոնական պատվիրակության այցը Երեւան կարելի է դիտարկել որպե

08 Նոյեմբեր 2025
Ալիևը լավ գիտի, որ Սևանա լիճը հայկական

Օրերս Ադրբեջանի Գիտությունների ազգային ակադեմիայի 80-ամյակին նվիրված միջոցառմա

07 Նոյեմբեր 2025
Պրիւքսելէն Սեւանայ լիճ եւ անդին

“The truth only hurts when you want to believe a lie.” «Ճշմարտութիւնը ցաւ կը

07 Նոյեմբեր 2025
Գործ ունենք ուրացողի հետ

Նոյեմբերի 6-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ

07 Նոյեմբեր 2025
Նախիջևանը համաթուրանական եւ գլոբալ ծրա

Իչպես հայտնի է, 1921 թ. Մոսկվայի և Կարսի պայմանագրերով Հայաստանից ապօրինաբար օ

07 Նոյեմբեր 2025
Սա աղետ է, որը պատմական, քաղաքագիտական

Օրերս ԱԺ-ում ՔՊ-ական պատգամավոր Թագուհի Ղազարյանը «Շողակաթ» հեռուստաընկերությա

06 Նոյեմբեր 2025
Իշխանությունն ամեն գնով ուզում է հաղթե

Քարոզարշավը հոկտեմբերի 22-ից է սկսվել, բայց ՔՊ-ն` իրեն բնորոշ ոճով, վաղուց է բ

06 Նոյեմբեր 2025
ՀՅԴ ՀԵՄ ակցիան՝ կառավարության շենքի դի

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միության անդամներն այսօր, նոյեմբերի 6-ին ակցիա են

06 Նոյեմբեր 2025
Փանթուրանիզմ. Հայը Եւ Միւսները

Մտածե՛լ վաղորդայններու մասին, նայի՛լ մաշեցնող վէճերէ եւ պայքարներէ անդին: Այս

06 Նոյեմբեր 2025
Որպէսզի յաղթահարւի ազգակործան սպառնալի

Որեւէ երկրի ազգային թէ՛ պետական կայունութիւնը կամ անկայունութիւնն պայմանաւորւա

06 Նոյեմբեր 2025
Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 1

ՀՕՄի խորհրդաժողովին մասնակցողները Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115ամե

06 Նոյեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company