Մարդ մը, Որ Արարատ Չունի Իր Հոգւոյն Խորը
13 Նոյեմբեր 2025 ԱՍՏ ԿԸ ՀԱՆԳՉԻՆ ՀԻՒԱՆԴ ՈՍԿՈՐՆԵՐԸ...
Վազգեն Շուշանյան
(Հատուած)
Ատելութիւնը, որ պորտիդ եօթը կարելի սերունդներովդ պիտի տանիս, մինչեւ մահդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ, ատելութիւն մըն է ուղղուած առողջութեան դէմ, -կեանքի եւ զգացումներու, գաղափարներու եւ խոյանքներու։ Զարհուրելիօրէն կը վախնաս մահէն, որովհետեւ մաքուր չէ ակնարկդ, որովհետեւ մահը ի քեզ է արդեն։ Ու կը զգաս, որ ան գարշ կը հոտի։ Երբեք էութիւնդ չէ զգացած, թէ ուրիշ մահ մը կայ, քիչ մը տրտում՝ ինչպէս բոլոր հրաժեշտները, այլ քիչ մը քաղցր նաեւ։ Վերջին ակնարկի մը մէջ ՝ կապտել երկրին գեղեցկութիւնը ու ժպտիլ օրուան, որ կը հանգչի։ Պիտի ծաղկին ու պիտի ծաղկին մեր երկրին յորդակոհակ ջրերը ու մեր ճամբաներէն ուրիշ հրաշք տղաք պիտի ելլեն՝ արշավելու համար դէպի սէրը։ Սիրով ու յաղթութեամբ բաբախուն գրքեր պիտի գրուին ու մեր կեանքը աշխարհին մէջ պիտի թաւալի վերստին նոր՛ որոտումներով, նո՛ր ալեկոծութիւններով։
Ո՞վ եմ ես ու ո՞վ ես դուն՝ Հայոց պատմութեան ու դարերուն դիմաց։ Ո՞վ եմ ես ու ո՞վ ես դուն՝ մեր դարաւոր ճիգին ու դարաւոր տառապանքին դիմաց։ Հակառակ, որ փոքր է մեր ածուն, հզոր գործեր կատարւած են նաեւ մեր աշխարհին մէջ։ Ու քու եղկելի կշիռդ՝ երբեւիցէ չի կրնար յաւակնութիւնը ունենալ մեզ չափելու եւ պակաս գտնելու։ Մարդը մեծ կրնայ ըլլալ միայն՝ երբ կը քալէ ճակատէն, առաջինը՝ ընդունելով բոլոր բեռերն ու բոլոր պատասխանատուութիւնները։ Առաջինը՝ ընդունելով ծառայութեան բոսոր դրօշակը։ Այսպես կը բարձրանան դէպի աստղերը, կ՝ըսէ լատինական առածը։ Մարդը մեծ կրնայ ըլլալ միայն՝ խոնարհելով իր սլացիկ հասակը՝ տառապանքին վրայ, ճակատելով մահը՝ խրոխտ հպարտութեամբ մը, ի խնդիր ազատութեան։ Մարդը մեծ կրնայ ըլլալ միայն՝ երբ բարձր կը բռնէ արուեստին ու արդարութեան դրօշակը։ Դուն մարդ մը եղար, որ դրօշակ չունէր։ Մահդ լոկ արկած մը պիտի ըլլայ, վասնզի կը զգամ, որ մեռած ես արդէն։ Ու թաղած եմ քեզ հոգւոյս խորը ու գրած տապանաքարիդ վրայ, – Աստ կը հանգչին ոսկորները հիւանդ հայու մը, որ Արարատ չունէր իր հոգւոյն խորը։
ՄԱՐԴ ՄԸ, ՈՐ ԱՐԱՐԱՏ ՉՈՒՆԻ ԻՐ ՀՈԳՒՈՅՆ ԽՈՐԸ, ՊԷՅՐՈՒԹ 1998, ԷՋ 172-173։
