34-րդ Ընդհ. Ժողով. Դիլիջան, 2022

ՀՅԴ երեսունչորրորդ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցած է 2022 թուականի Փետրուար 28-9 Մարտ, Դիլիջան, Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ ժամանած 100 պատգամաւորներ քննարկեցին և արժևորեցին համահայկական կառոյցի հաշուետու ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը, ուղենշեցին ՀՅԴ յառաջիկայ քառամեակի ռազմավարութիւնը՝ որդեգրելով քաղաքական գործունէութեան առաջնահերթութիւններն ու հիմնական ուղղութիւնները։

Ժողովը արձանագրեց, որ.

•Ողջ հայութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները, յայտնուած են մեր նորագոյն պատմութեան ճակատագրական փուլի մը մէջ, որ աննախադէպ սպառնալիքներ ստեղծած է Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան համար։

•ՀՀ իշխանութիւններու որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը, արտաքին եւ ներքին ճակատներու վրայ յառաջացած մարտահրաւէրներուն անհամարժէք արձագանգն ու սխալ գործողութիւնները յանգեցուցած են 44-օրեայ աղէտալի և կորստաբեր պատերազմի՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն համար ստեղծելով լինելիութեան վտանգ։

•ՀՀ իշխանութիւնները խորացուցած են ներազգային պառակտումներն ու ջրբաժանները, որոնք կ’ուղեկցուին քաղաքական հետապնդումներով, բանտարկութիւններով եւ ճնշումներով։ Փլուզուած է Հայաստանի անվտանգային ողջ համակարգը, կը կազմաքանդուին պետական և ժողովրդավարական կառոյցները։

•Սփիւռքը բազմաթիւ աշխարհաքաղաքական, տնտեսական, ընկերային պայմաններով թելադրուած, համազգային պառակտման եւ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն եւ յետպատերազմեան զարգացումներէն ետք կը գտնուի յուսալքութեան, ահռելի դժուարութիւններ յաղթահարելու եւ ելքերու փնտռտուքի փուլին մէջ, զոր պէտք է հունաւորել ու արդիւնաւորել։

•Տարածաշրջանէն ներս աշխոյժացած է թուրք-ադրբէյջանական երկեակը, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները դադրած են Արցախի Հանրապետութեան և արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալէ։

ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը հաստատեց, որ.

•Ստեղծուած իրավիճակը և հայկական զոյգ պետութիւններու վտանգուած հեռանկարը կարելի է բեկել հայ ժողովուրդի վճռական կամքով, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնական ներուժով։

•Հայութեան ներուժի, ազգային արժէքներու նահանջի պայմաններու տակ Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է ստանձնել ազգային նպատակներ բանաձևողի, ապազգային իշխանութիւնները երկրի ղեկավարումէն հեռացնելու գործընթացի որոշիչ դերակատարութիւնը։

•Սփիւռքը իբրեւ գլխաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան ծնունդ, Արեւմտահայաստանի կորուստի արդիւնք եւ արեւմտահայերէնի պահպանման կռուան՝ ռազմավարական նշանակութիւն ունի հայութեան մղած պայքարին համար: Անհրաժեշտ է նոր աւիւն ներարկել Սփիւռքի կազմակերպման գործի եւ համահայկական քաղաքական նպատակներու իրականացման պայքարին։

•Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հնարաւոր հաստատումը չի կրնար ըլլալ ի հաշիւ Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւական եւ անժամանցելի իրաւունքներուն:

•Արցախի մէջ ստեղծուած նոր կացութիւնը անհրաժեշտութիւն կը յառաջացնէ պայքարի նոր մօտեցումներու եւ ռազմավարութեան որդեգրման՝ մեկնակէտ ունենալով արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իրացումը։

•ՀՅԴ-ն իր ողջ ներուժով, համահայկական կառոյցի կարողականութեամբ և նուիրումով ձեռնամուխ պիտի ըլլայ Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, կայունութեան ու զարգացման ապահովման եւ ժողովրդի կենսամակարդակի բարձրացման ու ընկերային արդարութեան հաստատման աշխատանքներուն։

•ՀՅԴ-ն հաւատարիմ Հայ Դատի պայքարին՝ հանդէս պիտի գայ որեւէ գործընթացի դէմ, որ կը հակասէ 1990 թ. Օգոստոս 23-ին ընդունուած ՀՀ Անկախութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հրապարկուած Համահայկական Հռչակագրերուն։

•Ապազգային քաղաքականութիւն վարող և երկրին ծանր կորուստներ պատճառած իշխանութիւններու հեռացումը առաջնահերթ օրակարգ է և կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ ընդլայնել հունաւորուող ազգային դիմադրութեան շարժումը:

ՀՅԴ-ն իր համահայկական կառոյցով եւ համակիրներու աջակցութեամբ վճռական է իրականացնելու որդեգրած ուղեգիծն ու ռազմավարութիւնը։

ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողով
8 Մարտ, 2022

-Տեսադարան

-Լուսանկարներ

-Այցելութիւն Եռաբլուր՝ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին

-Տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի պաշտօնական բացումը

-ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ելոյթը

-ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի ելոյթը

-Ամերիկահայ բարերար Մայք Սարեանը յաջողություն մաղթած է ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներուն

-Դաշնակցութիւնը ուժեղ է իր աջակիցներով. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

-ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները

-ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի յայտարարութիւնը

-Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի անդամներուն

-ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի մամլոյ ասուլիսը