Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար Թ. հատոր Երուանդ Փամպուքեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Պէյրութ 2012

Յառաջաբան

«ՆԻՒԹԵՐ»ու Իններորդ այս հատորին բովանդակութիւնը որոշ իմաստով տարաբնոյթ է: Ան նուիրուած է առանձնակի երեք տարբեր խնդիրներու, որոնք երեւութապէս աղերսակից չըլլալով հանդերձ՝ մաս կը կազմեն Հ. Յ. Դաշնակցութեան վարած ու ու տարբեր ճակատներու վրայ մղած միեւնոյն ազատագրական պայքարին, քաղաքական ըլլայ ան թէ մարտական, ընկերային ուղղուածութեան կնիք կրէ ան թէ մշակութային բովանդակութեան նկարագիր:

Այդ խնդիրներէն առաջին երկուքը, ա) Պարսկաստանի սահմանադրական շարժումները եւ բ) Կովկասն ու Դաշնակցութեան դէմ ցարական իշխանութիւններու ձեռնարկած լայնածաւալ հալածանքները – խորքին մէջ լրացումը կը կազմեն «ՆԻՒԹԵՐ»ու Ութերորդ հատորին, որ նուիրուած էր Հ.Յ.Դ. Վեցերորդ Ընդհ. Ժողովին եւ կազմակերպական շրջաններու 1909-1911 թուականներուն ունեցած գործունէութեան. եւ սակայն նշեալ հատորի ստացած ծաւալին հետեւանքով (շուրջ 500 էջ), յարմար նկատուած էր ստուար նիւթը վերապահել յաջորդ հատորի մը: Իսկ երրորդ բաժինը նուիրուած Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւններուն՝ ինքնին նորութիւն է եւ նոր էջեր կը բանայ եւրոպական միջավայրի մէջ ուսանող երիտասարդութեան բերած մասնակցութեան հայ ազատագրական պայքարին*:

*հատուած

559 էջ Ներբեռնել