Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար Բ. հատոր Հրաչ Տասնապետեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Պէյրութ 1973

ՆԻՒԹԵՐ Հ.Յ.Դ. ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ շարքի ներկայ Բ. հատորը ամբողջութեամբ յատկացուած պիտի ըլլայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան առաջին 3 Ընդհանուր Ժողովներուն (1892, 1898, 1904), ինչպէս նաեւ մինչեւ 1906 գումարուած Արեւելեան (Կովկասեան) Ռայոնական ժողովներուն վերաբերեալ փաստաթուղթերու հրատարակութեան: Ժողովական արձանագրութիւններէն եւ որոշումներէն դուրս, պիտի տանք նաեւ ներկայիս մեր տրամադրութեան տակ գտնուող այն բոլոր գրութիւնները, շրջաբերականներ, յայտարարագրերը, – օրին տպագրուած կամ ոչ, – որոնք այս կամ այն ձեւով աղերս ունին այդ ժողովներուն կամ անոնցմէ բխած մարմիններու գործունէութեան հետ: Կարգ մը ժողովներու կապակցութեամբ, պիտի հրատարակուին նաեւ ցարական Օխրանայի արխիւներէն քաղուած փաստաթուղթեր:

Ժողովներու եւ յարակից գործունէութեան այս շարքին մէջ անհրառեշտաբար տեղ պիտի գտնեն տակաւին՝ 2րդ. Ընդհ. Ժողովին կողմէ հաստատուած Դաշնակցութեան Կամքը ներկայացնող Մարմնին եւ 3րդ. Ընդհ. Ժողովէն ետք (Սոֆիա, 1904 Յունուար-Փետրւար) կեանքի կոչուած Դաշնակցութեան Խորհուրդին վերաբերալ կարգ մը նիւթեր: Վերոյիշեալ մարմինները, Ընդհ. Ժողովներուն միջեւ, թաստօրէն ամենազօր վարիչ հաստատութիւններն էին Հ. Յ. Դաշնակցութեան: Ինչ որ Կեդրոնական Դիւանին մէջ մնացած է անոնց ժողովական արձանագրութիւններէն՝ հետագային ամբողջական կերպով կու տանք այլ հատորով մը, երբ հրատարակուին Բիւրօներու եւ Պատասխանատու Մարմիններու վերաբերալ թուղթերը:

Անկախ Ընդհ. Ժողովներու որոշումներու գրքոյկներէն եւ օրին առանձին հրատարակութեան արժանացած «Հ. Յ. Դ. Ծրագիր»ներէն, «Կովկասեան Նախագիծ»էն եւ կարգ մը այլ յայտարարգրերէ, 1895-98ի Կովկասեան Ռայոնական ժողովներու եւ Հ. Յ. Դ. 2րդ. Ընդհ. Ժողովին վերաբերալ կարգ մը արձանագրութիւններ լոյս տեսած են արդէն ԴԻՒԱՆ Հ.Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ երկհատոր շարքին մէջ: Պիտի տանք սակայն վերստին՝ ապահովելու համար ներկայ հատորի նիւթին ամբողջականութիւնը*:

Հրաչ Տասնապետեան
*հատուած Ներածականէն

396 էջ Ներբեռնել