Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար Դ. հատոր Հրաչ Տասնապետեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Պէյրութ 1982

Ա- ԼԻԱԶՕՐԱԳԻՐՆԵՐ, ՅԱՐԱԿԻՑ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹԵՐ: Վերջինները, ընդհանրապէս, պատգամաւորներու կողմէ Ընդհանուր Ժողովի դիւանին անհատապէս թէ խմբովին ներկայացուած առաջարկներ կամ բանաձեւերու նախագիծներ են: Նամակները ուղղուած են Ընդհանուր Ժողովին կամ Բիւրոներուն, երբեմեն նաեւ դիւանին կողմէ՝ ուրիշներու: Նամակներէն երկուքը կը պատկանին Գէորգ Չաւուշի գրչին եւ կը կարծենք, որ «Դրօշակ»ներուն մէջ օրին լոյս տեսած իր «Ինքնակենսագրութենէն» ետք, Սասնոյ առասպելական հերոսին կողմէ գրուած առաջին նամակներն են, որ հրատարակութեան կ’արժանանան: Թերեւս նաեւ՝ իրմէ մնացած միա՛կ երկու գրութիւնները:

Բ-ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐ ԵՒ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ բաժինը կը գրաւէ հատորի մեծագոյն մասը: Ընդհանուր Ժողովի նիստերուն ընթացքին տեղեկագրի ընթերցման կամ զեկուցման կարգին հետեւելով (տե՛ս ՆԻՒԹԵՐ, Գ. հատոր, Էջ 349-352), յաջորդաբար տրւած ենք այն բոլոր գրութիւնները, որ կը գտնուին համապատասխան թղթածրարներուն մէջ, – Լեռնապար, Դուրան-Բարձրաւանդակ, Արեւմտեան Բիւրօ եւ արտասահմանեան քարոզչութեան վերաբերեալ Լորիս Մելիքեանի տեղեկագիր (1904-1906 տարիներու Հայ Դատի աշխատանքները), Պալքանեան շրջան, Ամերիկեա, Ցուցական մարմնի տեղեկագիրը՝ Սուլթանի ահաբեկման գործին մասին, Վասպուրական, Վրէժ (Ատրպատական), Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի Ուսանողական Միութիւններ, Ապառաժ (Ղարաբաղ), Այգեստան (Գանձակ), Ժլատ (Հիւսիսային Կովկաս) եւ Նալբանդ (Նոր Նախիջեւան)*:

Հրաչ Տասնապետեան
*հատուած

384 էջ Ներբեռնել