Քրիստափոր Միքայէլեանի Անտիպ Նամակները Երվանդ Փամբուկյան ՎԷՄ Երեվան 2020

Ներկայ հատորով հրատարակուող անտիպ նամակները շարունակութիւնն են Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրութեամբ Պէյրութի մէջ 1993 թ. հրատարակուած Հ.Յ.Դ. հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի «Նամականի»ին։

Քրիստափորի անտիպներէն բաղկացած այս նոր ժողովածուն կազմած Երուանդ Փամպուքեանը նպատակ ունի հնարաւորինս ամբողջացնել Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոսթընի Կեդրոնական արխիւին մէջ պահուող Հ.Յ.Դ. անուանի առաջնորդին (1859-1905) նամակներն ու այլ ձեռագիր գրութիւնները եւ իր աւարտին հասցնել անոնց տպագրութեան գործը։

Հատորը նախատեսուած է մասնագէտ պատմաբաններու եւ Հ.Յ.Դ. պատմութեամբ հետաքրքրուող լայն հասարակութեան համար։

Հատորը նուիրուած է Քրիստափոր Միքայէլեանի ծննդեան 160-ամեակին:

Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները/ Հրատարակութեան պատրաստութիւն, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւններ՝ Երուանդ Փամպուքեանի։
ՎԷՄ Մատենաշար Թիւ 2
«Լուսակն» հրատ.

352 Ներբեռնել