18-րդ (Ժ.Ը.) Ընդհ. ժողով. Բեյրութ, 1963

ՀՅԴ տասնութերորդ Ընդհանուր ժողովը տեղի է ունեցել 1963 թվականի հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներին՝ Բեյրութում, Լիբանան։

73 տարեկան է Հ.Յ.Դ. այսօր:

73 տարի առաջ ծնունդ առաւ, անհայրենիք, դարերու բռնակալ տիրապետութեանց ազդեցութեան տակ տժգունած դիմագծով ազգի մը ներքին պահանջին ու մղումներուն որպէս արդիւնք, ծնաւ որպէս Սասունցի Դաւիթ:

73 տարի է ահա Հ.Յ.Դ.ը կը մարմնաւորէ Հայ ժողովուրդի կամքը:

Հատուածները և յարանուանութիւները կը բաժնէին Հայը, Հ.Յ.Դ.ը միացուց, մէկ և ամբողջական ազգի ըմբռնումի աւազանին մէջ:

Բռնակալները հարուածեցին, քայքայեցին էութիւնը ազգին, Հ.Յ.Դ.ը պանծալի աւանդութեանց վերկենդանացումը եղաւ ու վերականգնեց հայ ժողովուրդի խիզախող ոգին:

Ստրուկի հոգեբանութիւնը տեղաւորուած էր հոգիներոն մէջ՝ Ազատութիւնը դարձաւ տենչանք, Հ.Յ.Դ.եան անոր համար թափած արեան շնորհիւ:

Ոչ մէկ տեղ, և ոչ մէկ ձեւի տակ Հայաստան կար. Հայ ժողովուրդի զոհաբերումով, Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ եղաւ անկախ և ազատ Հայաստան:

Եւ այսօր, հոգ չէ թէ անազատ պայմաններու մէջ, զրկուած անկախութիւնէ և իր հողերու մեծ մասէն, կայ Հայաստանը և Հայ ժողովուրդը:

Տառապած և տառապող ժողովուրդ մը՝ օտարամուտ վարդապետութեան մը և տիրապետութեան մը լուծին տակ. զրկուած ազատօրէն արտայայտելու հիմնական իրաւունքէն անգամ:

Անդին, Հայ ժողովուրդի քրտինքով ու արիւնով բերրիացած հողեր՝  դատարկուած իրենց բնակչութիւնէն, ամայացած, քաղաքակրթութեան անհաղորդ բռնկալութեան մը լուծին տակ:

Ծով մը արիւն և զոհաբերութիւն՝ անվճար մնացած:

Արդար ու անկապտելի դատ մը՝ միջազգային ատեաններու կողմէ մոռացութեան տրուած:

Աշխարհացրիւ ժողովուրդ մը՝ յաւիտեանս պահանջատէր իր մայր հայրենիքի ազատութեան, անկախութեան, և անոր գերի տարուած հողերու ազատագրումին:

Կայ նաեւ Հայ ժողովուրդի կամքը՝ Հ.Յ.Դ.ը:

Աւարտեցաւ Հ.Յ.Դ.եան 18րդ Ընդհանուր ժողովը. Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ անկիւնադարձ մը եղող, վերանորոգ Ընդհանուր Ժողովը, որմէ Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ ամրապնդուած, կուռ, անքակտելիօրէն միակամ. մէկ ձգտումով՝ Հայ ժողովուրդի և իր հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը. մէկ գործելակերպով՝ Հ.Յ.Դ.եան շարքերուն անսակարկ նւիրումն ու զոհաբերումը, այդ դատի իրականացման համար:

Հ.Յ.Դ.եան 18րդ ընդհանուր ժողովը կոչ կ’ուղղէ Համայն Հայութեան, միաձուլուելու դառնալւո մէկ ու միակ ձգտումի մը իրականացումին նուիրուած անընկճելի կամք:

Ողջոյնի խօսք կ’ուղղենք Հայաստանի հողին վրայ քրտինք թափող, դժուարութիւններու դիմաց աննկուն մնացած, հայուն դարաւոր երազն ու հաւատքը անմար պահած հայոց ժողովուրդին:

Կոչ կ’ուղղենք համայն աշխարհի ազատ ազգերուն, որքան ատեն որ գոյութիւն ունի մէկ հատիկ իսկ ազգ չազատագրուած, լրիւ չի ըլլար ազատութիւնը աշխարհի, և պատրանք է խաղաղութիւնը: Ազատութիւնը մենաշնորհը պէտք չէ ըլլայ մեծերուն և ուժեղներուն, այլ իրաւունքը բոլորին: Պարտք մը ունին վճարելիք աշխարհի անազատ ազգերուն, բոլոր ազատ ազգերը. և անոնց կարգին նաեւ Հայոց ազգին: Հիմնաւորելու համար ձեր իսկ ազատութիւնը, պարտաւոր էք տէր կանգնիլ փոքր ազգերու ազատութեան դատին:

Կոչ կ’ուղղենք նաեւ անազատ աշխարհի գերեվարեալ ազգերուն: Պարտուած են փոքրերը եթէ առանձին ներկայանան աշխարհի մեծերուն: Միացէք բոլորդ, միացուցէք բոլոր անազատ ազգերը, և հետապնդեցէք մէկ եւ միակ դատ մը՝ բոլոր ժողովուրդներուն ինքնիշխան ապրելուի րաւունքին դատը:

Երախտագիտութեան խօսք կ’ուղղենք բոլոր այն ազգերուն, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի երկիրներուն, որոնք հիւրընկալած են Հայ ժողովուրդը, տասնամեակներէ ի վեր, եղբայրօրէն գուրգուրացած անոր վրայ և տուած անոր քաղաքացիական ամէն իրաւունք: Երախտամոօ չէ եղած, և չի կրնար ըլլալ Հայ Ժողովուրդը, անհեթեթ է այդ ուղղութեամբ հայութեան հասցէին նետուած ամէն մեղադրանք:

Հայ ժողովուրդը ապրտաւորութիւնը ունի գուրգուրալու իր երկրորդ հայրենիքի ազատութեան, անկախութեան, և ժողովուրդի տնտեսական վիճակի բարելաւման գործին վրայ որն ալ որ ըլլայ այդ հայրենիքը: Հայ ժողովուրդը միշտ եղած է և պարտաւոր է շարունակել ըլլալ օրինապահ ու հաւատարիմ քաղաքացի: Այդ երկիրները մեր ժողվոուրդի երկրորդ հայրենիքն են ե՛ւ լաւ ե՛ւ դժուարութիւններով լի օրերուն համար:

Եւ վերջապէս, կոչ կ’ընենք բոլոր դաշնակցականներուն, արտացոլել Հ.Յ.Դ.եան նուիրումն ու զոհաբերումը Հայ ժողովուրդի շահերուն և հայ դատի իրականցման գործին. դառնալ միակամ, միաձոյլ պողպատ, այնպէս ինչպէս 18րդ Ընդհանուր Ժողովը եղաւ. անխաախտ պահել հաւատքը դէպի լուսաւոր ապագան և անսակարկ ծառայել Հայ ժողովուրդին:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
ԺԸ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ