Ազդակ. ՀՅԴ 125 ամեակ
«Ազդակ»
Պէյրութ
2015
Ներբեռնել
«Միայն այն փաստը, որ 19-րդ դարուն հիմնադրուած, եւ 20-էն անցնելով 21-րդ դարուն իր գործունէութեան նոր դաշտեր, նոր հունաւորում եւ նոր մեթոտաբանութիւն ապահոված կազմակերպութիւն է մեր կուսակցութիւնը, կը բաւէ շրջելու այն կարծրատիպը, որով փորձ կը կատարուի Դաշնակցութիւնը ներկայացնելու իբրեւ պատմութեան անցած արժէք։
Այո՛, անշուշտ պատմական արժէք է Դաշնակցութիւնը։ Բայց պատմական արժէք դաւանիլը եւ այնտեղ կանգնիլը պարզապէս նսեմացնել է Դաշնակցութեան արժէքը։ Ըսել կ’ուզուի այդպիսով, որ Դաշնակցութիւնը ստեղծուած է պատմական ճիշդ պահուն, որ Դաշնակցութիւնը կատարած է իր պատմական առաքելութիւնը, ընդհուպ մինչեւ դարձած է Հանրապետակերտ կուսակցութիւն։ Այստեղ կանգ առնելը անուղղակիօրէն հաստատել է, որ Դաշնակցութիւնը աւարտած է իր պատմական առաքելութիւնը»։
Հատուած Խմբագրականէն
152 էջ