
Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (Armenian Relief Society), կանանց անկախ բարեգործական կազմակերպութիւն:
ՄԱԿ-ի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հասարակական լրատւութեան բաժնի անդամ:
17 երկիրներու մէջ ունի մասնաճիւղեր՝ աւելի քան 16 հազար անդամով:
Հիմնադրուած է 1909 թուականին, Դաշնակցական գործիչ Է. Ակնունիի (Խ. Մալումեան) ջանքերով, Ա.Մ.Ն.-ի հայ կանանց տարբեր կազմակերպութիւններու միաւորմամբ, «Դաշնակցութեան Կարմի Խաչի» մէջ:

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.) ոչ կառավարական կազմակերպութիւն է, որ կը գործէ սկաուտական եւ մարզական թեւերով:
Հիմնադրուած է 1918 թուականին, Կ. Պոլիս:
Աշխարհի 5 մայր ցամաքամասի 24 երկիրներու մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ունի 108 մասնաճիւղ եւ միաւոր:
Միութեան Հայաստանի միաւորը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ը կը ներկայացնէ Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժումը եւ իբրեւ այդպիսին՝ անդամ է Համաշխարհային Սկաուտական շարժման:

28 Մայիս 1928-ին, ինը մտաւորականներէ բաղկացած խումբ մը, որոնց մէջ էր գրող եւ մանկավարժ Լեւոն Շանթը, պատմաբան ու քննադատ Նիկոլ Աղբալեանը, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վարչապետ Համօ Օհանջանեանը, բեմադրոչ ու արուեստի քննադատ Գասպար Իփէկեանը, Գահիրէի մէջ հիմնեցին «Համազգային Հրատարակչական ու Մշակութային Ընկերակցութիւնը»:
Համազգայինը շահ չհետապնդող կազմակերպութիւն է: Այժմ կը գործէ «Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն» պաշտօնական անունով:
