Համօ Օհանջանեան - Համօ Մհերեան

31 Հուլիս , 1947

Ծնած՝ Ախալքալաք: Կ’աւարտէ Թիֆլիսի պետական վարժարանը. բժշկութիւն կ’ուսանի Զուիցերիա եւ Մոսկուա:
Բժիշկ, հանրային-կուսակցական գործիչ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Համազգայինի հիմնադիրներէն:

Կովկասի մէջ կը կազմակերպէ «Յառաջ» թերթի հրատարակութիւնը: Թելաւի մէջ կը կազմէ դաշնացական Կարմիր Խաչի մասնաճիւղ, Լեւոն Թադէոսեանի հետ միատեղ, 1898ին: Ցարական հալածանքներու ժամանակ, ռուս ոստիկանութեան կողմէ կը ձերբակալուի ու կ’աքսորուի Սիպերիա:

1915ին ազատ արձակուելէ ետք, կը փութայ ազատագրուած Վան, բժկա-խնամատարական իր խումբով. Նահանջին, իր խնամատարութեան գործը կը շարունակէ Էջմիածնի մէջ, ուր հաւաքուած էր արեւմտահայ գաղթականութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին՝ վարչապետ:
Կը մահանայ Գահիրէ, Եգիպրոս, 74 տարեկանին:

-«Մեծ Դաշնակցականը՝ որ «ապրեցաւ, ինչպէս քարոզեց»»-Ն.