Պանք Օթոմանի գրաւումը
14 Օգոստոս , 1896
Սասնոյ առաջին ապստամբութեան անյաջողութիւնը, 1895-1896ի ջարդերուն պատճառած յուսալքութիւնը, հակազդեցութեան դիմելու զօրաւոր տրամադրութիւններ կը ստեղծեն Հ.Յ. Դաշնակցութեան ղեկավարութեան մօտ:
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյի եւ կուսակցական կարգ մը մարմիններու համաձայնութեամբ, Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէն կը նախաձեռնէ Պանք Օթոմանի գրաւումը: Ձեռնարկին նպատակն էր նախ ցնցիչ հարուած տալ օսմանեան պետութեան, յետոյ վնասել Թուրքիոյ մէջ եւրոպական դրամագլուխին ու ստիպել արեւմտեան պետութիւնները միջամտելու ի նպաստ Հայկական Հարցին եւ հայկական գաւառներու մէջ բարենորոգումներուն:
Օգոստոս 14, 1896ին, 26 դաշնակցական անձնուրացներ զէնքի ուժով կը գրաւեն Պոլսոյ օսմանեան դրամատունը, 24 ժամ զայն կը պահեն իրենց հակակշռին տակ, միաժամանակ կը սպառնան՝ անձնակազմին հետ միատեղ, զայն ուժանակով պայթեցնել, եթէ Սուլթանը անմիջապէս չդադարեցնէ հայկական կոտորածները:
Եւրոպական պետութիւններու դեսպանները անմիջապէս բանակցութեան կը սկսին յեղափոխականներուն հետ: Անոնք կը խոստանան իրենց կարելին ընել՝ յեղափոխականներու պահանջին գոհացում տալու: Այս մասին Ռուսիոյ դեսպանին տուած երաշխաւորութեան վրայ դաշնակցական մարտիկները Պանք Օթոմանէն դուրս կու գան եւ ֆրանսական նաւով կը տարուին Ֆրանսա, կը բանտարկուին, ապա կարճ ժամանակ ետք ազատ կ’արձակուին:
Ձեռնարկին ոգին համարուող Բաբգէն Սիւնիին հետ այս գործին գլխաւոր կազմակերպիչները կ’ըլլան Արմէն Գարօ, Հրաչ, Վռամեան, Վարդգէս Սերէնկիւլեան, Սարգիս Միանսեան եւ Պասքալ: Այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը Հ.Յ. Դաշնակցութեան յարձակողական առաջին ձեռնարկը կ’ըլլայ:
Դէպքը ահ ու թողի կը մատնէ Սուլթան Ապտիւլ Համիտը եւ մեծ աղմուկ կ’առաջացնէ եւրոպական մամուլին մէջ: Կոտորածները թէեւ կանգ չեն առներ, բայց հայութիւնը կը գօտեպնդուի եւ յեղափոխական գործը նոր թափ կը ստանայ: Չորս հայ մարտիկներ կը զոհուին, որոնցմէ մէկ Բաբգէն Սիւնին է: Հարիւրաւոր թուրք զինուորներ եւ խուժան կը սպանուին:
-«…Մեզ խաբեցին եւրոպական պետութեանց ներկայացուցիչները»-Վահե Անթանեսյան
-«Պանք Օթոմանի գրաւման հերոսական յանդգնութիւնը»-Ն.
-«Պանք Օթոմանի Գրաւման Անժամանցելի Դասերը»-Ն.