Առաքելոց վանքի կռիւը

03 Նոյեմբեր , 1901

Ֆետայական շարժումին եզակի երեւոյթներէն մէկն է Առաքելոց վանքի կռիւը: Մշոյ դաշտի գիւղերէն եւ Սասունէն 40 ֆետայիներ որոնց մէջ էր Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, Սէյդօ Պօղոս եւ Վաղարշակ, նոյեմբերին կը հաւաքուին Առաքելոց վանքը եւ մարտահրաւէր կը կարդան թուրք զօրքին: Վանքին պարիսպներուն ետեւը ամրացած Հ.Յ.Դ. մարտիկները 21 օր կը դիմադրեն չորս կողմէն զիրենք պաշարող թշնամին եւ կու տան 2 զոհ: Իրենց նպատակը իրագործուած համարելով պաշարման քսաներկրորդ գիշերը՝ եկեղեցական ճերմակ շապիկներ հագած, ֆետայիները վանքէն դուրս կու գան եւ ձիւնով պատած շրջապատէն աննշմար եւ անվտանգ անցնելով, կ’երթան իրենց լեռնային ապաստանները:

Վտանգաւոր այս ձեռնարկին գաղափարը յղացած է Կոտոայի Հաճի Յակոբ, նպատակ ունենալով՝
1-Թուրք իշխանութեանց յիշեցնել, որ Աղբիւր Սերոբի եւ Գուրգէնի մահով Հայ յեղափոխութիւնը կանգ չէ առած:
2-Մուշի եւ Բաղէշի Եւրոպական հիւպատոսներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել գաւառներու հայութեան թշուառ վիճակին վրայ:
3-Յուսալքուած հայ գիւղացիութեան կորով ներշնչել եւ քաջալերել, որ ան կառչի իր պապենական հողին եւ պաշտպանէ իր իրաւունքները:

Ձեռնարկը մասամբ իր նպատակին կը հասնի եւ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ կ’արձանագրուի իբրեւ հերոսական մէկ դրուագ:

-Առաքելոց Վանքի Կռիւը-Անդրանիկ