Անդրանիկ Օզանեան

Ծնած՝ Շապին Գարահիսար: Հայ ազատագրական շարժման ղեկավար եւ ռազմական գործիչ: Կը յաճախէ տեղւոյն Մուշեղեան վարժարանը, ապա կը հետեւի իր հօր արհեստին՝ ատաղձագործութեան: Պոլսոյ մէջ կը զինուորագրուի Հ.Յ. Դաշնակցութեան:
Կ’անցնի Կովկաս, ապա Պարսկաստանէն Վազգէնի խումբու կը մտնէ Վան, հոնկէ Սասուն: Սկիզբը ետայիները զինք կը ճանչնան որպէս լաւ հրացանի կոթ շինող ու նորոգող արհեստաւոր:
Աղբիւր Սերոբի մահէն ետք կը դառնայ ղեկավար. Գէորգ Չաւուշի հետ հետ կը վարէ Առաքելոց վանքի կռիւը: Կը ղեկավարէ Սասնոյ հերոսամարտը:
Կ’անցնի Եւրոպա: Պուլկարիոյ մէջ կազմակերպողներէն է Հ.Յ.Դ. զինուորական վարժարանին: Պուլկարներու կողքին կը կռուի Պալքանեան պատերազմին:
Հրամանատար կը նշանակուի կամաւորական Ա. Գունդի. կը վարէ Էրզրումի ճակատամարտը:
Կը մահանայ Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահանգներ, 62 տարեկանին:
-«Անդրանիկ Օզանեան. Քաջ, խիզախ եւ անպարտելի հերոսի ոգեշնչող մարմնաւորումը»-Ն.
-«Անդրանիկ Օզանեան. Դաշնակցական Հայդուկապետի եւ Ազգային Հերոսի եզակի համադրումը»-Ն.
-«Անդրանիկ (Օզանեան, 1866-1927). Հայոց Ազատամարտի անպարտելի Արծիւը»-Ն.