ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Անդրանիկ Օզանյան. Քաջ, խիզախ եւ անպարտելի հերոսի ոգեշնչող մարմնավորումը

31 Օգոստոս 2017

Մեր ազգային յիշողութեան մէջ Անդրանիկ կը մարմնաւորէ քաջ ու խիզախ հերոսի եւ անպարտելի մարտիկի անկորնչելի աւանդ մը, որ մինչեւ մեր օրերը ինքնավստահութեամբ եւ յանդգնութեամբ, հպարտութեամբ եւ մարտունակութեամբ կը ջրդեղէ հայոց նորահաս սերունդներու միտքն ու հոգին։

Դարաշրջան խորհրդանշող հերոսներով հարուստ եղած է մեր ժողովուրդը, հազարամեակներու իր պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն։ Աւանդ ստեղծած այդ հերոսները իրենց բացառիկ տեղը ունին հայոց ազգային-հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Իր ազգային հերոսներէն իւրաքանչիւրին մէջ հայ ժողովուրդը խտացուցած է հաւաքական իր ուժին, կամքին եւ հոգեկերտուածքին ամենաբիւրեղ ստորոգելիները։

Ազգային Հերոսներու հայկական համաստեղութեան մէջ է, ահա՛, որ իր փայլուն եւ բարձրադիր տեղը կը գրաւէ Անդրանիկ՝ իրաւամբ մարմնաւորելով Ամենայն Հայոց ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆը՝ արծուի պէս միշտ բարձրերէն թեւածելով ու թշնամական ամէն կարգի անարգ հարուածներու դէմ յանդիման անպարտելի մնալով։

Դաշնակցութեան մէջ կազմաւորուած ու դաշնակցականօրէն իր հասակը բարձրացուցած ֆետային ու հայդուկապետը եղաւ Անդրանիկ, որ նոյնինքն Դաշնակցութեան կամքով կենդանի առասպելի վերածուեցաւ դեռ 1890ականներու վերջերուն, երբ Սասնոյ լեռներուն վրայ իր առաջին քայլերը կը նետէր ֆետայական շարժման արիւնոտ ճանապարհին։ Այդպէ՛ս էր, որ Առաքելոց Վանքի կռուով հերոսացած ու Աղբիւր Սերոբի գլխատման վրէժը լուծած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ Անդրանիկը արժանաւորապէս ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՐՈՍի պատուանդանին բարձրացուեցաւ դեռ Սասնոյ Երկրորդ Ապստամբութեան օրերուն։

Կը բաւէ հպանցիկ ակնարկ մը նետել Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի այդ ժամանակաշրջանի համարներուն վրայ, հաստատելու համար, որ Աւետիս Ահարոնեանի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Սիամանթոյի շունչով ու գրչով ինչպէ՛ս «սաւառնող արծիւ» հռչակուեցաւ եւ հայ յեղափոխականի մարտունակութեան խորհրդանիշ դարձաւ Անդրանիկ։

Թեր ու դէմ շատ գրուած է Դաշնակցութենէն հեռանալու եւ վերամիանալու Անդրանիկի կենսագրութեան կնճռոտ ծալքերուն մասին։ Այս յուշատետրի էջերով ալ, ամէն տարի, Անդրանիկի ծննդեան կամ մահուան նուիրուած ոգեկոչական սիւնակներով, պարբերաբար անդրադարձ կատարուած է հայ քաղաքական միտքը յուզող եւ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող գաղափարական այդ բանավէճին մասին։

Որքա՜ն դիպուկ ու իրաւացի է Անդրանիկին՝ իբրեւ Ազգային Հերոսի տրուած այն արժեւորումը, թէ Անդրանիկ իր անունին կապեց մեծ գործեր, երբ Դաշնակցութեան մէջ կը գտնուէր եւ դաշնակցական իր ընտանիքին հաւաքական պայքարը կը ղեկավարէր։ Ընդհակառակն՝ Անդրանիկի մեծութեան վրայ ստուեր ինկաւ այն ժամանակներուն, երբ կազմակերպական, քաղաքական թէ անհատականութեանց բախումի պատճառներով՝ ան որոշ ժամանակով քաշուեցաւ իր գաղափարական ընտանիքէն, հակադրուեցաւ իր երէկի ընկերներուն եւ կծկուեցաւ իր Յախուռն Անհատականութեան պատեանին մէջ…

Այդպէ՛ս եղաւ Սասնոյ բարձրաթռիչ արծիւին վարքագիծը ինքնամեկուսացման տարբեր հանգրուաններուն։ Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Փետրուար 1865ի այս օրը, Շապին Գարահիսարի մէջ, համեստ ատաղձագործ Թօրիկ Էմմիի յարկին տակ ծնած Անդրանիկ Օզանեանը իր ծնունդով իսկ ճակատագրուած էր մարմնաւորելու հայ ժողովուրդին արդի ժամանակներ մուտք գործելու խոյանքը։ Ունեցաւ համեստ ծագում, ապրեցաւ պարզ հայու կեանքով, ուզեց արդար վաստակով ապահովել իր օրաւուր հացը, բայց շարունակաբար դէմ յանդիման գտնուեցաւ թրքական բռնատիրութեան եւ կեղեքումին, հայաջինջ խորշակին եւ թրքամոլ խաւարամտութեան։

Հազիւ երիտասարդ էր, 18 տարեկան, երբ հայոց աւանդական օրէնքով ամուսնացաւ, բայց դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր կինն ու նորածինը եւ, այնուհետեւ, ամբողջովին կապուեցաւ իր ազգին։

Հայոց յեղափոխական զարթօնքը վարակած էր նաեւ Շապին Գարահիսարի հայութիւնը եւ Անդրանիկ փարեցաւ տեղւոյն Վռամշապուհ քահանայի (որ հետագային պիտի դառնար Փարիզի հայոց առաջնորդ) կազմած յեղափոխական գաղտնի խմբակին։ Մատնութեան մը հետեւանքով խմբակը գաղտնազերծուեցաւ, իսկ անդամները ձերբակալուեցան։ Երիտասարդ Անդրանիկ կարճատեւ բանտարկութենէ ետք ազատ արձակուեցաւ, անցաւ Պոլիս, ուր ատաղձագործի աշխատանքով իր կեանքը կþապահովէր եւ, միաժամանակ, պանդուխտ հայ երիտասարդներու մօտ, ազգային-յեղափոխական շունչով ինքնակազմակերպման աշխատանք կը ծաւալէր։

1892ին անդամագրուեցաւ դաշնակցութեան։ Այդպէ՛ս մասնակցեցաւ 1895ին հնչակեան եւ դաշնակցական գործիչներու կազմակերպած Պապը Ալիի մեծ ցոյցին, որուն անփառունակ վախճանէն ետք անցաւ Կովկաս։ Երկիր մտնելու եւ յեղափոխական բուն գործին նուիրուելու կրակով կ’այրէր նաեւ Անդրանիկ, որ 1896ի Յուլիսին, պարսկական սահմանէն Վան անցնող Վազգէնի եւ Գուրգէնի խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր մտաւ Երկիր, անցաւ Սասուն եւ իր ճակատագիրը կապեց Տարօն Աշխարհին։

Շատ կարճ ժամանակի մէջ հաստատուեցաւ Անդրանիկի հռչակը՝ իբրեւ քաջ ֆետայի, խիզախ մարտիկ եւ յանդուգն ռազմիկ, որ թէ՛ կազմակերպական բնատուր տաղանդ ունէր, թէ՛ ռազմական վտանգաւոր պահերը դիմագրաւելու բացառիկ ընդունակութիւն։ Իսկ ժողովուրդի զաւակի իր նկարագրով, ընկերային ու դիւրահաղորդ բնաւորութեամբ եւ պարզութեամբ՝ Անդրանիկ անմիջապէս դարձաւ սասունցի թէ Հայաստան Աշխարհի տարբեր շրջաններէն Սասուն փութացած հայ յեղափոխականներու սիրելին ու վստահելին։

Սերոբ Աղբիւրի մատնութենէն եւ անարգ գլխատումէն ետք, Դաշնակցութեան որոշումով՝ Անդրանիկ իր ընկերներով լուծեց Սերոբի վրէժը, գլխատեց Պշարա Խալիլը եւ, այնուհետեւ, Սասնոյ յեղափոխական կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ՝ Վահանի, Հրայր Դժոխքի, Գուրգէնի, Գէորգ Չաւուշի եւ անուանի հայ ֆետայիներու կողքին, մեծ ներդրում ունեցաւ։

Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան իրագործման մէջ։

Անդրանիկ ընտրուեցաւ զինուորական ընդհանուր հրամանատար եւ ամբողջապէս արդարացուց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած վստահութիւնը։ Ոչ միայն հրաշքներ գործեց կռիւներու ընթացքին, այլեւ մեծ ռազմագէտի հնարամտութեամբ ղեկավարեց ֆետայիներու Սասունէն հեռացումը դէպի Վան եւ պարսկական սահման, երբ նահանջի որոշումը կայացուցին Տարօնի եւ Վասպուրականի յեղափոխական շարժման ղեկավարները, Աղթամար կղզիի վրայ իրենց մեծ խորհրդակցութեան ժամանակ։

Այնուհետեւ հայ ժողովուրդի աստանդական կեանքին բաժնեկիցը դարձաւ Անդրանիկ եւ ո՛ւր որ ալ գնաց, Եգիպտոս, Ժընեւ թէ Պուլկարիա, ամէնուր արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մարտական ղեկավարի՝ դաշնակցական հայդուկապետի իր կոչումին։

Իբրեւ այդպիսին մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. 4րդ Ընդհանուր Ժողովին եւ մեծ ներդրում ունեցաւ հայ ազատագրական շարժումը արեւմտահայու եւ արեւելահայու պառակտումէն փրկելու եւ Դաշնակցութիւնը աւելիով միակամ ու հզօր վերականգնելու դժուարին գործին յաջողութեամբ պսակումին մէջ։ Իբրեւ այդպիսին իր ղեկավար մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պուլկարիոյ մէջ Հ.Յ.Դ. Զինուորական վարժարանի ստեղծման ու կազմակերպման կարեւոր գործին մէջ՝ Ռոստոմի կողքին։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան նկատմամբ թերահաւատութեան դրօշ պարզող առաջին դաշնակցականներէն եղաւ Անդրանիկ, որ ի տես Իթթիհատի հետ Դաշնակցութեան սկզբնական գործակցութեան՝ նաեւ հրապարակաւ ու ցուցադրականօրէն Դաշնակցութենէն հեռացաւ, բայց միայն ժամանակաւորապէս, որովհետեւ երբ 1912-3ի Պալքանեան Պատերազմին Դաշնակցութիւնը դիմեց իր հայդուկապետին, Անդրանիկ անվերապահօրէն լծուեցաւ հայկական գունդի կազմութեան՝ պուլկարներու կողքին պատերազմի դաշտ իջնելու եւ անվիճելի զօրահրամանատարի իր կարողութիւնները վերջնականապէս նուիրագործելու համար։

Այնուհետեւ զօրահրամանատարի ասպարէզ մը եղաւ Անդրանիկի կեանքը։ Դաշնակցութեան հետ գաղափարական իր պորտակապը անխզելի պահելով հանդերձ՝ Անդրանիկի մէջ զօրահրամանատար գործիչը շարունակ բախման մէջ եղաւ դաշնակցական կազմակերպական գործիչին հետ. հակադրուեցաւ օրուան մարմիններու քաղաքական որոշումներուն եւ կազմակերպական տնօրինումներուն. ընդհանրապէս թերահաւատութեամբ եւ վերապահութեամբ մօտեցաւ Թիֆլիս կեդրոնացած դաշնակցական ղեկավարութեան քայլերուն եւ կարգադրութիւններուն։ Բայց երբ Հ.Յ.Դ. ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս դիմեց Անդրանիկին, որպէսզի առաջնորդո դեր ստանձնէ 1915ին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպման մէջ, Անդրանիկ անսակարկ ընդառաջեց եւ ստանձնեց Կամաւորական Առաջին Գունդի հրամանատարութիւնը։

Մեծ Զօրավարի գործունէութեան տարիներ եղան, մինչեւ 1920 թուականը եւ Հայաստանէն վերջնական հեռացումը, Անդրանիկի ոգորումները ռազմադաշտերուն վրայ։ Յատկապէս Դիլմանի ճակատամարտը պատմական նշանակութեամբ դափնեպսակ կազմեց Անդրանիկ Զօրավարի զինուորական կեանքին մէջ՝ դաշնակցական ֆետային եւ հայոց ազգային հերոսը արժանացնելով ցարական բանակի սպայակոյտին բարձրագոյն գնահատանքին։

Բայց 1917ի Պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ սկսած ռուս-թրքական ռազմաճակատի ընդհանուր փլուզումը իր ծանրագոյն անդրադարձը ունեցաւ ինչպէս Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի, նոյնպէս եւ Անդրանիկի ներաշխարհին վրայ։ Յատկապէս Կարնոյ մէջ, 1918ին, հայկական զօրագունդերու ռազմական ձախողութենէն եւ քաղաքի պարպումէն ետք, Անդրանիկ մատնուեցաւ ներքին անդոհանքի, որ շարունակուեցաւ մինչեւ իր մահը՝ հակասութիւններու, ինքնահաստատման եւ ինքնաժխտումի ծանր պահեր ստեղծելով աննման Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին։

Բնաւ չընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը։ Հայաստանի անկախ պետականութեան ստեղծումը «թուրքերու նուէրը» հռչակողներէն եղաւ. նոյնիսկ Երեւանի վրայ յարձակելու սպառնալիք ալ ըրաւ… Բայց մինչեւ Հայաստանէն վերջնական հեռացումը, որ ի դէպ Դաշնակիցներու՝ անգլիական բանակի հրամանատարութեան ցուցմունքով կատարուեցաւ, Անդրանիկ իր կամաւորներով փութաց հոն, ուր թրքական վտանգ կար։ Զանգեզուրը, իբրեւ այդպիսին, հանդիսացաւ թրքական զօրքի դէմ հայոց պաշտպանութեան վերջին ռազմաճակատը Անդրանիկի երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին։

Արտասահման անցնելով՝ Անդրանիկ ամբողջապէս շրջապատուեցաւ հայ ունեւոր եւ պահպանողական խաւին կողմէ։ Պօղոս Նուպար փաշայի կնքահայրութեամբ ամուսնացաւ ալ։ Գրեց եւ խօսեցաւ Դաշնակցութեան դէմ, որ սակայն երբեք հանդէս չեկաւ իր զաւկին դէմ, ընդհակառակն՝ միայն հասկացողութեամբ ու ներողամտութեամբ նայեցաւ անոր ներքին տուայտանքին, որովհետեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան անողոք ճակատագրին հարազատ ու դառնագոյն ցոլացումն էր Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին վրայ իշխող այդ ամբողջ խռովքը։

Հազիւ 61 տարեկան էր Դաշնակցական Ֆետային, Հայոց Զօրավարն ու Ազգային Հերոսը, երբ 31 Օգոստոս 1927ին առյաւէտ փակեց իր աչքերը։ Ֆրեզնոյի ցուրտ հողէն իր աճիւնները փոխադրուեցան Փարիզ եւ ազգային մեծ շուքով ամփոփուեցան Փէրլաշէզի գերեզմանատունը։ Հակառակ հայրենիքի մէջ թաղուելու Անդրանիկի կտակին՝ ատենին Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները չուզեցին կատարել Անկրկնելի Հերոսին կտակը եւ միայն 2000ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան օրով, Անդրանիկ իր արժանի տեղն ու վերջնական հանգիստը գտաւ Եռաբլուրի մէջ։

Հայ ժողովուրդի Մեծ Հերոսին ծննդեան տարեդարձին առիթով միայն ափսոսանքով պէտք է նշել, որ ինչպէս խորհրդայիններու ծաւալած հակադաշնակցական պայքարի տասնամեակներուն, նոյնպէս եւ մեր օրերուն, այս անգամ ալ հայոց ազգային յիշողութիւնը խորհրդային կեղտաջուրերէն մաքրազտելու եւ վերականգնելու կարգախօսով, պարբերաբար փորձեր կը կատարուին Անդրանիկը իբրեւ սոսկ ԱՆԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ եւ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ երեւոյթ արժեւորելու, մանաւանդ Դաշնակցութեան հակադրաբար Անդրանիկը… գվերգելու։

Դաշնակցութիւնը երբեք չփորձեց կուսակցականացնել Անդրանիկը, այլ իր աւանդներուն առաւելագոյն մարմնաւորումը տեսնելով Անդրանիկի մէջ՝ Ազգային Հերոսի փառքով հայ ժողովուրդին յանձնեց իր ծոցին մէջ սնուցած կենդանի առասպելը։

Ինչպէս որ Աւետիս Ահարոնեան կը շեշտէ Անդրանիկին նուիրուած իր մենագրութեան աւարտին՝
«Անդրանիկ կուսակցութիւն եւ կառավարական ընկերներ (խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկին կանգնած դաշնակցական գործիչներուն – Ն.) նախատելով ու անարգելով, մնաց միշտ՝ Դաշնակցական։
«Եւ մեռաւ Դաշնակցական»։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

 

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Դա պետության կողմից եկեղեցու ներքին գո

Մեզ համար ինքնիշխան Հայաստանը գերագույն արժեք է, սակայն ՀՅԴ-ն անընդունելի է հա

29 Օգոստոս 2026
Տեղի ունեցավ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսա

Օգոստոսի 18-ից 23-ը Կոտայքի մարզի Աղավնաձոր գյուղում տեղի ունեցավ ՀՅԴ «Նիկոլ Ա

29 Օգոստոս 2026
Բագրատունի. «Ներկայ Կացութեան Մէջ Միախ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ն

29 Օգոստոս 2026
Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Յեղափոխական Ու

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած «Յեղափոխ

29 Օգոստոս 2026
Մեծագույն խնդիրը ազգային և ինքնիշխան պ

Հայաստանում մարդու իրավունքների, քաղաքական և իրավական համակարգերի վիճակը խիստ

28 Օգոստոս 2026
Անդրադարձ – Երիտասարդութիւնը՝ մե

Ա­մա­ռո­ւան ե­ղա­նա­կը յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին-կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­ք

28 Օգոստոս 2026
Հայ Դատի Յանձնախմբի Գլենդելի Մասնաճիւղ

ԳԼԵՆԴԷՅԼ, Կալիֆորնիա — Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի Գլենդէյլի մասնաճիւղը (ANC

28 Օգոստոս 2026
ՀԱՊԿ-ը․․․ «Թուղթէ Վագր»-ն ու Հայաստանը

«Բայց երբ գործելու ժամանակը գայ, ի՞նչ օգուտ ունիք։ Թուղթէ վագր մը տեսնելով՝ վա

27 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կենտրոնական խորհրդի հայտա

Սփյուռքի և համահայկական կառույցների դեմ նորբոլշևիկյան արշավի սաստկացում Հայաս

27 Օգոստոս 2026
Փաշինյան-Ալիև զույգի շահերը համընկնում

«Երկու օր է արդեն՝ մենք ականատես ենք լինում, թե ինչպես է Ալիևի պարտադրած բռնակ

27 Օգոստոս 2026
Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով

Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը գործարկած է իր նոր կայքէջը՝ spyurkconf

27 Օգոստոս 2026
Բագրատունի. «Պետութեան Պարտականութիւնն

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

27 Օգոստոս 2026
Սփիւռքի Հետ Կապերը` Պետական Ծրագիրին Մ

Երկուշաբթի, 24 օգոստոս 2026-ին Հայաստանի Ազգային ժողովը սկսաւ կառավարութեան հն

27 Օգոստոս 2026
Ակնարկ. Քրտական Խաղաթուղթի Վերափոխումը

Պաշտօնական Դամասկոսի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ կայացած յունուա

27 Օգոստոս 2026
«…Երբ հայ ժողովուրդը քնի մէջ է եւ ոչ թ

Վերջին 8-ը տարիներում, Հայաստանում իշխանութիւնը բռնազաւթածների կարելի է ասել՝

26 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ-ին թիրախավորելով՝ իշխանությունը փո

Ազգային ժողովում իշխանական պատգամավորների հայտարարությունները, թե ՀՅԴ-ն իրավու

26 Օգոստոս 2026
Բաքուն կարող է զղջալ, որ CNN-ին դատի է

Ադրբեջանի կառավարությունն անցյալ շաբաթ ԱՄՆ դաշնային դատարանում հայց է ներկայաց

25 Օգոստոս 2026
«Հայաստան» դաշինքի հայտարարությունը

ՀՀ երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոբերտ Քոչարյանի և նրա ընտանիք

25 Օգոստոս 2026
Հայաստանը շարունակում է լինել գործադիր

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

25 Օգոստոս 2026
Եվրոպացիները հանուն Արցախի նախաձեռնութ

Մենք՝ «Եվրոպացիները հանուն Արցախի» նախաձեռնության անունից, խոր մտահոգությամբ և

25 Օգոստոս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company