Ակնարկ. Քրտական Խաղաթուղթի Վերափոխումը
27 Օգոստոս 2026
Պաշտօնական Դամասկոսի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ կայացած յունուարեան համաձայնութիւնը կը մտնէ գործնական կարեւորագոյն փուլ` քրտական ռազմական ուժերու լուծարումով կամ կառավարական ուժերուն հետ անոնց համարկումով:
Այս իրողութեամբ քիւրտ ազգաբնակչութիւնը կը ստանայ մշակութային, քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներ, որոնց համար կը զիջի իր ռազմական ինքնավարութիւնը:
Առ երեւոյթ այս գործարքը կնքուած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ քրտական գործօնի սուրիական ղեկավարութեան միջեւ: Խորապատկերին վրայ ուղղակի կ՛երեւի անշուշտ Անգարայի ձեռագիրը: Ի վերջոյ Անգարան վաղուց առաջադրած էր չէզոքացնել Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններուն, այս պարագային հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական զինեալ ներկայութիւնը:
Եթէ քիւրտերը անվերջ կը զինուէին, զօրավարժանքներու կ՛ենթարկուէին, աջակցութիւններ կը ստանային եւ կ՛իրականացնէին պետական մակարդակի գործառոյթներ, կը նշանակէր անշուշտ, որ այս բոլորին ետին կանգնած էին պետութիւն կամ պետութիւններ:
Քրտական գործօնի շահարկումի փաստերը շատ են պատմութեան մէջ: Այս վերջին շրջանին գաղտնիք չէր, որ Իսրայէլը լիարժէք կ՛աջակցէր քրտական զանազան խմբաւորումներուն, տարածաշրջանային հարթակի վրայ դիրքային առաւելներ ձեռք բերելու համար: Միայն Իսրայէլը չէր անշուշտ քիւրտերէն նպաստաւորուողը: Միացեալ Նահանգներ եւս երկար ատեն գրաւ դրած էին այս գործօնին վրայ: Դիրքորոշումներու աջակցութիւններու թափը սկսած էր տկարանալ սակայն: Շէյխ Մաքսուտի շրջանէն քիւրտերու արագ քաշուիլը, յունուարեան համաձայնութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ սուրիական տարածքներու վրայ քիւրտերու «լքում»-ը ակներեւ էր եւ շեշտակիօրէն տեսանելի, որ իրավիճակ փոխուած է:
Այս գործընթացները կը հետեւցնեն, որ Ուաշինկթըն յօգուտ Անգարայի եւ ի հեճուկս Թել Աւիւի դիրքորոշուած է եւ գործնապէս ենթահող կը պատրաստէ այս ուղղութեամբ: Խորքին մէջ Իսրայէլ-Թուրքիա շահերու բախման հիմնական կէտը, այլ խնդիրներու կողքին, քրտական գործօնի նկատմամբ երկու պետութիւններուն տարբեր դիրքորոշումներն էին:
Ուաշինկթըն Դամասկոսը առջեւ քշելով խորքին մէջ Իսրայէլէն կը վերցնէ կարեւոր խաղաթուղթ մը ընդհանրապէս եւ յատկապէս Թուրքիոյ դէմ օգտագործելի: Խաղադրոյթի հիմնական առանցքը այս կ՛երեւի, մանրամասնութեան վերածելով մշակութային, լեզուական, քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին կատարուած խոստումները:
Կանուխ է հաստատելը անշուշտ, որ քրտական գործօնը ընդհանրապէս դուրս եկած է տարածաշրջանին մէջ խաղաթղթային իր կարգավիճակէն: Իրաքի, Թուրքիոյ, Իրանի քիւրտ ազգաբնակչութիւնը` ինքնավար, զէնքերը յանձնելու ընթացքին մէջ, թէ պարզապէս իբրեւ զանգուած տարածքային ամբողջականութիւններու սպառնալիք նկատուող երեւոյթ, տակաւին օգտագործելի է: Առաջին հերթին Թուրքիոյ դէմ:
Հիմա սակայն, սուրիական տարածքներու վրայ եւ Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններու մէջ զինաթափում է, որ կ՛արձանագրուի: Անգարան այլ շարժառիթներու պէտք ունի սուրիական տարածքներու վրայ վերատեղակայուելու համար: Իսրայէլը պատրուակ-պատճառ է եւ արդարացուցիչ հանգամանքի դեր կրնայ ծառայել, որ Թուրքիան բազմապատկէ իր ուժերը Սուրիոյ մէջ: Այլապէս, քիւրտերու զինաթափումին զուգակցող թրքական նոր յենակէտերու տեղակայումը նոր պատճառաբանութիւններու կը կարօտի:
Քրտական խաղաթուղթի վերափոխումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ առ երեւոյթ կը կատարուի Դամասկոս-Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր յարաբերակցութեամբ, Անգարայի ստուերային ներկայութեան: Թրամփ այլ զինաթափումներու թղթածրարներ եւս կ՛առաջարկէր յանձնել Դամասկոսին:
«Ա.»
«Ազդակ»
