Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստերը Երեւանի մէջ
05 Նոյեմբեր 2026
Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 12-րդ խորհրդաժողովի նախօրեակին, 2-4 Նոյեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Երեւանի մէջ գումարեց 2023-2027 քառամեակի իր չորրորդ լիագումարին նիստերը։
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատումը կատարեց անցնող մէկ տարուան ընթացքին իր ունեցած բեղուն գործունէութեան, որուն գլխաւոր արտայայտութիւնները եղած են.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին նաւապտոյտը, քարոզչական Ա. համագումարը, սկաուտական «Արարատեան» կարգի կազմակերպումը, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումը, «Հայ մարզիկի օր»ուան նշումը Հայաստանի մէջ, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ» հիմնադրամին աշխատանքները, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին հրատարակութիւնը, 46 տարուան թիւերուն թուայնացումը եւ մատենագիտութեան պատրաստութիւնը, քարոզչական մարզի լայնածաւալ աշխատանքները (գրասենեակի եւ գործավարութեան ստեղծում, եռալեզու կայքէջ, ե-լրատու, Ազգային գրադարանի եւ արխիւի հետ կապերու մշակում), ինչպէս նաեւ Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներու, սկաուտ խմբապետներու եւ քարոզչական պատասխանատուներու առցանց հանդիպումները։
Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատանքով արձանագրեց հայերէնի անվճար դասընթացքներու կազմակերպումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ սկաուտներուն համար, սկաուտական «Վկայեալ» կարգի իրագործումը Աւստրալիոյ մէջ եւ սկաուտական մարզի աշխուժացման համար իրականացուող գործուղումները Ֆրանսայի մէջ։ Անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ տարի նախատեսուող միջ-շրջանային երեք մարզախաղերուն՝ Պուէնոս Այրէսի (Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ համար), Փարիզի (Եւրոպայի շրջաններու համար) եւ Հալէպի մէջ (Միջին Արեւելքի շրջաններուն համար)։
Կեդրոնական Վարչութիւնը վերահաստատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղին իր մնայուն աջակցութիւնը եւ ողջունեց միջազգային սկաուտութեան եւրոպական տարածաշրջանին կարեւոր մէկ համաժողովին կազմակերպումը Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին վստահելու որոշումը։ Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ գարնան, Երեւանի մէջ։
Վերջապէս, Կեդրոնական Վարչութեան նիստերը քննարկեցին միութեան կազմակերպական, տնտեսական, երիտասարդական եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն առնչուած օրակարգի կէտեր եւ տուին համապատասխան որոշումներ։
Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նիստերուն յաջորդեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 12-րդ խորհրդաժողովին նիստերը, որոնք երկու օրուան տեւողութեամբ, 5 եւ 6 Նոյեմբերին կը կատարուին Երեւանի մէջ, միութեան 24 շրջաններէն աւելի քան 40 պատասխանատուներու մասնակցութեամբ։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
