Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի մրցանակակիրներու ուսումնասիրութիւններու համառօտագիրներ
03 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն կազմակերպուեցաւ «Հայ ուսանողները՝ Արցախի համար» հետազօտական երկրորդ մրցոյթը, որ համախմբեց աշխարհի տարբեր երկիրներէ քանի մը տասնեակ ուսանողներ։ Ծրագիրին հիմնական նպատակն է հայ ուսանողները համախմբել Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին շուրջ՝ նկատի ունենալով հարցին հրատապութիւնը եւ գիտակցելով հայ ուսանողներու մասնագիտական ներուժը այս նպատակին ծառայեցնելու անհրաժեշտութեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար 2025 տարուան ծրագրին մասնակցած եւ մրցանակի արժանացած հինգ ուսանողներուն հետազօտական աշխատանքներուն համառօտ տարբերակները, որոնց գլխաւոր նիւթն է Արցախի մէջ ապրելու եւ Արցախ վերադառնալու իրաւունքը.
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ
