ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

31 Հոկտեմբեր 2026

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ աւելի ճգնաժամեր:

Անցնող սեպտեմբերի կէսէն ի վեր երկրորդական վարժարաններու աշակերտներն ու համալսարանական ուսանողները ծաւալուն ցոյցեր եւ հաւաքներ կը կազմակերպեն` բողոքելով ուսուցման պայմաններուն, ուսուցիչներու պակասին, գերբեռնուած դասարաններուն եւ համալսարանական նախապատրաստական յատուկ համակարգին (parcoursup) դէմ: Ուսանողական այս շարժումին շատ արագ միացան սենտիքաները, եւ շարժումը ընդգրկեց շատ աւելի ընդհանուր ընկերային պահանջներ. գնողունակութեան (pouvoir d՛achat) նուազումի եւ սղաճի (inflation) կասեցում, կառավարութեան պիւտճէին մէջ թոշակառուներուն, պետական պաշտօնեաներուն եւ տարբեր նպաստներ ստացողներու հաշուոյն կատարուող սեղմումներու մերժում եւ մասամբ նորին: Աստիճանաբար շիկացած այս մթնոլորտին մէջ, հոկտեմբեր 17-ին բռնկած համազգային զօրաշարժը յանգեցաւ ոստիկանութեան եւ քաղաքացիներու միջեւ ծանր եւ արիւնալի բախումներու, աւերածութիւններու եւ թալանի տգեղ ու մտահոգիչ դէպքերու` համայն աշխարհին ուշադրութիւնն ու լուսարձակները կեդրոնացնելով երկրին վրայ:

Մայրաքաղաք Փարիզի, երկրորդ եւ երրորդ մեծագոյն քաղաքներուն` Մարսէյի եւ Լիոնի, ինչպէս նաեւ տասնեակ մը այլ քաղաքներու մէջ պարզուած կացութիւնը աննախընթաց է Ֆրանսայի նորագոյն պատմութեան մէջ: Նոյնիսկ մայիս 1968-ի հանրածանօթ ցոյցերը չեն ունեցած բրտութեան համապատասխան երեւոյթը: Ապահովական ուժերու անբաւարար տիրութիւնը քննադատութեան եւ դժգոհութեան մեծ ալիք յառաջացուցած է ժողովուրդին մէջ, մինչ իշխանութիւնն ու ընդդիմադիրները զիրար կը մեղադրեն ահաւոր այս իրավիճակին համար:

Քաղաքական կուսակցութիւնները այժմէն իսկ դիրք կը գրաւեն Էմանուէլ Մաքրոնի յաջորդող հնգամեակին համար: Նախագահական ընտրութիւնները նախատեսուած են 2027-ին (18 ապրիլ եւ 2 մայիս), եւ ներկայ ճգնաժամը փաստօրէն կը զարգանայ ընտրութիւններէն շուրջ վեց ամիս առաջ: Ընտրապայքարն ու ընտրարշաւը արդէն սկսած են սուր ձեւով: Երկուստեք գործածուող ցեխարձակման ոճն ու բառամթերքը բիրտ են ու անխնայ:

Իւրաքանչիւր քաղաքական ճամբար շահագրգռուած է իր մեկնաբանութիւնը պարտադրելու` իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:

Ձախը` Ընկերվարական եւ Համայնավար կուսակցութիւնները եւ մասնաւորաբար Ժան-Լիւք Մելանշոնի արմատական կուսակցութիւնը` Չենթարկուող Ֆրանսան (LFI), կը փորձեն ընկերային զայրոյթը կապել անհաւասարութիւններուն, գնողունակութեան անկման եւ սղաճի հոլովոյթին հետ:

Անոնց խօսոյթը կը հիմնուի ընկերային անհաւասարութիւններուն, դրամատիրական համակարգի քննադատութեան եւ ոստիկանութեան գործելակերպի դատապարտման վրայ: Արմատականներէն ոմանք նկատել կու տան, որ իշխանութիւնը նահանջի մղելու համար երբեմն նոյնիսկ անհրաժեշտ է առճակատումը: Ասոր գաղափարական նպատակը կասկածի տակ դնել է գոյութիւն ունեցող տնտեսական եւ քաղաքական համակարգը:

Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ բոլոր ցուցարարները կամ ձախակողմեան ընտրողները կ՛արդարացնեն բռնութիւնը: Պէտք է յստակ ընդգծել, որ ծայրայեղ ձախ խմբաւորումները եւ անիշխանական որոշ հոսանքներ չեն ներկայացներ ամբողջ ձախը: Միաժամանակ, սակայն, անհրաժեշտ է նաեւ տարբերել գաղափարական համոզումներու տէր ծայրայեղական գործունէութիւն ծաւալող խմբաւորումները այն փողոցայիններէն, որոնք պարզապէս առիթէն օգտուելով կը դիմեն կողոպուտի, աւերումի, թալանի:

Դասական աջը եւ կեդրոնի աջը, մասնաւորաբար` Էտուար Ֆիլիփի, Կապրիէլ Աթալի եւ Պրիւնօ Ռըթայոյի նման քաղաքական դէմքեր, շեշտը կը դնեն հասարակական կարգի թուլութեան եւ պետական հեղինակութեան նահանջին վրայ, իսկ ծայրայեղ աջ Ազգային համախմբումը (RN) շեշտը կը դնէ յատկապէս օտարներու, գաղթականներու ներկայութեան եւ ապօրինի մուտքի, սահմաններու անհսկողութեան եւ երկրի փխրուն անվտանգութեան վրայ` բնականաբար փորձելով առաւելագոյնս օգտուիլ ներկայ անկայուն իրավիճակէն, դժգոհութեան ալիքէն եւ ապահովական առումով համատարած մտահոգութիւններէն:

Հետեւաբար աջը` Հանրապետականներ (LR), Ազգային միաւորում (RN) եւ աջակողմեան այլ հոսանքներ, իրարմէ կը տարբերին, սակայն բոլորն ալ կը պահանջեն` պետութեան հեղինակութիւնը, անվտանգութիւնը, պետական հիմնարկներու յարգումը եւ խռովարարներու պատժումը: Անոնց նպատակն է վերահաստատել կարգն ու կանոնը, պաշտպանել պետութեան հեղինակութիւնը եւ ցոյց տալ, որ քաղաքական խստութիւնը ճգնաժամը դիմագրաւելու միջոց է:

Ինչ կը վերաբերի պետութեան, ան պարտաւոր է երաշխաւորել ցոյցեր կազմակերպելու իրաւունքը` միաժամանակ պաշտպանելով քաղաքացիները, անոնց ինչքերը եւ պետական հաստատութիւնները: Բանավէճը կը վերաբերի նաեւ հանրային կարգի պահպանման մեթոտներուն:

Հոկտեմբեր 17-ի իրադարձութիւնները եւ հակադրութիւնները աւելի տեսանելի դարձան մասնաւորաբար կառավարութեան եւ արմատական ձախին միջեւ ծաւալած բանավէճերուն ընթացքին:

Հիմա, երբ յարաբերաբար բնականոն վիճակը եւ անդորրը հաստատուած են (առանց բացառելու խռովութիւնները որեւէ պահու վերսկսելու հաւանականութիւնը), աջէն-ձախէն հնչող կարգախօսներէն անդին` կը ցցուի գործնական հարցումը. իսկ ինչպէ՞ս պիտի փակուի պետական վնասին գինը, որովհետեւ քաղաքացիական դաշտի վնասները մեծաւ մասամբ կը ստանձնեն ապահովագրական ընկերութիւնները, սակայն պետութեան մասնաբաժինը լուրջ խնդիր է, որ արդէն իսկ կ՛արծարծուի, աւելի ճիշդ` կը քաշքշուի խորհրդարանի զոյգ պալատներուն` Ազգային ժողովի եւ ծերակոյտի նիստերու թէժ քննարկումներու ընթացքին, նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը կը փորձէ ծախսերը կրճատել, իսկ սենտիքաներն ու ձախակողմեան ուժերը կը պահանջեն հակառակը` եկամուտի եւ աշխատավարձի բարձրացում, ինչպէս նաեւ` հանրային ծառայութիւններուն յատկացուած միջոցներու յաւելում: Կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ այս խոր տարակարծութիւնը հիմնարար է, որովհետեւ կը վերաբերի` պիւտճէական սեղմումներուն, խնայողութիւններուն, հարկերուն, թոշակներուն, աշխատավարձերուն եւ ընդհանրապէս ընկերային համակարգի ապագային:

Միւս կողմէ` ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը նաեւ դարձած են ընտրապայքարի կարեւորագոյն թեմաներէն:

Հոկտեմբեր 17-ի բռնութիւններու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ Մաքրոնի կառավարութեան, յատկապէս վարչապետ Լըքորնիւի, ներքին գործոց նախարար Նունեզի եւ ոստիկանութեան ու իրաւապահ ուժերու ոչ արդիւնաւէտ պահուածքի նկատմամբ կատարուող խիստ քննադատութեանց ու դժգոհութեանց ի լուր, իշխանութիւնները անմիջապէս սահմանափակումներ կատարեցին ցոյցերու նկատմամբ եւ ոստիկանութեան միջամտութեան յաւելեալ արտօնութիւններ սահմանեցին` հակառակ ազատութիւններու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններու վիճարկումին: Սակայն պետութիւնը մինչեւ ո՞ւր կրնայ սահմանափակել ցոյցերը` ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, առանց անհամաչափօրէն ոտնահարելու ցոյց կազմակերպելու սահմանադրական իրաւունքը:

* * *

Բռնութիւններու պատկերները կրնան փոխել եւ արդէն որոշ չափով փոխած են բանավէճի ուղղութիւնը: Աշխատավարձերու, դպրոցներու եւ պիւտճէի մասին խօսելու փոխարէն` քաղաքական պատասխանատուները սկսած են արդէն քննարկել հասարակական կարգին, ոստիկանական ու ընդհանրապէս իրաւապահ ուժերու եւ իրաւապահ մարմիններու համակարգին ու պետութեան հեղինակութեան առնչուող հարցեր: Այստեղ է ահաւասիկ, որ ծայրայեղ աջին եւ անոր ղեկավարին` Մարին լը Փենի նկատմամբ վստահութիւնը եւ ժողովրդականութիւնը աճ կ՛արձանագրեն հարցախոյզերուն մէջ, մինչ Մաքրոնի եւ մաքրոնականութեան վարկանիշը քառասմբակ կը նահանջէ, իսկ արմատական ձախի եւ ընդհանրապէս ձախակողմեան շրջանակի վարկանիշը տեղքայլի մէջ է:

Ընտրական այս խօլ արշաւին մէջ հասարակութիւնը ակընդէտ կը սպասէ թէ՛ ձախ եւ թէ՛ աջ ճամբարներուն մէջ համախմբումներու կամ դաշինքներու, սակայն մինչեւ այս պահը նման խմորումներ չկան երկու հոսանքներուն մէջ հաւասարապէս, որոնք երկուքն ալ ներքին միաւորման լուրջ դժուարութիւններ ունին, եւ որոնք այս պահուս կը հետապնդեն հիմնական մէկ օրակարգ` ո՞վ պիտի յաջողի ժողովրդային համատարած դժգոհութիւնը վերածել քաղաքական իշխանութեան. կառավարութի՞ւնը` վերականգնելով երկիրը կառավարելու իր կարողութիւնը, ընդդիմադիր ուժե՞րը` իշխանափոխութիւն իրականացնելով, ընկերային շարժումնե՞րը` պարտադրելով շօշափելի փոփոխութիւններ:

Եւ տակաւին կը մնայ էական հարցում մը. բռնութիւնները կը խեղդե՞ն ընկերային պահանջները, թէ՞ ընդհակառակը, աւելի կը խորացնեն պետական հաստատութիւններուն հանդէպ անվստահութիւնը:

Յառաջիկայ օրերու իրադարձութիւնները պիտի օգնեն աւելի լաւ հասկնալու այս հոլովոյթը: Առաջին մեծ փորձաքարը 5 նոյեմբերն է` սենտիքաներու կողմէ յայտարարուած մեծ զօրաշարժի օրը:

* * *

Վերջապէս, հասնինք էական հարցումին. ընդհանուր այս պայքարին մէջ գաղափարական-գաղափարախօսական ենթահող կա՞յ, թէ՞ ոչ:

Ըստ իս, այո՛, տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մէջ գաղափարական ուժերու իրական բախում մը կայ, եւ իմ կարծիքով հոկտեմբեր 17-ի ցոյցերուն, խռովարարներուն եւ յառաջիկայ նոյեմբեր 5-ին նախատեսուած զօրաշարժին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները հասկնալու համար պէտք է նայիլ բռնութիւններէն անդին: Կան տարբեր պայքարներ` ընկերային, գաղափարական, հանրային կարգի վերահսկողութեան եւ անշուշտ` 2027-ի նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ մղուող քաղաքական պայքար, որուն պատճառով այս հակամարտութիւնը աւելի շեշտակի կը դառնայ, եւ հիմա իւրաքանչիւր ճամբար կը փորձէ ոչ միայն ընտրազանգուածը համոզել, այլ նաեւ` իր հակառակորդը ներկայացնել իբրեւ վտանգ հանրապետութեան համար:

Այս հոլովոյթը քաղաքական բեւեռացման դասական երեւոյթ մըն է անշուշտ, եւ այո՛, փաստօրէն գոյութիւն ունի գաղափարական իրական պայքար, բայց անիկա չի սահմանափակուիր ձախի եւ աջի միջեւ բախումով միայն, այլ նաեւ կը հակադրէ հասարակութեան մասին տարբեր ըմբռնումներ. պետական հեղինակութիւնն ու կարգ-կանոնը` բողոքին եւ արմատական խզումին դէմ, հաստատութիւններու պահպանումը` անոնց խորքային վերափոխման պահանջին դէմ, հանրային անվտանգութիւնը` քաղաքական պայքարի որոշ արմատական ըմբռնումներու դէմ, եւ այս բոլորին խորքին` ընկերային արդարութեան ու ժողովրդավարութեան տարբեր տեսլականներ:

Հետեւաբար կարեւոր է իրարմէ տարբերել երեք մակարդակ. ցուցարարներու պահանջները, արմատական խմբաւորումներու գաղափարախօսութիւնը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ռազմավարութիւնը:

Ահաւասիկ անկայուն այս պայմաններուն եւ թէժացած այս մթնոլորտին մէջ կը պատկերացուի ընթացքը Ֆրանսայի քաղաքական ներքին առօրեային, յառաջիկայ վեց ամիսներուն:

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
«Ազդակ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ըն

25 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակ

30 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքի ջախջախիչ մեծամասնությունը դեմ

Հոկտեմբերի 28-ին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Ար

29 Հոկտեմբեր 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսաստան» և «Արդ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանը, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Սևան Դանիելյա

29 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամ

Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

29 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ ԶՈՄ վարչութեան եւ յարաբերական յանձ

28 հոկտեմբեր, 2026-ին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ յար

29 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Ռազմավարական գործընկերութի

2020-ի Արցախեան պատերազմը պէտք էր անջնջելի դաս մը ըլլար Գանատայի արտաքին քաղաք

28 Հոկտեմբեր 2026
Ընտանեկան բռնության մասին առաջարկվող օ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

28 Հոկտեմբեր 2026
Ճանապա՞րհ, թե՞ միջանցք

Քանի որ Ազգային ժողովում ելույթներին հատկացվող ժամանակը խիստ սահմանափակ է, ստո

27 Հոկտեմբեր 2026
Բաքվի դատավճիռը հերքում է ինքն իրեն. Հ

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարակում է “Justice” According to Azerbaijan

27 Հոկտեմբեր 2026
Խաժակ Մկրտիչեանի այցելութիւններն ու հա

Խաժակ Մկրտիչեան հանդիպումներ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ հովանիին տակ գործող միո

27 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական և ադրբեջանական լրատվամիջոցնե

Տարիների ընթացքում ես հաճախ եմ ականատես եղել, թե ինչպես են հայկական հարցերի վե

27 Հոկտեմբեր 2026
TRIPP-ի ծրագիրը կարող է վերածվել ռազմա

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

27 Հոկտեմբեր 2026
Սիմոն Զաւարեանի ծննդեան 160-ամեակին եւ

Դաշնակցութեան խի՛ղճը… Այսպէս կո­չուեցաւ Սիմոն Զաւարեան իր ժամանա­կա­կիցներուն

27 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհայի

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ Հայ

27 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի ընտրութիւնները․ անվտանգութեան

Ներքաղաքական իշխանութեան պահպանման եւ տարածաշրջանային ուժային հաւասարակշռութեա

27 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company