Խաժակ Մկրտիչեան հանդիպումներ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ հովանիին տակ գործող միութիւններու հետ
26 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, որ ներկայիս Աւստրալիա կը գտնուի, հանդիպումներ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ հովանիին տակ գործող միութիւններու, Շրջանային Վարչութիւններու, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամներու հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամը կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցեց և մօտէն ծանօթացաւ միութիւններու գործունէութեան մասին:


