Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ
21 Հոկտեմբեր 2026
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ իրականացուց 2026ի իր տարեկան ձեռնարկը: Համայնքային ղեկավարներ, ընտրեալ պաշտօնատարներ եւ Հայ Դատի պաշտպաններ համախմբուեցան՝ պատուելու Հայ Դատին մատուցուած ծառայութիւնները, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Սփիւռքը յարձակումներու թիրախ է:
«Տարուան Օրէնսդիր» մրցանակը յանձնուեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճան Հայրապետեանին, «Ջատագովութիւն Շարժապատկերով» մրցանակը՝ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանին, իսկ Սթիւ Արթինեանի անուան «Տեսլապաշտ Գործիչ» մրցանակը՝ Տալասէն Հայ Դատի գործիչ Սեւան Պասմաճեանին: Նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով շնորհուեցաւ «Գաբրիէլ Ինճէճիկեան Կրթական Գերազանցութիւն» մրցանակը՝ պատուելով Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարանները:
Յայտագիրը սկսաւ պաշտօնատարներու ողջոյնի խօսքերով, որմէ ետք հնչեցին Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները՝ Պերճ Կիրակոսեանի կատարողութեամբ: Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք․ Խաչերեան կատարեց երեկոյի օրհնութեան աղօթքը եւ փոխանցեց իր սրտի խօսքը։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան իր պատգամին մէջ շեշտեց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբերը ազգին «երկրորդ բանակ»ն են եւ «հայկական Սփիւռքի դիւանագիտական ջոկատը»: Ան յիշեցուց, թէ ինչպէս Հայ Դատի յանձնախումբը ճնշումներ բանեցուցած է այն պաշտօնատարներուն վրայ, որոնք անցած են համայնքին կարմիր գիծերը եւ յորդորեց ներկաներուն յիշել իրենց դերը ամերիկեան քաղաքացիական կեանքին մէջ:
«Մենք այս տան մէջ հիւրեր չենք: «Մենք այս մեծ ազգին սեփականատէրերն ենք, ոչ թէ վարձակալները: Մենք մեր իրաւունքները գործադրող քաղաքացիներ ենք, ոչ թէ հպատակներ», ըսաւ Համբարեան, յոյս յայտնելով, որ առաջիկայ միջանկեալ ընտրութիւններուն կարելի կ՛ըլլայ պատժել հակահայ գործունէութիւն տանողները եւ ընտրել հայամէտ թեկնածուները։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անունով խօսք առաւ վարչութեան անդամ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան, որ պատասխանեց Պաքուէն, Անգարայէն եւ Երեւանէն Հայ Դատին ուղղուած քննադատութիւններուն: «Խաղաղութիւնը, որ 20 հոգի կը պահէ բանտերու մէջ, իսկ 150,000 գաղթականներ՝ իրենց տունէն դուրս, խաղաղութիւն չէ,» ըսաւ ան:
Ճան Հայրապետեան կը ներկայացնէ 41րդ ընտրատարածքը եւ ներկայիս Նահանգային խորհրդարանին մէջ ծառայող միակ ամերիկահայն է: Ան նախագահն է Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումի հիմնարկին եւ Քալիֆորնիոյ ու Հայաստանի միջեւ առեւտուրի, արուեստի եւ մշակութային փոխանակման յանձնախումբին: Իր իրագործումներուն շարքին են AB 91 բանաձեւին վաւերացման ապահովումը, որուն շնորհիւ նահանգային տուեալներու համակարգին մէջ ստեղծուեցաւ ամերիկահայ ինքնութեան նշումը, ինչպէս նաեւ երկկուսակցական նամակ մը, որ կոչ կ՛ընէր ազատ արձակելու Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ասթինէ Սուլէյմանեան յանձնեց Հայրապետեանին մրցանակը, դրուատելով անոր իրագործումները։
Բեմին վրայ Սուլէյմանեանին միանալով՝ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեան եւս գովեց Հայրապետեանը:
Ջիւան Աւետիսեան ծնած է Գիւմրի եւ հասակ նետած է Արցախի մէջ։ Ան միջազգային մրցանակներու արժանացած բեմադրիչ է, որուն գեղարուեստական ժապաւէններէն են «Թեւանիկ»ը, «Վերջին Բնակիչը» եւ «Դրախտի Դարպասը», իսկ նորագոյնը՝ «Վերածնունդ»ը, ներկայիս կը ցուցադրուի:
Մրցանակը բեմադրիչին յանձնեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Սարգիս Սիմոնեան եւ Գէորգ Յակոբճեան։
Ընդունելով մրցանակը՝ Աւետիսեան իր շարժանկարը բնորոշեց իբրեւ «վկայութիւն»՝ ի պատիւ անոնց, որոնք ինկան Հայ Դատին համար: «Ես հաստատապէս կը հաւատամ, որ ոչ մէկ բռնապետ կրնայ գծել իմ հայրենիքիս սահմանները, եթէ այդ սահմանները գծուած չեն մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ» ըսաւ ան, եզրակացնելով.«Ես խորապէս կը հաւատամ, որ օր մը պիտի վերադառնամ Արցախի Հանրապետութիւն, իմ պապենական Խաչմաչ գիւղս»։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Ռուբէն Կարապետեանի խօսքով (որ մասնակցած է յանձնախումբին վարժողական ծրագիրներուն), որմէ ետք ան յատուկ վկայագիրներ յանձնեց 2026ի վարժողական ծրագրին մասնակիցներուն, որոնք եկած էին Հայաստանէն, Սուրիայէն եւ Հարաւային Քալիֆորնիայէն:
Երեկոյի ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Լեւոն Պարոնեանը: Ծնած ըլլալով «Տաղլեան»էն միայն մէկ մղոն հեռաւորութեան վրայ՝ Պարոնեան պնդեց, որ Լոս Անճելըսը դարձած է Սփիւռքի նոր մայրաքաղաքը: «Մայրաքաղաքը պարզապէս այն տեղը չէ, ուր կ՛ապրին ամենամեծ թիւով հայերը, մայրաքաղաքը այն տեղն է, ուր ազգը կը կազմակերպէ իր ապագան», ըսաւ ան:
Պարոնեան ներկաները հրաւիրեց «Միացեալ Վասն Արցախի» հաւաքին՝ Նոյեմբեր 8ին, երեկոյեան ժամը 5:30էն սկսեալ, Կլենտէյլի Արցախ փողոցին վրայ, կազմակերպութեամբ ՀԵԴին:
Սեւան Պասմաճեան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու շառաւիղ, աւելի քան տասնամեակ մը Հայ Դատը ջատագոված է Թեքսասի մէջ: Ան վկայութիւն տուած է Թեքսասի նահանգային խորհրդարանին մէջ 2017ին՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի մը համար, որ ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ եւ ապահոված է Ցեղասպանութեան կրթութեան յատկացումները, որոնք հասած են աւելի քան 5000 աշակերտներու:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լարա Երէցեան մեծարեալին յանձնեց մրցանակը, որ անուանուած է ի պատիւ վարչութեան հանգուցեալ անդամ Սթիւ Արթինեանին:
Պասմաճեան պատիւը կիսեց Թեքսասի տարածքին գործող հայ գործիչներուն հետ՝ մէջբերելով իր մօր խօսքը. «Մէկ ձեռքով չես կրնար ծափել»: Ան շարունակեց. «Մեզի՝ հայերուս համար, ինքնագոհութիւնը ընտրանք չէ: Մեր Ցեղասպանութիւնը աւարտած չէ: Մեր հակառակորդները տակաւին ամէն օր կը հետապնդեն մեր բնաջնջումը, եւ մենք պէտք է շարունակենք կրթել, եւ սորվիլ անցեալէն՝ պաշտպանելու համար մեր հայրենիք Հայաստանը եւ կանխարգիլելու ապագայ ցեղասպանութիւնները աշխարհի տարածքին»։
Երեկոն շարունակուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Օշին Յարութիւնեանի խօսքով, որ ներկայացուց «Գաբրիէլ Ինճէճիկեան Կրթական Գերազանցութիւն» առաջին մրցանակը, անուանուած՝ Միացեալ Նահանգներու առաջին հայկական ամէնօրեայ վարժարանին՝ Ֆերահեանի հիմնադիրին անունով: Ան Ինճէճիկեանը բնորոշեց իբրեւ «համոզումի տէր մարդ եւ գերազանց մանկավարժ», որուն համար Հայ Դատի ուսուցումը կենսական էր»:
Յարութիւնեան յուշատախտակ մը յանձնեց Ինճէճիկեանի որդիներուն՝ Աւօ եւ Արա Ինճէճիկեաններուն: Ընտանիքին անունով մրցանակը ընդունելով՝ Աւօ ըսաւ. «Մենք կը կարծենք, որ մեր հայրը վերէն կը նայի եւ կը ժպտի»։
Տեսանիւթի մը ցուցադրութենէն ետք, Յարութիւնեան «Գաբրիէլ Ինճէճիկեան Կրթական Գերազանցութիւն» մրցանակը յանձնեց Քալիֆորնիոյ հետեւեալ հայկական վարժարաններու տնօրէններուն կամ ներկայացուցիչներուն.
– Սօսի Շանլեան՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարան
– Ժան Գոսաքեան՝ Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան նախակրթարան
– Լենա Կարապետեան՝ Մեսրոպեան Ազգային վարժարան
– Դոկտ. Սիւզի Օհանեան՝ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
– Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան՝ Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարան
– Կրէյս Անտոնեան՝ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարան
– Քոյր Լուիզա Քասարճեան՝ Հայ Քոյրերու վարժարան
– Կասիա Քիլէճեան՝ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարան
– Արփի Աւանէսեան՝ Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ Աւետարանական վարժարան
– Դաւիթ Ղուկասեան՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարան
– Աննա Պապայեան՝ Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիոստոնեայ վարժարան։









