Հաղորդագրութիւն «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
17 Հոկտեմբեր 2026
40 տարուան տեւողութեան «Վանայ Ձայն»-ը իրապէս հանդիսացաւ ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնը` շնորհիւ ձայնասփիւռի կայանին իրերայաջորդ պատասխանատուներուն եւ անձնակազմին հետեւողական աշխատանքին եւ ծառայութեան անխախտ կամքին:
«Վանայ Ձայն»-ը սոսկական ձայնասփիւռի կայան մը չէ, այլ ազգային դիմագիծ եւ տեսլական ունեցող կայան մը: Իր հիմնադրութեան առաջին օրէն «Վանայ Ձայն»-ը հանդէս եկաւ իբրեւ հայկական ազգային արժէքներու եւ ազգային սկզբունքներու ջատագովման միջոցներէն մէկը, որ կը մատուցէ զուտ հայկական երաժշտութիւն եւ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ կը նպաստէ արեւմտահայերէնի ճիշդ եւ ճշգրիտ գործածութեան: Զանազան յայտագիրներու միջոցով «Վանայ Ձայն»-ը միշտ փորձեց հարազատ հայ երգն ու մշակոյթը հասցնել ամէնուրեք` Լիբանանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու տուն, գործատեղի եւ ինքնաշարժ: Աւելի՛ն, օգտագործելով ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած բարիքները, ներկայիս «Վանայ Ձայն»-ը կը հասնի նաեւ Լիբանանի սահմաններէն դուրս:
ՀՅ Դաշնակցութեան հովանիին ներքեւ գործող գրաւոր մամուլին եւ ընկերային ցանցերու հարթակներուն կողքին, «Վանայ Ձայն»-ը` իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնական ձայնասփիւռի կայանը, հանդէս կու գայ իբրեւ յանձնառու լրատուամիջոց: Քաղաքական լուրերու եւ յայտագիրներու հաղորդումներով ան ի սկզբանէ ներկայացուցած է ՀՅԴ-ի դիրքորոշումները, գաղափարական արժեհամակարգը եւ տեսլականը` յատուկ տեղ տալով նաեւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն լուսաբանման: Իբրեւ համահայկական գաղափարական արժեհամակարգ դաւանող լրատուամիջոց, «Վանայ Ձայն»-ը նաեւ իւրայատուկ կամուրջ հանդիսացած է Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ` լիբանանահայ եւ սփիւռքահայ ունկնդիրներուն մատուցելով հայրենի զուլալ երգն ու երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենական նորութիւնները, միւս կողմէ սփիւռքահայ արժէքները ներկայացնելով հայրենի ունկնդիրներուն:
40 տարիները առիթ են արժեւորելու վաստակը բոլոր անոնց, որոնք տարիներու ընթացքին իրենց նուիրումով, աշխատանքով եւ վաստակով կերտեցին «Վանայ Ձայն»-ի պատմութիւնը: Մեր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնենք կայանին հիմնադիրներուն, տնօրէններուն, հաղորդավարներուն, լրագրողներուն, ձայնի հաղորդավարներուն, բոլոր աշխատակիցներուն եւ անոնց, որոնք իրենց կամաւոր նպաստը բերին այս երթին` յաճախ հեռու մնալով հանրային ուշադրութենէն:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կ՛ուղղէ «Վանայ Ձայն»-ի ամբողջ ընտանիքին` ձայնասփիւռի այս կայանի հիմնադրութեան 40-ամեայ բեղուն յոբելեանին առիթով` մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ եւ անխափան երթ:
Թող որ այս լրատուամիջոցը հաստատ մնայ ի սկզբանէ իր որդեգրած գաղափարական ուղիի պատնէշներուն վրայ:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
