Նորացուած Համայնավարութեան Կեղծիքը
16 Հոկտեմբեր 2026
«Պատմութիւն ասելով հիմնականում հասկանում ենք այն, ինչ տեղի է ունեցել անցեալում: Միթէ՞ սա հիմնարար խնդիր չէ. եթէ պատմութիւնը արդէն տեղի է ունեցել, մենք այլեւս ի՞նչ կարող ենք անել: Կամ նոյնիսկ ինչ-որ բան կարո՞ղ ենք անել, դա անցեալն այսօր վերարտադրելու եւ այսպիսով դա փոխելու փորձն է, բայց գործնականում հնարաւոր չէ փոխել այն, ինչ արդէն տեղի է ունեցել:
«Լուծումը մէկն է. պատմութիւն ասելով նկատի ունենալ ոչ թէ այն, ինչ արդէն տեղի է ունեցել, այլ այն, ինչ պէտք է տեղի ունենայ: Այս ընկալումը մեզ դարձնում է պատմութեան լիարժէք հեղինակ, որովհետեւ այն ստեղծւում է հիմա եւ պէտք է ստեղծուի վաղը»:
Դիտմամբ այսքան երկարօրէն վերարտադրեցի Նիկոլ Փաշինեանի պատմագիտական մտորումները, որպէսզի հասկնալի ըլլայ, որ «իրական Հայաստան»-ի այսպէս կոչուած գաղափարաբանութիւնը կ՛ենթադրէ հայ ժողովուրդի «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» նախորդող ժամանակաշրջանի ամբողջական անտեսումը: Եթէ նոյնիսկ գոյութիւն ունեցած է Հայաստան կոչուած երկիր մը, անիկա թիւրիմացութիւն մըն է եղած: Հայ ժողովուրդ, հայ ազգ կրնան գոյութիւն ունեցած ըլլալ, բայց անոնք օտար շահերու ծառայող անգիտակից բազմութիւններ եղած են: Անցեալին գոյութիւն ունեցած Հայաստանն ու անոր բնակչութիւն հանդիսացող հայութիւնը կապ չունին ներկայիս միայն պատմութիւն կերտող «իրական Հայաստան»-ին հետ: Ո՛չ թագաւորութիւններ եւ պետականութիւն ունեցած ենք, ո՛չ ազատութիւն տենչացած ենք, ո՛չ ալ ազատագրական պայքար մղած: Մեր պատմութենէն դասեր քաղելու, սխալները չկրկնելու, կորսուածը վերադարձնելու համար մարտնչելու, նոյնիսկ հաւաքական իղձեր եւ գիտակցութիւն ունենալու, ինքնուրոյն ազգ դառնալու եւ մեր ապագան տնօրինելու նկրտումները սխալ են եղած: Չ՛արժեր զանոնք վերյիշել: «Իրական Հայաստան»-ի կերտիչները հպարտութեամբ պատմութիւն կը ստեղծեն, դառնալով պատմութեան «լիարժէք հեղինակ»: Սա «ազատ եւ երջանիկ Հայաստանի» տեսլականն է:
Ուրիշ առիթով մը Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած էր, որ «պատմական արդարութեան մասին երազելու կարիք չկայ. մեր երազանքները իրականացած են»: Հայոց պատմութիւնը Հայաստանի պատմութեան վերափոխելու ժամանակ մոռցած էին «իրական» ածականը աւելցնել: Այժմ այդ եւս կրնան ընել, քանի որ մանկավարժ (նաե՛ւ) Նիկոլ Փաշինեան պատգամած է, որ աշակերտներուն պէտք չէ աւանդել որեւէ բան, որ չ՛առնչուիր «իրական Հայաստան»-ին:
Մեկնաբանական այս փորձերը կը կատարուին արդարացնելու համար վերջին ութ տարիներու ընկրկումները: Ազգային խորհրդանիշներէն հրաժարում, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի արտաքին գործոց նախարարութեան օրակարգէն վերացում, Հայ դատի ուրացում, պատերազմի պարտութիւն, Արցախի կորուստ, Հայաստանէն հողամասերու գրաւում Ազրպէյճանի կողմէ, սահմանադրութիւնը փոխելու խոստում եւ այլն, կը կազմեն երկար շարքը Հայաստանի ընկրկումներուն, որոնք իշխանութիւնը յաղթանակ կը համարէ եւ ինքնիշխանութիւն կը կոչէ: Չի բաւականանար պարտութիւնը յաղթանակի վերածելէ. կը փորձէ անոնց տալ տեսաբանական արդարացումներ եւ քաղաքական պարտուողական ռազմավարութիւնը վերածել յաղթանակ ու ինքնիշխանութիւն բնորոշող գաղափարախօսութեան: Այսինքն` պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքի կոպիտ խեղաթիւրման:
Մենք տեսած էինք արդէն Հայոց պատմութեան խեղաթիւրումը համայնավարական տիրապետութեան տարիներուն: Պատմական բոլոր երեւոյթները, բոլոր պայքարները մարքսիզմ-լենինիզմով մեկնաբանելու արկածախնդրութիւնը: Հայոց պատմութիւնը դասակարգային պայքարի թատերաբեմի վերածելու կեղծիքը: Հողային հարցերը լուծուած, հարեւաններուն հետ եղբայրացած Խորհրդային Հայաստանը եւս այն ժամանակներու իշխանաւորներուն եւ անոնց թմբուկը թնդացնողներուն համար «իրական Հայաստան»-ն էր, հայ ժողովուրդի ազատագրական մաքառումներուն վերջնարդիւնքը:
Համայնավարական վարչաձեւի տապալումը փոխեց ընկալումները: Փաշինեանական գաղափարականութենէ զուրկ վարչաձեւին տապալումէն ետք, կրկին պիտի փոխուի ընկալումը եւ նորացուած համայնավարութեան բռնատիրութիւնը հայ մարդոց քաղաքական մտածողութեան վրայ պիտի մերժուի: Անթեղուած կրակը չի կրնար չբոցավառիլ: Միայն կայծ է պէտք:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
