Բնապահպանական Խոստումներ․․․Կենսաբազմազանական Հակասութիւններ՝ ՔՈՓ-17
16 Հոկտեմբեր 2026
«Երկիրը չի մեռնիր․ զայն կը սպաննեն։ Եւ այդ սպաննողները անուններ ու հասցէներ ունին»։
Եութա Ֆիլիփս (1935 –2008, ամերիկացի բանաստեղծ, պատմող, քաղաքական գործիչ եւ երգիչ)
Քանի մը օրէն Երեւանի մէջ մեկնարկը պիտի տրուի կենսաբազմազանութեան կողմերու խորհրդաժողովին` ՔՈՓ-17 (COP-17, որ յապաւումն է Conference of the Parties-ի)։ Այս պարագային «կողմեր» եզրը կը վերաբերի այն երկիրներուն եւ կառավարական մարմիններուն, որոնք ստորագրած կամ վաւերացուցած են միջազգային համաձայնագիր մը, պաշտպանելու համար բնապահպանման խնդիրներ։
Այսպէս, Հոկտեմբեր 19-էն 30 Հայաստան պիտի հիւրընկալէ այս խորհրդաժողովը, որուն պիտի մասնակցին զանազան երկիրներէ ժամանած կառավարական, ոչ կառավարական, միջազգային կազմակերպութիւններու, գիտական շրջանակներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ՝ քննարկելու կենսաբազմազանութեան պահպանման համաշխարհային յառաջընթացը։
Անկասկած, այս խորհրդաժողովին նպատակը այժմէական եւ անառարկելի է, սակայն Հայաստանի պարագային հարցը պէտք է դիտել նաեւ տարբեր ակնոցով։ Արդեօք որքանո՞վ հաւատարիմ կը մնայ կազմակերպող եւ հիւրընկալող երկիրը՝ Հայաստանը, այն բնապահպանական սկզբունքներուն, զորս միջազգային բեմերէն կը յայտարարէ պաշտպանել, այլ երկիրներու կողքին։
Այս հակասութիւնը շատ աւելի ցայտուն դարձաւ նոյնինքն այս խորհրդաժողովի նախապատրաստական փուլին, երբ ստոյգ աղբիւրներէ ի յայտ եկաւ, թէ այդ աշխատանքներուն ընթացքին գոյացած հողը, քարերն ու շինարարական թափօնները թափուած էին Հրազդանի կիրճի լանջերուն վրայ՝ վնասելով ծառերուն եւ նոյնիսկ արգելափակելով համանուն գետի հունին որոշ հատուածները։ Ցայսօր բնապահպաններ եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններ կը պահանջեն կասեցնել այդ գործողութիւնները եւ զանոնք ենթարկել դատական քննութեան։
Անընդունելի է սովորութիւն դարձած «հարցը ծածկելու» եւ մոռացութեան մատնելու քաղաքականութիւնը։ Ներկայ իշխանութիւնը պարտաւոր է պատասխանել այս հարցումներուն՝ փաստերով, հրապարակային քննութեամբ եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, վնասուց հատուցում կատարել գործնական քայլերով, եւ ոչ թէ բաւարարուելով ու այցելողներուն դիմաց կազմակերպչական յաջողութեան մասին յայտարարութիւններ ընելով։
Դեռ աւելի՛ն. աւելի քան տարի մը առաջ, Հայաստանի շարք մը քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններ բաց նամակով մտահոգութիւն յայտնած էին կառավարութեան կարգ մը քաղաքականութիւններուն առնչութեամբ։ Անոնց քննադատութեան առարկան ու կիզակէտն էին կենսաբազմազանութեամբ հարուստ տարածքներու հանքարդիւնաբերութիւնը, «Զմրուխտեայ ցանց»-ի պահպանուող տարածքներու կրճատման առաջարկները, մօտակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատման կանոնակարգերու թուլացումը եւ պահպանուող տարածքներուն հասցուած վնասը կանխելու ձախողութիւնները։․․․Եւ այս օրերուն է, որ պաշտօնապէս շահագործման սկսաւ Ամուլսարի ոսկիի հանքը։ Հապա Արցախի կործանո՞ւմը, իր բնակչութեամբ, կառոյցով, մշակոյթով, ժառանգութեամբ…:
Հարցը լուրջ է, երեւոյթն ալ՝ խոտոր։ Ինչպէ՞ս կարելի է աշխարհին կենսաբազմազանութեան պաշտպանութեան դասեր տալ, երբ նոյն երկրի բնապահպանական քաղաքականութիւնը արդարօրէն քննադատութեան կ՚ենթարկուի իր իսկ քաղաքացիներուն կողմէ։
Բնական է, որ լուրջ խնդիր կը ծագի, երբ բնապահպանական մեծ խոստումները չեն համընկնիր երկրին մէջ իրականացուող քաղաքականութեան։ Եւ այս մէկը ուղղակիօրէն կը վերաբերի Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ բնութեան պահպանման իրական կարողութեան։
Նմանօրինակ ժողով մը կազմակերպելու պատրաստակամութեամբ, մսխուած գումարն ալ ստեղծած է փոթորիկ, մանաւանդ, որ մետասաներորդ պահուն կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր պետական պահեստէն 2.6 միլիառ դրամ (մօտաւորապէս 7,3 միլիոն տոլար) յաւելեալ յատկացում մը կատարել ՔՈՓ17-ի նախապատրաստութեան համար։ Նախապէս նշուած էր նաեւ շուրջ 7.5 միլիառ դրամ (մօտաւորապէս 20.7 միլիոն տոլար) արժողութեամբ պետական պայմանագիրի մը մասին՝ սոյն խորհրդաժողովի ցուցահանդէսի կեդրոնի կառուցման վերաբերեալ։
Պղտոր է հաշուեցոյցը եւ հեռու թափանցիկութենէ, որ վստահելիութեան բանալի պայմանն է։ Հայորդին իրաւունք ունի տեղեկանալու, թէ այս խորհրդաժողովը վերջապէս որքան պիտի արժէ, ինչպէ՛ս բաշխուած են պետական միջոցները, ի՛նչ ծառայութիւններ մատուցուած են եւ բուն էականը՝ ի՛նչ մնայուն օգուտ պիտի ստանայ երկիրը կամ աւելի ճիշդը՝ Երեւանը։
Այս խորհրդաժողովը կարելի չէ արժեւորել Երեւան ժամանած պատուիրակներու թիւով, նորակառոյց սրահներու կամ համալիրներու վրայ ծախսուած գումարներով կամ նոյնիսկ՝ մասնակցող պաշտօնատարներու հեղինակութեամբ։
Հուսկ, դիւրին է պարզապէս բնապահպանութեան մասին խօսիլ եւ պաշտպանել, այն պայմանով, որ ան դառնայ բնութիւնը պաշտպանող պետութիւն։
Իսկ եթէ ՔՈՓ17-էն ետք Հայաստանի բնութիւնը մնայ նոյնքան անպատսպար եւ խոցելի, այդ պարագային այս խորհրդաժողովը պիտի ըլլայ ոչ թէ բնապահպանական եւ կենսաբազմազանութեան գործընթացի յաղթանակ մը, այլ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ վկայութիւն մը եւս․․․չիրականացուած երկարաշարք խոստումներու։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
14 հոկտեմբեր 2026
