Լաչակին Հպարգելքը
23 Հոկտեմբեր 2026
Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանական վիճակ, աւեր եւայլն։
Վերջին օրերուն կիզակէտը Ֆրանսան է իր արիւնալի դէպքերով, անմարդկային հրդեհներով եւ կողոպուտներով, որոնք մոռցնել կու տան բազմաթիւ այլ բողոքներ եւ ցոյցեր։ Ասոնց կարգին է նաեւ Ատրպէյճանը, ուր աւելի քան ամիսէ մը ի վեր լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ։
Հարցը սկսաւ, երբ 21 Սեպտեմբերին կառավարութիւնը, յատուկ օրակարգով մը հաստատեց դպրոցական համազգեստի նոր օրէնք մը, որուն մէջ յստակօրէն կը նշուի, թէ կ՚արգիլուին այնպիսի հագուստներ, որոնք կը շեղին սահմանուած համազգեստէն կամ կը հակասեն կրթական ոլորտի աշխարհիկութեան սկզբունքին։ Թէեւ, յստակօրէն չէր նշուած, սակայն բացայայտ էր, որ արգիլուած էր կրել լաչակ՝ իսլամական գլխաշոր։ Աշակերտներուն չէր ուղուած այս օրէնքը, այլ նաեւ ուսուցիչներուն։ Ահաւասիկ արգելք մը, որ շուտով վերածուեցաւ հպարգելքի (taboo)։
Բաւական զարմանք յառաջացուց այս որոշումը, մանաւանդ, որ Ատրպէյճանի բնակչութեան չախչախիչ մեծամասնութիւնը մահմետական է։ Երկիրը կը բաղկանայ շիի մահմետական մեծամասնութիւնէ մը, փոքրամասնութիւն կազմող սիւննի համայնքին կողքին։
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, 1991-ի անկախութենէն ետք, պետութիւնը գործադրեց այն ուղեգիծը, թէ քաղաքական համակարգը սահմանադրութեամբ աշխարհիկ է։ Հաւանաբար, խորհրդային շրջանին յաջորդած քաղաքական զարգացումներուն մէջ, պէտք է նկատել ներկայ հակասութեան արմատները։
Բռնատէր Ալիեւի համար, այսպիսի ազատամիտ եւ արեւմտամէտ մօտեցում մը, կրնայ «լաւ աչք»-ով դիտուիլ Արեւմուտքին կողմէ, մանաւանդ, որ Պաքուն երկար տարիներէ ի վեր մտահոգութիւն կը յայտնէ դրացի Իրանի իսլամական հանրապետութեան քաղաքական եւ կրօնական ազդեցութիւնը տարածելու փորձերուն առնչութեամբ։ Այս պատճառով է, որ միջազգային վերլուծաբաններ աշխարհիկ կրթական կանոններու գործադրութիւնը ներկայացուցած են իբրեւ միջոց մը՝ դիմադրելու համար Թեհրանի հետ կապուած կրօնական գաղափարախօսութիւններու տարածման, շեշտելով, թէ երկու երկիրներն ալ ունին գերազանցապէս շիի համայնքին պատկանող բնակչութիւն եւ կրօնական աւանդոյթ։ Էական տարբերութիւնը, անոնց քաղաքական համակարգերն են, այսինքն պարզ ու մեկին Ատրպէյճանը աշխարհիկ հանրապետութիւն է, մինչդեռ Իրանը իսլամական հանրապետութիւն է, ուր քաղաքական հաստատութիւնները ամբողջովին կապուած են կրօնական իշխանութեան հետ։
Սակայն Ալիեւ եւ իր ռազմավարական հետազօտութեանց կամ քաղաքական վերլուծական` think tank խմբակը նկատի առած էր դրացի «թշնամի»-ն, մոռնալով դրացի բարեկամ Թուրքիան, որոնք յաճախ կը կրկնեն «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» եզրոյթը՝ բնորոշելու համար իրենց յարաբերութիւնները։ Եւ այդ ալ յատկապէս Արցախի պատերազմի օրերուն, որուն ընթացքին Անգարա կենսական եւ անհրաժեշտ զինուորական, ռազմավարական եւ քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերեց, անկախ անկէ, որ երկու երկիրները կը բաժնեն լեզուական, մշակութային, ընկերային կապեր, նաեւ տնտեսական լայնածաւալ յարաբերութիւններ։
Թուրքիոյ մէջ լաչակի պատմութիւնը բոլորովին տարբեր է։ 1990-ականներուն Թուրքիոյ աշխարհիկ հաստատութենական համակարգը սահմանափակումներ պարտադրեց համալսարաններու եւ պետական հաստատութիւններու մէջ լաչակ կրելու նկատմամբ, այնքան մը, որ իգական սէրի պատկանողները դիմագրաւեցին բարձրագոյն կրթութեան եւ պետական ոլորտի մէջ աշխատանքի խոչընդոտներ։ Այս սահմանափակումները դուռ բացին քաղաքական եւ ընկերային լուրջ հակամարտութեան։
Թուրք պահպանողականներուն համար լաչակը դարձաւ ոչ միայն կրօնական ինքնութեան խորհրդանիշ, այլեւ հանրային կեանքին լիարժէք մասնակցելու իրաւունքի արտայայտութիւն՝ առանց հաւատքի եւ կրթութեան միջեւ ընտրութիւն կատարելու պարտադրանքին։ Կացութիւն մը, որ կը հակասէ Պաքուի որդեգրած գործելաձեւին։
Այսպէս, Էրտողանի քաղաքական շօշափելի ժողովրդականութիւն արձանագրեց՝ հակադրուելով աշխարհիկ հաստատութենական համակարգին հետ կապուած սահմանափակումներուն։ Յետագային լաչակի արգելքներուն մեծ մասին վերացումը դարձաւ անոր քաղաքական ժառանգութեան կարեւոր մէկ մասնիկը։
Պաքուի ցուցարարներուն կողքին, այս անգամ բողոքի հաւաքներ եւ ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Ատրպէյճանի Պոլսոյ հիւպատոսարանին եւ Անգարայի դեսպանատան առջեւ։ Նոյնիսկ ցոյցեր կազմակերպուեցան Լոնտոնի, Պերլինի եւ եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ։ Ցուցարարները յստակօրէն կը պահանջէին չհետեւիլ օրէնքներուն, չեղարկել սահմանափակումները եւ թոյլ տալ աշակերտներուն վերադառնալու դասարաններ՝ առանց իրենց լաչակներէն հրաժարելու։
Հաւանաբար Ալիեւի կառավարութիւնը պիտի փորձէ պահպանել իր սահմանադրական աշխարհիկ ինքնութիւնը՝ միաժամանակ երաշխաւորելով, որ կրօնական համոզումներու գործադրութիւնը պատճառ չդառնայ երեխաները դպրոցէն դուրս ձգելու կամ գոյութիւն ունեցող բողոքն ու ցասումը պատժելու։ Եւ այս մէկը կրնայ ունենալ լուրջ հետեւանքներ, ոչ միայն անմիջականօրէն տուժած աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, այլեւ երկրի սահմանադրական յանձնառութիւններուն, ներքին քաղաքական մթնոլորտին եւ իր գլխաւոր դաշնակից՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վրայ։
Արդարեւ, յստակ է, թէ լուրջ դիւանագիտական վէճ մը սկսած է գոյութիւն ունենալ երկու երկիրներուն միջեւ, եւ երկու կառավարութիւնները հրաժարած են իրենց աւելի լայն ռազմավարական գործակցութենէն։
Այսպէս, Պաքուի հաշիւները սխալ դուրս եկած էին եւ լաչակի արգելքը վերածուած էր հպարգելքի։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
