Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան այցելեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ Թեմի Առաջնորդարան
26 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Քորթեանի՝ այցելեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ Թեմի Առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ գաղութիս առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ազգային և հոգեւոր կարեւոր նիւթեր, Աւստրալիոյ, հայրենիքի և սփիւռքի մէջ: Հ.Հ. Կառավարութեան յարձակումները մաս կազմեց խօսակցութեան, ուր փոխանցուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան աջակցութիւնը եկեղեցւոյ, որ կը գործէ իբր հայութեան համախմբան և հոգեւոր կեդրոն:
