Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
27 Հոկտեմբեր 2026
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կատարած յայտարարութիւնները որոշ հետեւութիւններու կրնան առաջնորդել` յառաջիկային իշխանութիւններուն կողմէ առնուելիք քայլերուն ուղղութեամբ:
Վարչապետը կը ձեւացնէ, որ դժգոհ է իր գլխաւորած կուսակցութեան տարած «ջախջախիչ» յաղթանակէն` երեւոյթը ոչ ժողովրդավար երկիրներուն յարիր նկատելով: Ապա կը հաստատէ, որ գործող ընդդիմութիւնը, որուն կու տայ «լրտեսական» որակումը, արմատախիլ ըլլալու ընթացքին մէջ է: Կը շարունակէ, որ Հայաստանին պէտք է պետականամէտ ընդդիմութիւն մը, որ չուղղորդուի այլ պետութենէ: Ակնարկները յստակ են, եւ յայտարարութիւնը ուղիղ հասցէական է այս պարագային:
Ընտրութիւններուն արդիւնքները լիապէս օգտագործուած են քաղաքական հետագայ վարքագիծի մը ուղենիշերը հրապարակելու համար: Այս բոլորը կը կապուին վարչապետին նախորդ յայտարարութեան, որ կը վերաբերէր Սահմանադրութեան փոփոխութեան համար նախ ընդդիմութիւնը փորձել համոզելուն եւ, եթէ չարդիւնաւորուի, երթալու արտահերթ ընտրութիւններու:
Հիմա, երբ կ՛ըսուի, թէ արմատախլման ընթացքը սկսած է, ապա, միշտ ըստ վարչապետին, այդ ընթացքը իր լրումին կը հասնի նոր ընտրութիւններով, որոնց հիմամբ պիտի ձեւաւորուի «պետականամէտ» ընդդիմութիւն: Շարունակենք տրամաբանութիւնը: Այն ընդդիմութիւնը, որ շուտով կը համոզուի սահմանադրութեան փոփոխութեան համար համաձայնելու իշխող մեծամասնութեան հետ եւ խորհրդարանին մէջ բաւարար քուէներով համապատասխան հանրաքուէն պիտի որոշէ:
Այս բեմագրութիւնն է, որ կը հրամցուի հիմա ժողովուրդին` մեկնելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն արդիւնքներէն: Այս բոլորին նպատակը, ուրեմն, կառավարելի ընդդիմութեան մը յառաջացումն է, որուն «պետականամէտ» ձեւակերպումը կը տրուի: Այնպիսի ընդդիմութեան մը ձեւաւորումը, որ հիմնական օրակարգերու պարագային կը միանայ իշխանութեան եւ կը նպաստէ իշխանութեան առաջադրած օրակարգերու իրականացման: Ժողովրդավար դիմագիծի պահպանման «մտահոգութեամբ»` վարչապետը այս ձեւով կ՛առաջադրէ ձեւաւորել վերահսկելի ընդդիմութիւն` ոչ թէ պետականամէտ, այլ իշխանամէտ ընդդիմութիւն մը:
Հետաքրքրական է, որ այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ, այս անգամ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը գրեթէ միաժամանակ յայտնած է. «Հայաստանի մէջ որոշակի գործընթացներ տեղի կ՛ունենան, իսկ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կը բխի հայկական իշխանութիւններու շահերէն»:
Ազրպէյճանցի դիւանագէտը, խօսելով Հայաստանի իշխանութիւններու շահերուն մասին, ըստ էութեան կ՛ընդգծէ իր պետութեան եւ Հայաստանի գործող իշխանութիւններու շահերուն համատեղումը: Յայտարարութեան ընտրուած պահուն քաղաքական իմաստը այն է, որ Պաքուն կ՛երկրորդէ վարչապետին գծած ճանապարհային քարտէսով ընթանալու բեմագրութիւնը:
Պաքուի ճնշումը, սակայն, այս գործընթացը պարտադրելու առումով կ՛երեւի ազրպէյճանցի դիւանագէտին յայտարարութեան միւս բաժինին մէջ. «Հայաստանը Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման տարբեր ժամկէտներ կը նշէ, սակայն Պաքուն պատրաստակամ է աւարտին հասցնելու այս գործընթացը»:
Այս մասով կը պարզուի, որ Պաքուն ձգձգումներու կամ ժամկէտներ փոխելու քաղաքականութեան համաձայն չէ եւ կ՛աճապարէ: Այդ աճապարանքը, սակայն, խաբուսիկ է: Պաքուն անվերջ նախապայմաններ նորացնող վարքագիծով կ՛առաջնորդուի: Եթէ նոյնիսկ Սահմանադրութիւն փոխուի, պիտի չաւարտի Պաքուի նախապայմաններու նորացումը: Ըստ Պայրամովի, «Հայաստանը եւ հայ հասարակութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրեն ազրպէյճանցիներէն, որոնք 30 տարի շարունակ չեն կրցած վերադառնալ իրենց հարազատ վայրերը»: Պետութեան ներողութիւնը նոյնիսկ բաւարար չէ, անհրաժեշտ է ամբողջ հասարակութեան կողմէ «ներողութիւն»-ը:
Տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններու արդիւնքներուն` վարչապետին ուղիղ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին անուղղակի մեկնաբանութիւններուն մէջ համատեղելի կէտերը առկայ են:
Հրամցուող ճանապարհային քարտէսը, որ պայմանաւորուած է գործող ընդդիմութեան արմատախլումով, ըստ էութեան լաբիւրինթոսային քարտէս է:
«Ա.»
«Ազդակ»
