Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ այցելեցին Ազգային առաջնորդարան
29 Հոկտեմբեր 2026
Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեցին այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ` Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տիար Լեւոն Պարոնեանի, համա-ատենապետներ՝ Տեարք Ռաֆֆի Սարգիսեանի եւ Մայք Քէլէշեանի, ինչպէս նաեւ կազմի անդամներու:
Ծանօթացման նպատակով պաշտօնական այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խորհրդակցելու մեր համայնքը յուզող հարցերու, Հայաստանի, արցախահայութեան եւ Սփիւռքի գաղութներու իրադարձութիւններուն մասին: Նաեւ անդրադարձ եղաւ՝ հանրային կեանքի մէջ հայ երիտասարդութեան զօրավիգ կանգնելու եւ ազգային կառոյցներէն ներս անոնց գործօն դերակատարութիւն վստահելու կարեւորութեան մասին, այլեւ ակնարկուեցաւ՝ արդիականացման հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութեան եւ Արեւմտեան շրջանի կեանքի բարելաւման նպաստող զանազան ծրագիրներու եւ միջոցներու կիրարկման:
Բաժնելով խորհրդակցութեան նիւթերը, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները, Առաջնորդ Սրբազան հայրը շեշտեց, որ հայահոծ հայ համայնքի կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, իւրաքանչիւրը՝ իր առաքելութեան ծիրին մէջ, կը զօրակցին նոյն նպատակին եւ կը ծառայեն շրջանի բարօրութեան ու զարգացման:
Հուսկ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ողջունեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան 136 տարիներու ծառայութիւնը եւ բարի երթ, նորոգ ուժ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
