ՀՅԴ ԶՈՄ վարչութեան եւ յարաբերական յանձնախումբի անդամներ այցելեցին Յակոբ Բագրատունիին
29 Հոկտեմբեր 2026
28 հոկտեմբեր, 2026-ին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ յարաբերական յանձնախումբի անդամներ այցելեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քաղաքական եւ յարաբերական գործունէութիւններու շուրջ գաղափարներու եւ տեսակէտներու փոխանակման, ինչպէս նաեւ փորձառութիւն քաղելու։
