ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Երիտասարդական
  • Լուրեր

Ամփոփուեցաւ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» ուսումնասիրութիւններու երկրորդ մրցոյթը

27 Փետրվար 2026

18 Փետրուար 2026ին, Երեւանի մէջ, կայացաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի կողմէ նախաձեռնուած «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» ուսումնասիրութիւններու մրցոյթին 2025-2026 (2-րդ Հունձք) տարեշրջանի եզրափակիչ միջոցառումը:

Միջոցառման ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովներու պատգամաւորներ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի, Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, մրցոյթին մասնակցած ուսանողներ ու խորհրդատուներ, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի եւ Արցախի Ուսանողական եւ Երիտասարդական Միութիւններու անդամներ:

Այս տարի ծրագրի հովանաւորն էր` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի կողմէ լիազօրուած Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կոմիտէն: Իսկ մրցոյթին կեդրոնական թեման՝ Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքը:

Միջոցառումը վարեց եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Ն.Ա.Ո.Մ.-ի Վարչութեան անդամ ընկերուհի Տաթեւ Տէր Մարտիրոսեան, որ ներկայացուց ծրագրին կարեւորութիւնը եւ նպատակը՝ «համախմբել հայ ուսանողութեան մասնագիտական կարողականութիւնը եւ ծառայեցնել զայն ընդհանրապէս Հայ Դատին եւ յատկապէս Արցախեան հիմնախնդրին»:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակին անունով հանդէս եկաւ գրասենեակի պատասխանատու ընկերուհի Ցողիկ Աշըգեան, որ շեշտեց հայ ուսանողութեան դրական ներդումը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երկարամեայ պատմութեան ընթացքին, որպէս անոր սնուցանող երակը, միաժամանան անհրաժեշտ փոփոխութիւններ յառաջացնող ներուժը:

Ան ամփոփեց ուսումնասիրութեան կեդրոնական թեմային հինգ ենթագլուխները, ըստ հետեւեալի՝

– Միջազգային իրաւունք եւ փորձ- Միջազգային գետնի վրայ հիմնաւորուած դիրքորոշումներ որդեգրել՝ նպաստելով արցախահայութեան վերադարձը միջազգային օրէնքի ուժով իրականացնելու ջանքերուն:

– Վերադարձի պայմաններ.- Ի՞նչ պայմաններու ներքոյ վերադարձը լիակատար եւ իսկական կը դառնայ:

– Դերակատարներու առնչութիւն.- Որո՞նք են Արցախի իշխանութիւններու, Հայաստանի պետութեան եւ միջազգային այլ գործօններու պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները՝ արցախահայութեան վերադարձին վերաբերեալ:

– Արցախի Հայկական ինքնութեան պահպանում.- Ինչպէ՞ս պէտք էր յառաջ տանիլ նիւթական եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հիմնահարցը՝ վերադարձի շրջագծէն ներս:

– Ազրպէյճանի դիրքորոշումն ու մեր հակազդական քայլերը․- Հիմնական նախապայմանը Արցախ Վերադարձի իրաւունքի իրականացման ճանապարհին:

Ընկերուհին երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Հայաստանէն եւ աշխարհի տարբեր գաղթօճախներէն մասնագէտ խորհրդատուներուն, որոնք սիրայօժար մասնակցեցան ծրագրին եւ աշխատեցան անոր յաջողութեան համար: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մրցոյթին մասնակցած ուսանողներուն, որոնց աշխատասիրութիւնը եւ հետեւողականութիւնը գնահատելի էր:

Մրցոյթին աշխատասիրութիւն յանձնած էին 13 ուսանողներ եւ 2 ուսանողական խմբակ՝ Հայաստանէն,Ացախէն, ԱՄՆէն, Իրանէն,Սուրիայէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Վրաստանէն եւ Թուրքիայէն:

Ձեռնարկի ընթացքին առաջին հինգ մրցանակակիրները վկայութիւններ տուին իրենց փորձառութեան մասին, ոմանք անձամբ խօսք առնելով, իսկ ուրիշներ՝ տեսաուղերձով իրենց պատգամը փոխանցելով:

Ներկաները լսեցին նաեւ սոյն ուսանողներուն հետ աշխատած խորհրդատուներուն արձագանգները:

Առաջին Մրցանակակիրը ԱՄՆ-էն Ստելլա Փաշեանն էր, որ Շիքակօ Իլինոյի Համալսարանի Քաղաքական գիտութիւններու 2-րդ դասարանի ուսանող է: Անոր ուսումնասիրած նիւթն էր՝ « Վերադարձի Իրաւունքը․ Լեռնային Ղարաբաղի Բնիկ Ժողովուրդը՝ Արցախահայութիւնը» : Իսկ խորհրդատուն՝ ԱՄՆ-էն Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան՝ իրաւաբան, միջազգային օրէնքի մասնագէտ, Հայ Իրաւական Կեդրոնի տնօրէն-խորհուրդի անդամ:

Դոկտ․Յակոբճեան իր տեսաուղերձին մէջ անդրադարձաւ ծրագրի ռազմավարական նշանակութեան եւ Արցախեան հարցը օրակարգի վրայ պահելու առաքելութեան: Ան հաստատեց, որ հայ ուսանողութեան ճամբով, Արցախի նուիրուած գիտական եւ հասարակական գրականութիւնը նոր ու ժամանակակից գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւններով կ’օժտուի:

Երկրորդ մրցանակակիրներն էին Ֆրանսայէն Լիանա Փոհանեանը եւ Ռուսիայէն Սոֆիա Այտինեանը: Լիանան Փարիզի SciencePo Համալսարանի Քաղաքական գիտութիւններու առաջին դասարանի ուսանող է:

Անոր ուսումնասիրած նիւթն էր՝ «Ի՞նչը կը Խոչընդոտէ Միջազգային Իրաւունքի Կողմէ Տրուած Երաշխիքներուն Դիմաց՝ Արցախէն Տեղահանուած Անձերու Վերադարձի Իրաւունքի Իրագործումը։» Իսկ խորհրդատուն՝ Ֆրանսայէն, Դոկտ. Ֆիլիփ Ռաֆֆի Քալֆայեան՝ միջազգային օրէնքի մասնագէտ, իրաւաբանական խորհրդատու, գիտաշխատող եւ դասախօս Փարիզի Փանթէոն Ասաս Համալսարանէն ներս:

Անդին Սոֆիան Մոսկուայի Միջազգային Յարաբերութիւններու Պետական Ինստիտուտի (MGIMO) ուսանող է: Անոր ուսումնասիրած նիւթն էր՝ «Բռնի Կերպով Տեղահանուած Անձերու Վերադարձի Իրաւունքի Իրագործման Նախադէպներու Համեմատական Վերլուծութիւն եւ Քաղելիք Դասեր․ Արցախահայութեան Հարցին Առանձնայատկութիւնները (եթէ կան): » Իսկ խորհրդատուն՝ ԱՄՆ-էն Գառնիկ Գէրգոնեան՝ իրաւաբան, Միջազգային օրէնքի մասնագէտ։

Պարոն Քալֆայեան իր տեսաուղերձին մէջ անդրադարձաւ Միջազգային իրաւունքի մերօրեայ պայմաններուն ըսելով՝«Միջազգային իրաւունքը լրջօրէն կը խախտուի այսօրուան միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, ուր տնտեսական եւ զինուորական հզօրութիւնը կը գերակշռէ իրաւունքի ուժը։ Բայց օր մը՝ վաղ թէ ուշ, իրաւունքը դարձեալ պիտի տիրէ։ Այս մրցոյթին շրջանակին մէջ պատրաստուած վերլուծութիւնները կը նպաստեն Հայ Դատի եւ յատկապէս արցախահայութեան իրաւունքներուն վերաբերող ռազմավարական մտածողութեան մշակման»։

Իսկ պարոն Գէրգոնեան իր տեսաուղերձին մէջ ըսաւ, «Մենք չենք ընտրեր մեր դերը պատմութեան մէջ, սակայն որպէս հայեր պարտաւորութիւն ունինք աշխատելու մեր արդար դատին յաջողութեան եւ իրագործման ուղղութեամբ։ Ասիկա՛ է, որ մեր պատմութեան ընթացքին կատարած ենք, եւ ասիկա՛ է, որ պիտի շարունակենք ընել՝ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի ծրագիրին ծիրէն ներս ճանչցած երիտասարդ փայլուն միտքերու աջակցութեամբ, ուղղորդումով եւ առաջնորդութեամբ»։

Երրորդ մրցնակներներն էին Հայաստանէն քոյրեր Վիկա եւ Էրիկա Կաֆեաններ (խմբակ) եւ Վրաստանէն Տիգրան Առաքելեան: Վիկան եւ Էրիկան Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարանի ուսանողներ են: Անոնց ուսումնասիրած նիւթն էր՝ «Վերադարձի Իրաւունքի Ծիրէն ներս Արցախի Պատմամշակութային Ժառանգութեան Պահպանութեան Կարեւորութիւնը եւ Գործնական Հնարաւորութիւնները:» Իսկ խորհրդատուն՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեան՝ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու և զբօսաշրջութեան նախկին նախարար: Տիգրանը Երեւանի Պետական Համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններ բաժնի ուսանող է: Անոր ուսումնասիրած նիւթն էր՝ «Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքի Իրացման Համար Անհրաժեշտ Միջազգային Նախադրեալները»: Իսկ խորհրդատուն՝ Հայաստանէն, Դոկտ. Գէորգ Ղուկասեան՝ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի ծրագիրներու պատասխանատու:

Պարոն Յովհաննէսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ՝ «Այսօրուան մեր պայմաններում Արցախի մասին խօսելը արդէն իսկ դարձել է հերոսութեան նման մի բան: Շատ ուրախալի է որ երիտասարդ սերունդը երկրորդ անգամն է, որ այս ծրագրին ակտիւ մասնակցութիւն է ունենում: Մեր գործադրած ջանքերի շնորհիւ վերադաձի իրաւունքը եւ մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը կը դառնայ գործ:»

Որպէս խորհրդատու եւ դատական կազմի անդամ ընկեր Գէորգ Ղուկասեան նշել տուաւ, որ այս օրերուն թշնամիին կողմէ մեր ինքնութեան դէմ ծաւալած պայքարը ուղղուած է մեր իրաւունքի գիտակցումէն զրկելուն դէմ, իսկ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» նման ծրագիրները միտուած են ցոյց տալու թէ ինչ է մեր իրաւունքը եւ մեր իրաւունքի միջազգային ընկալումը: Ան գնահատեց բոլոր աշխատանքները եւ հաստատեց, որ ուսումնասիրութիւններուն մէջ տեսական հէնքի հաստատագրումէն անդին, պարզ էր որ վերադարձի իրաւունքը արձանագրուած էր միջազգային ամենատարբեր փաստաթուղթերու մէջ եւ Արցախ վերադարձի իրաւունքը ունի միջազգային ընկալում, վկա՛յ ՄԱԿի կամ զանազան երկիրներու կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումները:

Մրցանքին Դատական կազմի անդամներն էին ` Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Շահան Գանտահարեանը, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի ծրագիրներու պատասխանատու՝ Դոկտ. Գէորգ Ղուկասեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան՝ Գեղամ Ստեփանեանը:

Գեղամ Ստեփանեան իր խօսքին մէջ նկատարում կատարեց շատ կարեւոր կէտի մը վրայ, թէ այսօր, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը զլանան արցախահայութեան իրաւունքներու մասին բարձրաձայնել, այս յանձնառութիւնը պարտին ստանձնել հայրենիքի եւ արտերկրի հայ ուսանողութիւնը, գիտնականները, աքթիւիստները եւ լրագրողները: Յաւելելով, որ այսպիսի աշխատանքներու ամհրաժեշտութիւնը անհերքելի է տարբեր երկիրներու ակադեմական շրջանակներու եւ օտար հանրութեան մէջ կարծիք ձեւաւորելու գործի մէջ: Պարոն Ստեփանեան նկատել տուաւ խորհրդանշական զուգադիպութիւն մը առաջին երեք մրցանակակիրները ԱՄՆէն, ֆրանսայէն եւ Ռուսաստանէն էին, իսկ այս երկիրները հանդիսանալով ԵԱՀԿ ի Մինսքի համանախագահող երկիրներ, մեր աշխատանքի կիզակէտը պէտք է ըլլան:

Մրցոյթի ուսանողներուն ողջոյնի եւ քաջալերական խօսք արտասանեց Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ՝ Վահրամ Բալայեան: Ան վերահաստատեց Արցախի հարցի մշտական քննարկման անհրաժեշտութիւնը եւ ընդհանրապէս Արցախի հետ կապուած բազմաթիւ այլ ուսումնասիրութիւններու կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ աշխատանքները ըլլան շարունակական եւ միջազգային հանրութեան լսելի:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Երիտասարդական Հարցերու պատասխանատու ընկեր Յովսէփ Տէր Գէորգեան: Ան շնորհաւորեց ուսանողները եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղելով խորհրդատուներուն, որպէս ամփոփում օրուան ձեռնարկին եւ անոր խորհուրդին, որպէս ուղենիշեր երեք հիմնական շեշտադրումներ կատարեց: Առաջինը՝ հաւատք, մանաւանդ այս դժուարին օրերուն երբ դիտումնաւոր միտում կայ հայութեան հաւատքը իր ուժերուն հանդէպ չէզոքացնելու: Երկրորդը՝ ծրագրաւորել եւ գործնական քայլեր ի գործ դնել: Երրորդը՝ պայքարի ոգին բարձր պահել, որովհետեւ աշխատանքներու տարողութիւնը կը պարտադրէ մեզ ամբողջական ուժերու լարում եւ անմնացորդ նուիրում:

Միջոցառման աւարտին բոլոր մասնակից ուսանողներուն տրամադրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ նուիրուած «Արցախի դէմ իրականացուած գիտաժողովի նիւթեր, 2024» արժէքաւոր գիրքերը:

Նշենք, որ ծրագրի յետագայ նպատակներէն է’ յաջողակ աշխատանքները տրամադրելի դարձնել հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու՝ արդիւնաւէտ օգտագործման համար:
Յառաջիկային աշխատանք պիտի տարուի հեղինակներուն հետ, որպէսզի իրենց աշխատանքները լոյս տեսնեն գիտական եւ կամ այլ հանդէսներու մէջ եւ հասանելի ըլլան հանրութեան:

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Գրասենեակը այս նախագծով վերահաստատեց ծրագիրը շարունակելու իր յանձնառութիւնը եւ հայ ուսանողութիւնը հայանպաստ գործունէութեան մղելու իր առաքելութիւնը՝ առաւելաբար այսօր արցախահայութեան վերադարձի եւ ինքնորոշման իրաւունքներուն իրականացման ի նպաստ:

18 Փետրուար 2026թ.
Երեւան

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Էրդողանի կողմից ցեղասպանության ժխտումն

Չնայած իրենց դիվանագիտական խորամանկությանը՝ թուրք ղեկավարներն այդպես էլ չսովոր

11 Օգոստոս 2026
Պայքարը շարունակվում է. Բանակում Բյու

Օգոստոսի 3-ից 9-ը Բյուրականի «Գառնիկ Մկրտչյան» բանակավայրում տեղի ունեցավ ՀՅԴ

11 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Սեւրը՝ պատմական իրականութ

Սակայն, անհրաժեշտ է կատարել մի կարեւոր քաղաքա-իրաւական մատնանշում։ Սեւրի դաշնա

10 Օգոստոս 2026
Խմբագրական. Սեւրը՝ Ծրագիրին Եւ Հռչակագ

Սեւրի պայմանագիրի 106-րդ ամեակը յայտնաբար առիթ չէ հանդիսացած հայկական աշխարհին

10 Օգոստոս 2026
Արցախի ժողովրդի իրավունքները սակարկութ

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արա Պուլուզյանը «Ապառաժ»-ի հետ զրույցում, արձագանք

10 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ վերահաստատումը հայրենիքում՝ 36 տար

ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտեի նախաձեռնությամբ այսօր՝ օգոստոսի 8-ին Եռաբլուր զի

08 Օգոստոս 2026
Պայքարը շարունակելուց բացի այլընտրանք

ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենյակի պատասխանատու Կիրո Մանոյանի խոսքը Եռաբլուրում. 1990

08 Օգոստոս 2026
Խաղաղությունը չի կարող լինել անվտանգու

Այո, հակամարտությունն ու դրանից բխող Արցախի ժողովրդի վերադարձի, գերիների տունդ

08 Օգոստոս 2026
Հայ Դատը Դատապարտեց Պաքուի Դէմ Պատժամի

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտեց Թրամփի վարչակազմին կող

08 Օգոստոս 2026
Ստեղծել եք ավտորիտար համակարգ, որը ծառ

Գումարումը սկսեցինք մի ուղերձով, որի առանցքում դահլիճի բարեվարքությունն էր. Առ

07 Օգոստոս 2026
Այդ ճգնաժամը դուք եք ստեղծել

«ՌԴ-ն ՀՀ պետականության համար սպառնալիք չէ։ Ես գիտեմ, որ ապրանքների մուտքի արգե

07 Օգոստոս 2026
Վեհափառի դեմ հարուցված շինծու դատը, եկ

Հայ դատի Կենտրոնական Խորհրդի նախագահ Հակոբ Տեր Խաչատուրյանն անդրադարձել է Գարե

07 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Սիրելի հայրենակիցներ, Առերեսվում ենք հայ ժողովրդի պատմության ամենաանպատվաբե

07 Օգոստոս 2026
Արտածման ճգնաժամը

«Աշխարհագրութիւնը մեզ դրացիներ դարձուց։ Պատմութիւնը՝ բարեկամներ։ Տնտեսութիւնը՝

07 Օգոստոս 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը յայտարարէ «ԱՄԱՐԱՍ» ծրագրի կայացումը

06 Օգոստոս 2026
Դատող կողմի համար այս դատավարությունը

Բաքվի վերաքննիչ դատարանում ավարտվել է Արցախի ռազմական և քաղաքական ղեկավարությա

06 Օգոստոս 2026
Ակնարկ. Երբ իշխանութիւնն այլեւս ընդդիմ

Այս յօդւածը փորձում է հասկանալ, թէ ինչ է տեղի ունենում, երբ իշխանութիւնը արտաք

06 Օգոստոս 2026
Շարունակե՞լ Գոյութիւն Ունեցածը, Թէ՞ Ան

Խորհրդարանական ընտրութիւնները կը կատարուին իշխանութեան փոփոխութիւնը կարելի դար

06 Օգոստոս 2026
Էներգետիկ ինքնիշխանության պատրանքը․ Հա

Ռուսաստանը կարող է վերանայել կամ դադարեցնել Հայաստանի նկատմամբ բնական գազի, նա

06 Օգոստոս 2026
Քարտեզից այն կողմ. Տիգրանաշենը և Հայաս

Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև ընթացող սահմանազատման և սահմանագծման գործընթացը վաղ

06 Օգոստոս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company