Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Յեղափոխական Ուղիով» Նշանաբանը Կրող Բանակումը
29 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած «Յեղափոխական ուղիով» նշանաբանը կրող տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ 9-16 օգոստոս 2026-ին:
Այս տարուան բանակումին նշանաբանէն` «Յեղափոխական ուղիով»-էն մեկնած, բանակող ԼԵՄ-ականներուն ներկայացուեցաւ յեղափոխական ուղին` իր պատմական փորձառութեամբ, գաղափարական արժէքներով եւ պայքարի ոգիով: Բանակումին ընթացքին երիտասարդները առիթ ունեցան անդրադառնալու այն սկզբունքներուն ու արժէքներուն, որոնք ձեւաւորած են յեղափոխական մտածողութիւնը` նուիրում, պատասխանատուութիւն եւ հայրենասիրութիւն:
Տարբեր դասախօսութիւններու, աշխատանոցներու եւ խմբային ծրագիրներու միջոցով մասնակիցները ծանօթացան յեղափոխական ուղիի տարբեր փուլերուն եւ անոր մէջ երիտասարդութեան ունեցած դերակատարութեան:
Բանակումին ընթացքին գործադրուեցան այլազան ծրագիրներ, որոնք ընդգրկեցին դասախօսութիւններ, ընկերային պահեր, զարգացման մրցում, տեսերիզներ, աշխատանոցներ, խրախճանք, ինչպէս նաեւ մարզական խաղեր ու մրցումներ:
Չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2026-ին, Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 50-ամեակին առիթով, ԼԵՄ-ականները այցելեցին անոր տունը` տեսնելու նահատակ ընկերոջ յիշատակին նուիրուած անկիւնը, ապա այցելեցին անոր շիրիմը եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին անոր յիշատակին, իսկ այցելութեան աւարտին անոնք յուշանուէր մը յանձնեցին նահատակին հարազատին:
«Յեղափոխական ուղիով» բանակումը ԼԵՄ-ականներուն համար դարձաւ ինքնաճանաչման, գաղափարական վերանորոգութեան եւ ընկերային կապերու ամրապնդման առիթ: ԼԵՄ-ականները բանակումէն վերադարձան բարձր տրամադրութեամբ եւ վերանորոգ վճռակամութեամբ` շարունակելու իրենց ուղին նոյն ոգիով ու ազգային արժէքներու նկատմամբ հաւատարմութեամբ:

