Բագրատունի. «Պետութեան Պարտականութիւնն Է Բոլոր Կարելիութիւնները Օգտագործելու Գերիշխանութիւնը Պարտադրելու Համար»
27 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Թի.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Շրջագծային համաձայնութիւնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ, ինչպէս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ըսաւ` անիկա մեռելածին է: Սակայն, ինչ կը վերաբերի բանակցութիւններուն, ընդունուած կարգ է, որ հակամարտող կողմերու միջեւ բանակցութիւններ ըլլան. Լիբանանի պարագային բանակցութեան գաղափարը արգիլուած գաղափարներէն մէկն էր, սակայն այս պատերազմին մէջ, հանրապետութեան նախագահի իր պաշտօնը ստանձնելը, ընդհանուր մթնոլորտն ու Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութիւնը, ողբերգութիւններն ու տառապանքները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները պարտադրեցին նոր իրողութիւն մը եւ ստեղծեցին նոր մօտեցում մը` սկսելու բանակցութիւնները, սակայն հիմնական պայմաններով ու սկզբունքներով:
«Բանակցութեան մասին խօսակցութիւններու սկզբնաւորութեան երկրին մէջ շարք մը կողմեր զայն մերժեցին: Հանրապետութեան նախագահը թերեւս այդ ցնցումը յառաջացուց, որպէսզի կարենայ հետագային հասկնալ եւ մենք եւս հասկնանք, թէ ո՛ւր կ՛երթանք: Եւ նախագահը ուղղուածութիւնը սրբագրեց` նշելով, որ այս բանակցութիւնները ինքնանպատակ չեն, եւ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան նախապայմանները յարձակումները, ռմբակոծումները, աւերն ու տեղահանութիւնը դադրեցնելը, բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացումը, գերիներու վերադարձը, տեղահանուածներու վերադարձն ու վերաշինութիւնն են»:
«Մենք բանակցութիւններուն նկատմամբ հասկացողութիւն կը ցուցաբերենք: Կը նախընտրէինք, որ բանակցութիւնները ուղղակի չըլլային, սակայն եթէ ուղղակի բանակցութիւններու ճամբով որոշ լուծումի մը պիտի հասնինք` համամիտ ենք: Կարեւորը արդիւնքն է, սակայն մինչեւ այս պահս արդիւնք չկայ», նշեց Բագրատունի:
«Այն հարցը, որ մեզի ընդհանրապէս նեղութիւն կը պատճառէ, այն է, թէ բոլորս գերիշխանութեան հետ ենք, բոլորս պետութեան հետ ենք եւ բոլորս ալ զէնքի մենաշնորհման հետ ենք, սակայն խնդիրը մեր ունեցած օրէնքներն են, խնդիրը ուղղակի բանակցութիւններու դիմելու ցնցումն է: Իմ կարծիքովս` մենք ճգնաժամի մէջ ենք, որովհետեւ արդիւնքի չենք հասնիր: Ո՛չ Իսրայէլը լիբանանեան պայմաններն ու հեռացումը կ՛ընդունի, ո՛չ ալ իր ստորագրած համաձայնութիւնները կը յարգէ», ըսաւ երեսփոխանը:
«Պետութեան պարտականութիւնն է բոլոր կարելիութիւնները օգտագործել գերիշխանութիւնը պարտադրելու համար: Թշնամին քեզի գերիշխանութիւն չի տար», յայտնեց Բագրատունի:
Անդրադառնալով ՖԻՆԻՒԼ-ը փոխարինելիք ուժերու հարցին Բագրատունի` ակնարկելով Ազրպէյճանի այդ ուժերուն անդամակցութեան մասին շրջանառուող տեղեկութիւններուն, յայտնեց. «Երբ պիտի խօսինք երկիրներու մասին, որպէսզի գան ու Լիբանանին օգնեն, անոնք առնուազն քիչ մը անկողմնակալ պէտք է ըլլան, եւ ոչ թէ Իսրայէլի ուղղակի դաշնակիցը»:
«Այսօր, նախքան վաղը, անհրաժեշտութիւն կայ լիբանանեան կողմերուն միջեւ ուղղակի երկխօսութեան, եւ ան, որ կը մերժէ, պատասխանատուութիւնը ինք կը կրէ: Չմտածենք, որ որովհետեւ երկխօսութեան նախկին նիստերը արդիւնք չտուին, ասիկա եւս պիտի մնայ առանց արդիւնքի», ըսաւ երեսփոխանը:
«Այսօր շրջանին մէջ կան վտանգաւոր փոփոխութիւններ, որոնց գինը մենք կրնանք վճարել: Ե՞րբ անոնց մասին պիտի խօսինք: Բոլորս պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնենք: Երկխօսութիւն պիտի կատարենք, որպէսզի 10452 քառակուսի քիլոմեթր Լիբանանը գոյատեւէ», յայտնեց Բագրատունի:
