47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ
28 Նոյեմբեր 2026
Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէութիւններէն եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-էն 47 նորագիրներ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան` կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի:
Օրուան կնքահայրը խօսեցաւ այսօրուան պայմաններուն մասին եւ ողջունեց նորագիրներու որոշումը միանալու ինքնութեան պահպանման ու կենսունակ պետութեան կերտման պայքարին:
Արմէն Ռուստամեան հաստատեց, որ հայութեան թշնամիները ոգի ի բռին լծուած են հայու ինքնութիւնը ջնջելու աշխատանքին: Ան հաստատեց, որ գործող իշխանութիւնները ամէն ջանք կը թափեն մեր ինքնութեան խորհրդանիշները վերացնելու:
Դաշնակցութեան էութիւնը, որ խարսխուած է ազատատենչութեան եւ հայկական ինքնութեան կառչած մնալու սկզբունքին վրայ, անջիզում որոշած է պայքարիլ այդ բոլորի պահպանման համար:
Այս հանգամանքները նկատի ունենալով` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը երդուեալները կոչեց «Արարատի սերունդ», որ կը միանայ Դաշնակցութեան ինքնութեան պահպանման եւ կենսունակ պետութեան կերտման պայքարին:
