«Արտապատուիրակուած» սահմանադրութիւնը
25 Նոյեմբեր 2026
«Ժողովուրդը կը հանդիսանայ դատարաններուն իրաւատէրը, ո՛չ թէ Սահմանադրութիւնը տապալելու, այլ զայն խեղաթիւրող մարդոց տապալելու համար»։
Ապրահամ Լինքըլն
(1809-1865, Ա․Մ․Ն․-ի 16-րդ նախագահ)
2025-ի ամրան էր, որ վարչապետ Փաշինեան, իր մարաթոնային հարցազրոյցներէն մէկուն, յայտարարած էր, թէ Հայաստանի տարածք մուտք գործող բոլոր բեռներն ու քաղաքացիները, ներառեալ տարանցիկները, պէտք է անցնին մաքսային եւ սահմանային վերահսկողութենէ։ Յաւելեալ գլխապտոյտ յառաջացնելով, ան նոր բառ մըն ալ գործածած էր՝ արտապատուիրակում (արդի աշխարհի առեւտրական բառամթերքին մէջ գործածուող՝ outsourcing, իմա՝ յանձանձում), որուն մասին փորձած էր աւելի յստակացումներ կատարել, աւելորդ եւ մոլորեցնող բացատրութիւններով։
Աւելի քան տարի մը ետք, ահաւասիկ յստակ ձեւով կատարուած արտապատուիրակում կամ օտարներու յանձանձում մը՝ Սահմանադրութեան նախագիծ մը, որուն մէջ նոյնքան միջամուխ եղած են Պաքուն եւ Անգարան։
Եթէ Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» (1929) վէպը Սփիւռքի մէջ արմատախիլ եղած հայութեան պատմութիւնն է կամ վերջերս բազմիցս կրկնուող եւ այժմէութիւն վայելող անդրազգային իսկական համանուագ մը, հապա ի՞նչ ըսել Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբերին, Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան հրապարակած նոր Սահմանադրութեան նախագիծին մասին, որ դժբախտաբար կարելի է պարզ ու մեկին նկատել «Նահանջը առանց սահմանադրութեան»:
Շահնուրին գլուխ գործոցը վէպ մըն էր, որ կը ներկայացնէ Փարիզ ապաստանած Արեւելքէն ժամանած պոլսահայ երիտասարդներու ողբերգական կեանքը։ Մինչդեռ, 23 Նոյեմբերին ներկայացուածը Հայաստանի ապագան բնորոշող Սահմանադրութիւնն է։
Շահնուրի հերոսները, քանի մը երիտասարդներ էին, որոնք լոյսերու քաղաքի ընծայած բարքերուն եւ փառքերուն զոհը կը դառնային, մինչդեռ այս նոր Սահմանադրութեան զոհը՝ հայորդին է, որ իր երկրին մէջ իսկ, կը կորսնցնէ իր ազգային պարտաւորութիւններն ու աւանդութիւնները։
Եթէ սահմանադրական բարեփոխումը օրինաչափ եւ անհրաժեշտ գործընթաց մըն է, ապա Հայաստանին եւ հայորդիին պէտք են աւելի ամուր ժողովրդավարական հաստատութիւններ, անկախ դատական համակարգ, հաշուետւութիւն եւ ազգային անվտանգութեան յստակ ռազմավարութիւն։
Անկասկած, որ Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծին հրապարակումը վճռորոշ հանգրուան մըն է երկրի անկախութեան յետխորհրդային պատմութեան մէջ։ Կառավարութիւնը զայն կը ներկայացնէ իբրեւ խաղաղ, ժողովրդավարական եւ արդիական Հանրապետութեան մը ուղեգիծ, սակայն հոս տեղին է շուտով հարցադրել, թէ արդեօք Հայաստան իր պետականութիւնը վերստին կը սահմանէ՞ իր ազգային առաջնահերթութիւններուն համաձայն, թէ անգամ մը եւս, տեղի տալով իր սահմանադրական ինքնութիւնը կը դասաւորէ, պարզապէս իր հարեւաններուն քաղաքական պահանջները գոհացնելով եւ անոնց հլու կամակատարը դառնալով։
Ջնջուած է խոր իմաստ ունեցող Օգոստոս 23, 1990-ի անկախութեան հռչակագիրին յղումը։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, այդ հռչակագիրը պարզապէս անցումային քաղաքական փաստաթուղթ մը չէր։ Այլ, 70 տարիներու համայնավար տիրապետութենէն ետք, իր ինքնիշխանութիւնը վերագտնելու ձգտող ժողովուրդի մը կամքը կը մարմնաւորէր եւ յատկապէս կ՚արտացոլէր Արցախի հարցին առնչուող պատմական իրողութիւնները։ Անոր վերացումը պարզ իրաւական ձեւակերպումի փոփոխութիւն մը չէ, այլ դիտմամբ դասաւորուած, չափուած ու ձեւաւորուած Հայաստանի անկախութեան պատմական յիշողութենէն դուրս գալու ազդանշան մը։
Ակներեւ է, որ Արցախի բացակայութիւնն ալ աւելի կը շեշտէ այս գործընթացին քաղաքական հետեւանքները։ Բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքները, վերադարձի օրինական ձգտումը, Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագիրը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը չեն կրնար պարզապէս անհետանալ ազգային օրակարգէն՝ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով եւ պարզապէս ի գին խաղաղութեան՝ գլուխ ծռելով։
Ղեկավարութիւն մը իրաւասութիւն չունի հրաժարելու իր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած պատասխանատուութենէն։ Փոխարէն ի՞նչ երաշխիքներ կը տրուին, թէ այս սահմանադրական զիջումները պիտի վերածուին մնայուն խաղաղութեան, Հայաստանի ինքնիշխանութեան ամրապնդման եւ ապագայ յարձակումներու կանխարգիլման։
Նոր Սահմանադրութիւնը ամէնայն բծախնդրութեամբ քննութեան պէտք է ենթարկէ նաեւ գործադիր իշխանութեան կեդրոնացման, դատական անկախութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան առնչութեամբ ստեղծուած հարցերը, որոնք իրենց կարգին առաջնահերթ են։
Ժամանակակից Հայաստանը պէտք է հետապնդէ խաղաղութիւն, տնտեսական զարգացում, ժողովրդավարական թափանցիկ գործունէութիւն եւ դրացի պետութիւններուն հետ կառուցողական յարաբերութիւններ։ Սակայն այս մէկը երբեք չի նշանակեր պատմական մոռացութիւն եւ ազգային ամէնադոյզն արժանապատուութեան ուրացում։
Բարեփոխում չի նշանակեր նահանջ։ Պետականութիւնը իմաստ կը ստանայ միայն այն ատեն, երբ ազգը կը պահպանէ իր ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու քաղաքական կամքը եւ այն պատմական սկզբունքները, որոնց վրայ հիմնուած է իր անկախութիւնը։
Սփիւռքի ներդրումը գովաբանել՝ միաժամանակ սահմանափակելով անոր քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը ազգային որոշումներու կայացման, հակասութիւն մըն է, որ բացատրութեան կը կարօտի։ Առ այդ, Նոյնքան լուրջ հարցադրումներ կը յառաջացնեն արտերկրի մէջ բնակող քաղաքացիներուն ընտրական մասնակցութեան նախատեսուած սահմանափակումները։ Սփիւռքը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին կցորդ մը չէ։ Անիկա ազգի գոյատեւման, քաղաքական պաշտպանութեան եւ տնտեսական օժանդակութեան անփոխարինելի սիւներէն է։
Սահմանադրութիւնը պէտք չէ տեղի տայ արտաքին ճնշումներու։ Անիկա պէտք է պաշտպանէ ինքնիշխանութիւնը, սահմանէ պետական իշխանութեան սահմանները, ո՛չ թէ ազգի մը պատմական գիտակցութեան սահմանները։
Հայորդիին պէտք է ընձեռուի իրական հնարաւորութիւն՝ ուսումնասիրելու նախագիծը, քննարկելու անոր հետեւանքները եւ որոշելու, թէ անիկա կը պաշտպանէ՞ երկարաժամկէտ ազգային շահերը։
Անկախութեան հռչակագիրը ո՛չ մէկ քաղաքական կուսակցութեան կամ սերունդի սեփականութիւնն է, այլ հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութիւնը վերականգնելու պայքարին պատմական վկայութիւնը՝ ալֆան եւ օմեկան։ Ո՛չ մէկ կառավարութիւն եւ մութ ձեռքեր իրաւունք ունին այդ ժառանգութիւնը նկատելու դիւանագիտական համաձայնութեան մը ճանապարհին գտնուող սակարկելի խոչընդոտ։
Բա՛ւ է նահանջել։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
