ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Միսաք Թորլաքեանի շիրիմին
25 Նոյեմբեր 2026
Խօսք՝ Միսաք Թորլաքեանի յիշատակին
Էվըրկրին գերեզմանատուն, 22 Նոյեմբեր 2026
Յարգելի՛ հոգեւոր հայր,
Սիրելի՛ ընկերներ եւ հայրենակիցներ,
Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի նուիրեալ զաւակներէն ընկեր Միսաք Թորլաքեանին։
Անոր շիրիմին առջեւ՝ մենք կը խոնարհինք ոչ միայն անհատի մը յիշատակին, այլեւ ամբողջ սերունդի մը առջեւ։ Սերունդ մը, որ տեսաւ իր հայրենիքի աւերումը, իր ժողովուրդի բնաջնջումը, բայց չհաշտուեցաւ պարտադրուած ճակատագրին հետ։ Սերունդ մը, որ իր կեանքով ու գործով վերահաստատեց հայ ժողովուրդի ապրելու, գոյատեւելու եւ իր իրաւունքներուն վերատիրանալու կամքը։
Թորլաքեան այդ սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն էր։ Տրապիզոնի ինքնապաշտպանական կռիւներէն մինչեւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը, ան իր ամբողջ կեանքով արտայայտեց այն համոզումը, թէ հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը եւ արդարութեան պահանջը չեն կրնար մոռացութեան մատնուիլ։
Արժէ այսօր մտածել, թէ այդ սերունդին պատգամը ի՛նչ նշանակութիւն ունի մեր օրերուն եւ ի՛նչ պատասխանատուութիւն կը դնէ մեր ուսերուն։
Սիրելի՛ ընկերներ,
Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ այսօր կանգնած են ծանրագոյն մարտահրաւէրներ եւ սեւ ամպեր։ Անգամ մը եւս Թուրքն ու Ազերին բացայայտ կերպով սրած են իրենց հայաջինջ ախորժակը՝ օգտագործելով թրքանպաստ աշխարհաքաղաքական տուեալներն ու իշխանութիւն մը Հայաստանի մէջ, որու քաղաքականութիւնը ձեռնտու է մեր դարաւոր թշնամիներուն:
Արցախի հայաթափումը, աւելի քան 120 հազար հայրենակիցներու բռնի տեղահանութիւնը, իրենց տուներէն ու պատմական միջավայրէն զրկուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ապագան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմաններու անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հարցերը կը մնան մեր ազգային օրակարգի առանցքային խնդիրները։
Բնականաբար մենք բոլորս խաղաղութիւն կ’ուզենք։ Սակայն խաղաղութիւնը պէտք չէ շփոթել ազգային իրաւունքներու եւ յիշողութեան մոռացութեան, անարդարութիւններու լռելեայն ընդունման կամ սեփական անվտանգութեան հարցերուն անտեսման հետ։
Կայուն խաղաղութիւնը հիմնուած ըլլալու է փոխադարձ յարգանքի, ինքնիշխանութեան, անվտանգութեան եւ արդարութեան վրայ։ Անիկա երաշխաւորելու է, որ Հայաստանն ու հայութիւնը իրենք տնօրինեն իրենց ապագան, իսկ Արցախի մեր հայրենակիցներուն իրաւունքները, ներառեալ իրենց պատմական հայրենիք վերադառնալը, չդառնան մոռցուած էջեր։
Բայց մեր ազգային պարտաւորութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն Հայաստանի եւ Արցախի այսօրուան կացութեամբ։ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ, մանաւանդ, արդարութեան վերականգնման հետեւողական հետապնդումը կը մնայ մեր ազգային պայքարի հիմնարար նպատակներէն մէկը։ Մեր պահանջատիրութիւնը պարզապէս պատմական յիշողութեան պահպանման հարց չէ։ Անիկա իրաւունքի, արդարութեան եւ պատմական պատասխանատուութեան հարց է։ Մենք կը շարունակենք պահանջել Հայոց Ցեղասպանութեան լիարժէք ճանաչումն ու դատապարտումը, պատմական արդարութեան վերականգնումը եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։
Ահա թէ ինչու Միսաք Թորլաքեանի յիշատակը մեզի համար նաեւ յիշեցում է, թէ ազգային իրաւունքները պահպանելու համար անհրաժեշտ են կամք, հետեւողականութիւն եւ կազմակերպուած ազգային կեանք։
Մեր պայքարի պայմանները փոխուած են, բայց ազգային պատասխանատուութիւնը կը մնայ նոյնը։
Միսաքի սերունդը իր ժամանակին պայքարեցաւ գոյատեւելու եւ արդարութիւն պահանջելու համար։ Այսօր մեր սերունդին պարտականութիւնն է զօրացնել Հայաստանը, պահպանել անոր պետականութիւնը, հետապնդել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, շարունակել Հայոց Ցեղասպանութեան արդարութեան պայքարը եւ ապահովել, որ Սփիւռքը շարունակէ մնալ հայ ազգային կեանքի ազդեցիկ եւ կազմակերպուած մասնակիցը։
Որպէս ՀՅԴ Բիւրօ կ’ընդգծենք, որ մեր պատմական առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր անցեալի հերոսները յիշելով։ Մեր ճիտին պարտքն է այդ յիշողութիւնը վերածել գործի, մեր կառոյցները դարձնել աւելի կենսունակ, նոր սերունդները ներգրաւել ազգային կեանքին մէջ եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ կապը վերածել իրական ռազմավարական գործակցութեան։
Այսօր շնչուած օդի նման կարեւոր են ազգային միասնականութիւն, քաղաքական հեռատեսութիւն, կազմակերպական կարգապահութիւն եւ յստակ ազգային նպատակներու շուրջ համախմբում։
Սիրելի՛ ընկեր Միսաք, քու սերունդդ մեզի ժառանգ ձգեց պայքարի ոգի, արժանապատուութեան գիտակցութիւն եւ ազգային գործին հանդէպ անսակարկ նուիրում։
Այսօր, քու շիրիմիդ առջեւ, կը վերահաստատենք, որ այդ ժառանգութիւնը մեզի համար անցեալին պատկանող յիշատակ մը չէ, այլ ապագային ուղղուած պարտաւորեցուցիչ իրողութիւն։
Քու սերունդդ իր պարտքը կատարեց իր ժամանակին մէջ։ Մեր պարտքն է մեր ժամանակին մէջ չթերանալ։
Յաւերժ փա՜ռք քու յիշատակիդ։
Փա՜ռք հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի բոլոր նուիրեալներուն։
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը։
Կեցցէ՛ ազատ, անկախ եւ անվտանգ Հայաստանը։
Կեցցէ՛ Միացեալ Հայաստանի տեսլականը:
