Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար Առնուած Է Ատրպէյճանի Դրօշակը
19 Նոյեմբեր 2026
Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օրուան» առիթով բարձրացուած Ատրպէյճանի պետական դրօշը վար առնուած է Նոյեմբեր 16ին՝ Նիւ Եորքի հայութեան դիմումներուն եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ազգային, շրջանային եւ տեղական մարմիններուն ջանքերուն շնորհիւ։
Դրօշակի բարձրացման արարողութիւնը կազմակերպուած էր Ատրպէյճանա-ամերիկեան երիտասարդական միութեան կողմէ՝ ՄԱԿի մէջ Ատրպէյճանի մշտական ներկայացուցչութեան եւ ատրպէյճանական սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական մարմինին աջակցութեամբ։ Անիկա կը նշէր 2020ի Նոյեմբեր 8ին, 44 օրեայ պատերազմի ընթացքին Շուշիի բռնագրաւումը եւ անոր յաջորդած՝ 2023ին Արցախէն աւելի քան 150,000 հայերու բռնի տեղահանումը։ Քաղաքային արտօնութիւնները թոյլ կու տային, որ դրօշակը տասը օր ծածանի հանրային հողատարածքի վրայ՝ Նիւ Եորքի ամէնէն հին զբօսայգիին մէջ, Ուոլ Սթրիթի մօտակայքը։
Նիւ Եորքի բնակիչ Հռիփսիմէ Պիյազեան նկատած էր դրօշակը՝ զբօսայգիին նայող իր բնակարանէն։ Ան կապ հաստատած էր ամերիկահայ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, ներառեալ՝ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ եւ համախմբած համայնքի անդամները՝ դիմելու քաղաքային պաշտօնատարներուն։
Պիյազեան ըսած է. «Կը յուսամ, որ քաղաքապետարանը այժմ աւելի մօտէն կը քննէ, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ «Պոլինկ Կրին» ընկերակցութիւնը՝ ներառեալ որեւէ հաւանական օտար ազդեցութիւն կամ կապեր, որովհետեւ նիւեորքցիները արժանի են թափանցիկութեան՝ գիտնալու համար, թէ մեր վճարած տուրքերը ինչ նպատակով կը ծախսուին հանրային տարածքներու վրայ»։
Ի պատասխան Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ներկայացուած նամակին, քաղաքապետի գրասենեակը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Քաղաքապետ (Զոհրան) Մամտանի յստակ կերպով արտայայտած է իր զօրակցութիւնը հայ համայնքին։ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Ապրիլ 24ի իր յայտարարութեան մէջ ան վերահաստատած է հայ ժողովուրդի ազատութեան, ապահովութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղէն աւելի քան 100,000 հայերու բռնի տեղահանման իրողութիւնը։ Ասոնք յանձնառութիւններ են, զորս մենք կը բաժնենք եւ երախտապարտ ենք հայ համայնքին հետ մեր յարաբերութիւնները ամրապնդելու առիթին համար»։
«Նիւ Եորքի հայ համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ քաղաքապետ Մամտանիին եւ անոր գրասենեակին՝ Ապրիլ 24ի ոգեկոչման իր խօսքերը գործով ամրապնդելուն համար։ Հազարաւոր հայեր կ՛ապրին, կ՛աշխատին եւ իրենց ընտանիքները կը մեծցնեն այս հրաշալի քաղաքին բոլոր թաղամասերուն մէջ, եւ մեզմէ շատեր ունին ազգականներ, բարեկամներ եւ սիրելիներ, որոնք սպաննուած են կամ բռնի կերպով տեղահանուած Արցախի մէջ գտնուող իրենց հայրենի տուներէն՝ ատրպէյճանական յարձակողական քաղաքականութեան հետեւանքով», կ՛ըսէ Նիւ Եորքի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Արամ Պալեան, աւելցնելով․ «Քաղաքապատկան տարածքի վրայ ցեղասպանութեան, ցեղային զտման եւ բռնագրաւման Ատրպէյճանի արշաւը տօնող դրօշակ մը տեսնելը վիրաւորանք էր ոչ միայն հայ համայնքին, այլ նաեւ իւրաքանչիւր նիւեորքցիի համար։ Նիւ Եորքի հանրային վայրերը երբեք պէտք չէ օգտագործուին ցեղային զտումներ տօնելու, պատերազմական յանցագործութիւններ փառաբանելու կամ նման արարքներու պատասխանատուները պատուելու համար»։
