Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ 53-րդ Շրջանային Ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները
11 Նոյեմբեր 2026
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի 53-րդ Շրջանային Ժողովը սկսաւ Ուրթաբ 30 Հոկտեմբեր 2026-ին և աւարտեց իր աշխատանքները 1 Նոյեմբեր 2026-ին: Երեք օրերու ընթացքին ժողովը քննարկեց Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ կառոյցի աշխատանքները, Աւստրալահայութեան ծանրաբեռնող հարցեր, գաղութիս ազգային, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, մարզական, երիտասարդական և սկաուտական կազմակերպութիւններու առաջնահերթութիւնները և որոշեց շրջանիս երկամեայ գործունէութեան ուղեցոյցը:
Ժողովի ծիրէն ներս նաեւ քննարկուեցաւ հայրենիքի և համայն Հայ աշխարհի իրավիճակը և գաղութիս մասնակցութիւնը համազգային նպատակներու կատարման մէջ: Հայաստանի իշխանութեան ապազգային գործունէութիւնը նաեւ մաս կազմեց օրակարգին, ուր ժողովը հաստատեց թէ որքան ալ որ ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն Արցախի հարցը փակած համարել, Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը պիտի շարունակէ իր պայքարը Հայաստանի զարգացման և բարգաւաճման ուղղութեամբ:
Շրջանային Ժողովի աւարտին գալիք երկու տարուայ համար ընտրուեցաւ Կեդրոնական Կոմիտէի նոր կազմ:
