Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը
09 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը արտաքին քաղաքականութենէն դուրս բերելու մասին յայտարարութիւն կատարած է: Արտաքին գործոց նախարարը յայտնած էր, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը արտաքին քաղաքականութեան առաջնային օրակարգ չէ: Հիմա ընդհանրապէս օրակարգ չէ կ՛ըսուի վարչապետի ճամբով: Յիշելով, որ նախընտրական ծրագիրին մէջ այդ մասին նշուած էր արդէն:
Այս որոշումին իբրեւ հիմնաւորում կը ներկայացուի Իսրայէլի օրինակը: Գործադիրի ճանաչում եւ օրէնսդիրի մերժում: Ըստ վարչապետին, ի վերջոյ առերեսուած է այն իրականութեան հետ, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը վճարամիջոց է պետութիւններու միջեւ: Հետեւաբար պէտք է հրաժարինք ցեղասպանութեան ճանաչումի օրակարգէն` այլոց համար մանրադրամի չվերածուելու համար:
Քանի մը դիտարկում պէտք է արձանագրել այս առիթով:
Լուրջ խնդիր է, եթէ նման պաշտօնի տէր անձը վերջապէս նոր կը գիտակցի, որ ցեղասպանութեան թեման կը շահարկուի պետութիւններու կողմէ: Կու տայ Իսրայէլի օրինակը: Քաղաքական պարզ տրամաբանութիւն է, որ ոեւէ պետութիւն Անգարայի հետ իր յարաբերութիւններուն ընթացքին կ՛օգտագործէ տարբեր խաղաթուղթեր, ընդ որում` ցեղասպանութեան թեման: Օրինակները բազմաթիւ են:
Բայց այս խնդիրը միայն հայկական գործօնին կամ հայկական թեմային հետ առնչուած չէ, այլ ընդհանրապէս պատմութեան ընթացքին կամ ժամանակակից պահերու այս երեւոյթը քաղաքական գործունէութեան մէջ գործածուող կանոն է պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու ընթացքին:
Իսկ քաղաքական այս կանոնը որեւէ ձեւով պատճառ, հիմնաւորում կամ պատրուակ պէտք չէ ծառայէ, ըսելու համար, որ վճրամիջոց-մանրադրամի չվերածուելու համար մենք պէտք է հրաժարինք Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի օրակարգէն:
Գործընթացները տեղաշարժ կ՛ապրին, երբ տուեալ պետութեան եւ մեր պարագային մեր պետութեան շահերը կը համընկնին եւ կ՛արձանագրեն որոշումներ, կէտեր: Եթէ պաշտօնապէս հրաժարինք ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի օրակարգէն, այդ պարագային Անգարան ազդեցիկ խաղաթուղթ ձեռք կը բերէ կանխարգիլելու այդ գործընթացը ընդհանրապէս: Երբ պետութիւն մը ուղերձ յղելու համար պատրաստուի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, Անգարան կրնայ հակազդել, որ խնդրոյ առարկան ի՛նքը հրաժարած է այդ առաջադրանքէն, հետեւաբար այլ պետութիւնները այդ քայլին դիմելու պատճառ չունին:
Վճարամիջոց-մանրադրամի այս տեսութիւնը գործող վարչապետը օգտագործած էր նաեւ ցեղասպանութեան պատճառահետեւանքային կապերը վերլուծելով, դարձեալ սփիւռքի հետ առնչուած խնդիրներու քննարկման ընթացքին: Կարմիր թելի նման անցնող գիծը այդ բոլոր խօսոյթներուն այն էր, որ այլ պետութիւն մը (իմա՛` Ռուսիան) հայութիւնը մանրադրամի վերածած էր Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն ընթացքին, եւ Անգարան ցեղասպանական արարքներով պատասխանած էր Ռուսիոյ: Ահա տրամաբանութիւնը, որ Օսմանեան կայսրութեան պատասխանատուութիւնը Ցեղասպանութեան մէջ կը թեթեւցնէր անկէ կարեւոր մաս մը այլ պետութեան ուսերուն վրայ տեղադրելով: Նոյն տրամաբնութեամբ ալ Արցախը կրնայ մեկնաբանուիլ, որ մանրադրամ էր Ռուսիոյ համար եւ հիմա Հայաստանը բեռնաթափուած է անկէ:
Մտային այս մարզանքները պարզապէս պատրուակներ են ընդառաջելու Թուրքիոյ նախապայմանին` հրաժարիլ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի օրակարգէն: Հիմա յայտարարուած է նաեւ այդ նախապայմանին ընդառաջումը:
Վերջին դիտարկում մը: Սահմանադրական իրաւադրոյթ ունեցող Անկախութեան հռչակագիրը կը պարտաւորեցնէ Հայոց պետութիւնը սատար կանգնելու հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Մինչ այժմ չէ փոխուած Սահմանադրութիւնը…
Վարչապետին յայտարարութիւնը, առանց մեկնաբանութեան տեղ ձգելու, պարզապէս հակասահմանադրական է:
«Ա.»
«Ազդակ»
