ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն
10 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու եւ ՄԱԿ-ի անդամ շարք մը երկիրներու դեսպաններուն յղեց նամակ մը` անդրադառնալով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին Թուրքիոյ կողմէ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի թեկնածութեան առաջադրման:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց. «ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը պէտք է անաչառ պահապանը ըլլայ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ու զանգուածային վայրագութիւններու դէմ հնչող առաջին ձայնը: Ան պէտք է հանդէս գայ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման օգտին. հանգամանք մը, որ չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքին նկատմամբ Թուրքիոյ դրսեւորած վարքագիծին, մասնաւորաբար` ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւն հանդիսացող Կիպրոս ներխուժման եւ կղզիի հիւսիսային հատուածի բռնագրաւման, Արցախի մէջ ցեղային զտումներուն գործօն մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման:
«ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի թեկնածուն պէտք է ներկայացնէ երկիր մը, որ կը յարգէ միջազգային օրէնքն եւ մարդու իրաւունքները:
«Թուրքիոյ թեկնածու Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն տասնամեակներ շարունակ յառաջ մղած է իր երկրի կառավարութիւններու օրակարգերը, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը` մինչեւ իսկ ՄԱԿ-ի պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ. մասնաւորաբար` 16 հոկտեմբեր 2020-ին` իբրեւ Թուրքիոյ` ՄԱԿ-ի մէջ մնայուն ներկայացուցիչ, ան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ուղղուած իր նամակին մէջ (ՄԱԿ-ի փաստաթուղթ` A/75/525-S/2020/1024) արտայայտած է այդ դիրքորոշումը:
«Աւելի՛ն, պարոն Սինիրլիօղլուն չի կրնար այդ դիրքին պահանջած անկախութիւնը ապահովել, որովհետեւ ան մտերիմն ու վստահելի անձն է նախագահ Էրտողանի, որ անձամբ զինք առաջադրած է:
«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կոչ կ՛ուղղէ`
1.- Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն, չաջակցելու պարոն Սինիրլիօղլուի թեկնածութեան, ըլլայ այդ ոչ պաշտօնական քուէարկութիւններուն մէջ, կամ խորհուրդին մէջ պաշտօնական առաջադրութեան ընթացքին:
2.- ՄԱԿ-ի բոլոր անդամ պետութիւններուն պնդելու, որ յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը ունենայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ 100-րդ յօդուածով պահանջուող անկախութեան նկատմամբ անվերապահ նուիրուածութեան ապացուցուած անցեալ:
3.- Պարոն Սինիրլիօղլուն հրապարակաւ յայտարարէ, թէ արդեօք ան կը շարունակէ՞ պաշտպանել 2020-ի իր նամակին պարունակած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը»:
