ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռքի իրենց կամակատարները

14 Նոյեմբեր 2026

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը։ Իսկ Հայաստանի մէջ, պատերազմի մոռացումով, Արցախէն հրաժարումը ամրագրելով եւ Ցեղասպանութեան ուրացումով, կը հաստատագրուին պարտութիւնն ու անոր յաջորդած վեցամեայ զիջողական քաղաքականութիւնը։ Այդ բոլորը՝ յանուն հողային եւ գերիշխանական վերջին, բայց ոչ վերջնական, զիջումին՝ թուրանական միջանցքին, ի խնդիր ենթադրական խաղաղութեան կամ անոր անուրջին։ Այս հիման վրայ ալ պատերազմի գլխաւոր պատասխանատու քաղաքական ուժը կը ձգտի կառուցել «իրական» Հայաստանը, պետութիւն-հայրենիքը կամ հայրենիք-պետութիւնը (տարբերութիւն չկայ մէկ անիմաստին եւ միւսին միջեւ) եւ պետականամէտ քաղաքացին, որուն հայկականութիւնը այնքան կարեւոր չէ, որքան հայաստանաբնակութիւնը։

Անցնող վեց տարիներուն, Սփիւռքէն հայաստանեան իրադարձութիւններուն հետեւողներուս համար, թերեւս ամէնէն անհասկնալին կը մնայ պարտութեան գլխաւոր պատասխանատուին իշխանութեան վրայ մնալը, ընդ որում՝ երկու յաջորդական ընտրութիւններու արդիւնքով։ Մինչդեռ, ինչպէս միջազգային փորձը ցոյց կու տայ, քաղաքական պատասխանատուութեան տրամաբանութիւնը կը պահանջէր, որ ան եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրելէ անմիջապէս ետք հրաժարական ներկայացնէր եւ Ազգային ժողովին կոչ ուղղէր՝ պարտութեան պատճառները բացայայտելու համար քննիչ յանձնաժողով կազմելու։ Այդ քայլերը կրնային ուղի հարթել, որպէսզի քաղաքական խաւի բոլոր ղեկավարութիւնները՝ իշխանական թէ ընդդիմադիր, համախմբուէին, միասնաբար դիմագրաւէին պարտութեան հետեւանքները եւ խուսափէին երկպառակտումի ու ինքնաքանդիչ բեւեռացման թակարդէն։

Պարտութեան պատասխանատուին իշխանութեան վրայ մնալը նաեւ ընդդիմութեան ձախողութեան հետեւանքն է։ Ընդդիմութիւնը փաստօրէն չյաջողեցաւ իշխանափոխութիւն իրականացնել ընտրութիւններու կամ զանգուածային զօրաշարժի ճամբով։ Այդ ձախողութեան մասին, սակայն, մինչեւ օրս յստակ բացատրութիւն չկայ, ոչ ալ անկեղծ ինքնաքննադատութիւն կատարուած է։ Առ այդ, շրջագայութեան մէջ դրուած է խօսոյթ մը, որուն համաձայն՝ ժողովուրդին համար աւելի մերժելի է «նախկին»ներու վերադարձը, քան պարտութեան պատասխանատուն պատասխանատուութեան կանչելը։ Իր բոլոր պարզամտութեամբ հանդերձ, այս խօսոյթը ծառայած է իբրեւ իշխանութեան շարունակականութեան բացատրութիւն։ Սակայն այնքան ալ յստակ չէ, թէ ո՛վ կը բնութագրուի իբրեւ «նախկին», երբ իշխող քաղաքական ուժին մէջ ալ անպակաս են նոյն բնութագրումին հարազատօրէն համապատասխանող դէմքերը։

Կը մնայ, որ վերջին ընտրութիւնները եկան ցոյց տալու, թէ այդ խօսոյթը առնուազն ժամանակավրէպ է կամ այլեւս չի համոզէր ընտրողներու այն հատուածը, որուն աջակցութեամբ իշխող քաղաքական ուժը կը յաւակնէր Ազգային ժողովին մէջ սահմանադրական մեծամասնութիւն ապահովել եւ անխոչընդոտ շարունակել իր ծրագիրը։ Աւելի՛ն, հակառակ արտաքին աննախընթաց զօրակցութեան, ֆինանսական օժանդակութեան, վարչական մեքենայի եւ «ռեսուրս»ներու չարաշահման, սպառնալիքներուն եւ բռնաճնշումներով ընդդիմադիր թեկնածուները ահաբեկելու փորձերուն, իշխող ուժը այդ նպատակին չհասաւ։ Մինչեւ իսկ պարզ մեծամասնութիւն ապահովելու համար ստիպուեցաւ, ընտրական յանձնաժողովի անամօթ գործակցութեամբ, չեղարկել երրորդ ընդդիմադիր ուժին քուէները։

Ընտրութիւններուն յաջորդած ձերբակալութիւններն ու վարչապետի աթոռին վերահաստատուած իշխող ուժի ղեկավարին ակնյայտ ջղագրգռութիւնը եկան ցոյց տալու, որ ան այնքան ալ դիւրութեամբ պիտի չկարենայ իրականացնել «խաղաղութեան» համար Ատրպէյճանի ներկայացուցած վերջին, բայց ոչ վերջնական, պահանջը՝ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։ Ընդդիմութեան շարքերէն վեց ծախու քուէ չգտաւ։ Այն «անմերժելի» առաջարկը, որ կը խոստանար ներկայացնել ընդդիմութեան, ի սկզբանէ մերժուեցաւ։ Նոյնիսկ հասաւ այն աստիճանին, որ Ալիեւէն երաշխիք բերելու հարցով գրաւի գալ ուզեց…

Եւ ահաւասիկ, աննախընթացօրէն, խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը որոշեց համախմբուիլ Ալիեւի Սահմանադրութիւնը մերժելու օրակարգին շուրջ։ Այդպիսով, ան նաեւ ընդառաջ կ’երթայ իշխող ուժի վերջին խաղաքարտին՝ արտահերթ ընտրութիւններու երթալու մարտահրաւէրին։ Տակաւին կանուխ է որեւէ կանխորոշում ընելու համար, սակայն ժողովուրդին դիմելու ընդդիմութեան արշաւը կարծես արդէն մտահոգած է իշխող ուժը։ Արտահերթ ընտրութիւններէն անկախ կամ անոնց զուգահեռ, իշխանութիւնը թերեւս դժուարութիւն ունենայ նաեւ իր կողմնակից ընտրազանգուածը զօրաշարժի ենթարկելու։

Այս պայմաններուն մէջ է, որ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարին կազմակերպած հայկական երրորդ գագաթնաժողովը տեղի ունեցաւ չՍփիւռքէն ժամանած կամակատարներու մասնակցութեամբ։ Անոնք արդէն ժամանակէ մը ի վեր կը ձգտին հայկական տարբեր համայնքներուն մէջ Հայաստանը «իրականացնել»։

Չէր արժեր անդրադառնալ հոն արտայայտուած գաղափարներուն, եթէ նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցած չըլլար պարտութեան վեցերորդ տարելիցի նախօրեակին, եւ անոր աշխատանքները աւարտած չըլլային ճիշդ այն օրը, երբ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը հայաթափուած Արցախին մէջ կը տօնէր իր յաղթանակը՝ Ալիեւի՝ հայութիւնը նուաստացնող հերթական ելոյթով։ Առաւել եւս, եթէ նոյեմբեր 9-ի նախօրեակին, նոյն այդ միջոցառման ընթացքին, վարչապետին եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին ելոյթները կրկին թիրախաւորած չըլլային Ցեղասպանութեան հարցը՝ ուրացման նշաձողը քիչ մը եւս բարձրացնելով։

Առ ի յիշեցում՝ իրենց բոլոր քննադատելի կողմերով հանդերձ, «նախկիններու» կազմակերպած Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները ընդհանրապէս տեղի կ’ունենային անկախութեան տօնի նախօրեակին՝ Սփիւռքէն ժամանածներու մասնակցութեամբ։ Այս գագաթնաժողովին մասնակիցներուն, սակայն, հրաւէր չէր ուղղուած միջոցառման աւարտին յաջորդ օրը՝ Նոյեմբեր 9-ին, Եռաբլուր այցելելու եւ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի զոհուածներուն յիշատակը յարգելու։ Հասկնալի է՝ տրուած ըլլալով, որ ոչ կառավարութիւնը, ոչ ալ իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժը նման ծրագիր ունէին։ Յստակ չէ նաեւ, թէ չՍփիւռքի «իրականացած» կամակատարներէն քանի՛ հոգի այդուհանդերձ անհատական նախաձեռնութեամբ Եռաբլուր այցելած են։

Սոցիալական ցանցերուն վրայ տեղադրուած տեսանիւթերը, բարեբախտաբար, ցոյց տուին, որ նոյեմբեր 9-ին Եռաբլուր այցելելու օրակարգի բացակայութեան նկատմամբ անտարբեր մեծամասնութեան կողքին կային նաեւ հայու արժանապատուութեան տէր քանի մը անձնաւորութիւններ։ Սակայն անոնց յանդուգն հարցերուն իշխանութեան ներկայացուցիչներուն տուած պատասխանները բացայայտ դարձուցին, թէ որքան պատրաստ են անոնք, հարկ եղած պարագային, ցեղասպան պետութիւններուն հաճոյանալու համար ուրացումը աւելի բացայայտ դարձնելու՝ նոյնիսկ ինքնանուաստացման գնով։

Թէ Սփիւռքի պառակտման ի՛նչ յանձնառութիւններով պարտութեան պատասխանատուներուն գործակալները կը վերադառնան իրենց համայնքները՝ ժամանակը ցոյց կու տայ։ Թերեւս պարզապէս վերահսկեն, որ Հայաստանի ապագայ օժանդակութիւնը «սեքընտ հենտ» հագուստներ չըլլան։ Կամ ալ աշխուժօրէն հայրենադարձութեան աշխատանք տանին՝ իրենց հետ ունենալով յետ-Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ներգաղթի վերամշակուած ուղեցոյցները… Ամէն պարագայի, քիչ կասկած կայ, որ անոնք վերաթարմացուցած պիտի ըլլան համայնքային կառոյցները թիրախաւորող թունաւոր խօսքի իրենց բառապաշարն ու խաղաղութեան «արկումենթ»ները, որոնց կարգին՝ Ալիեւի Սահմանադրութեան որդեգրումը։

Սփիւռքեան ղեկավարութիւնները պէտք է ուշադիր ըլլան այն մաղձին, որ այդ ոչ-ոք ներկայացնող անձնաւորութիւնները կրնան փորձել տարածել։ Սակայն իրենք շատ աւելի կարեւոր ընելիք ունին, քան այդ անձերուն պատասխանելը եւ հայաստանեան ներքաղաքական պառակտուածութեան մթնոլորտը համայնքներէն ներս փոխադրելը։

«Վերաշխուժացնել Ցեղասպանութեան օրակարգը որպէս հաւաքական յանդուգն ծրագիր»։ Այսպէս բանաձեւեց այդ առաջնահերթութիւնը Հարաւային Ամերիկայի մէջ հանրածանօթ մտաւորական մը։ Իմանալէ ետք Փաշինեանի վերջին յայտարարութեան մասին, թէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պարզապէս երրորդ կողմերու համար գործիք եղած է եւ պէտք է ամբողջովին դուրս բերուի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն, ան խոստովանեցաւ, որ պետական պատասխանատուի մը կողմէ հնչած այդ ուրացումը անակնկալ էր եւ ցաւ ու ցասում կը պատճառէր։

Յուսալով հանդերձ, որ Հայաստանի մէջ Ալիեւի Սահմանադրութիւնը եւ Ցեղասպանութեան ուրացումը ի վերջոյ պիտի զսպուին, Սփիւռքի մէջ ժամանակն է գիտակցելու, որ Ցեղասպանութեան հարցը այնքան կարեւոր է, որ կարելի չէ կանխաւ վստահ ըլլալ, թէ անկախ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն անոր նկատմամբ պիտի ունենայ նոյնքան յանձնառութիւն, որքան քաղաքականացած Սփիւռքը, որ յաջողեցաւ այդ «մոռցուած» խնդիրը միջազգային օրակարգ բերել եւ ապահովել անոր ճանաչումը։

Փաստօրէն, անկախութենէն յետոյ ոչ մէկ իշխանութիւն գիտցաւ արժեւորել այդ յաջողութիւնն ու անոր բացած դռները հայութեան եւ անկախ Հայաստանի համար։ Ոչ ալ կրցաւ ամբողջապէս հասկնալ, թէ որքան անհրաժեշտ է Ցեղասպանութեան հարցին վերաբանաձեւումը՝ զայն դիւանագիտութեան համար ռազմավարական գործօնի վերածելու նպատակով։ Մինչեւ այսօր տակաւին կը գործածուի «Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում» յղացքը, մինչդեռ 2015-ի Համահայկական հռչակագիրը արդէն յայտարարած էր այդ հանգրուանէն անդին անցնելու անհրաժեշտութեան մասին։

Հայաստանի մէջ պետական (՞) քաղաքական մտածողութիւնը այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ պայծառատեսութիւնը չունեցաւ, թերեւս ոչ իսկ որոշումը՝ նման յառաջընթաց արձանագրելու համար։ Այսօր պարտուած իշխանութիւնները կը փորձեն նոյնիսկ գերազանցել Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի՝ Ցեղասպանութեան հարցը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս ձգելու մօտեցումը՝ այդ մերժումին տալով ուրացման համահունչ բանաձեւում։

Սփիւռքի մէջ ալ, պէտք է ընդունիլ, նման քայլ չառնուեցաւ։ Այսօր ան աւելի քան անհրաժեշտ է։ Մանաւանդ ի տես Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան թուրք-ատրպէյճանական համաշխարհային վերանորոգ եւ վստահաբար աւելի համարձակ յարձակողականի մը, որուն դիմաց լուռ պիտի մնան ուրացողները՝ յանձին Երեւանի պարտուածներու իշխանութեան եւ չՍփիւռքի անոր գործակալներուն։

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հորիզոն

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է նոր Սահմանադրութ

Նիկոլ Փաշինյանը կրկին կարող է ընդունել Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիևի և Թուրքիա

12 Նոյեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ 53-րդ Շրջանային Ժողո

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի 53-րդ Շրջանային Ժողովը սկսաւ

11 Նոյեմբեր 2026
Ո՛չ՝ պարտադրուած Սահմանադրութեան

Հայաստանի Սահմանադրութեան շուրջ ծաւալող պայքարը պարզապէս իշխանութեան եւ ընդդիմ

11 Նոյեմբեր 2026
Խաղաղութեան գինը …

Հայաստանի ներկայիս իշխանախումբը 2018 թւականին կառավարական համակարգը բռնազաւթել

11 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւե

Հայաստանի առաջին նախագահին գլխաւոր խորհրդականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին հն

11 Նոյեմբեր 2026
Նոյեմբերի 9-ի դասերն ու միակողմանի զիջ

Նոյեմբերի 9-ը հայկական պետականության ռազմավարական սնանկության և սուբյեկտայնութ

11 Նոյեմբեր 2026
Փաշինյանի անիմաստ ելույթը Համաշխարհայի

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը ելույթ է ունեցել նոյեմբերի 6-ին Երևանում անցկացված Հա

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարար

Հայաստանում կալանքը վաղուց վերածվել է իշխանության քաղաքական հակառակորդներին լռ

10 Նոյեմբեր 2026
Ազգային օրակարգի շուրջ համախմբված կուս

Կալանավայրում մահացել է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցության՝ ՏԻՄ ընտրություններում

10 Նոյեմբեր 2026
Արցախի ի նպաստ հաւաք, լուռ քայլարշաւ ե

Կիրակի, Նոյեմբեր 8ի երեկոյեան, հայ համայնքի անդամները հաւաքուեցան Կլենտէյլի մէ

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներ

10 Նոյեմբեր 2026
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Համաձայն Ըլլալ Նիկոլ

Պէտք է իրերը կոչել իրենց անուններով։ Յայտարարելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջ

09 Նոյեմբեր 2026
Նոյեմբերի 9-ից Պրահա․ ինչպես փոխվեց Ար

44-օրյա պատերազմը դադարեցվեց 2020 թվականի նոյեմբերի 9-ին՝ Հայաստանի, Ադրբեջանի

09 Նոյեմբեր 2026
Մեր հիմնական եւ առաջնային հարցը Արցախի

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրո

09 Նոյեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներն

2020 թվականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ հայտարարության 6-րդ տարելիցի կապակցությամբ

09 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company