Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին
19 Նոյեմբեր 2026
Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փշոտ ուղի մը կարելի է համարել։ Մոգական գաւազանի փոքր հարուածով մը Հերի Փոթըրեան ոճով Պրիւքսէլի դռները չեն բացուիր, մանաւանդ որ Եւրոմիութիւնը այսօր ինք արդէն լուրջ տագնապի մէջ է՝ սկսելով Ափրիկէէն եւ Արեւելքէն ապաստան հայցողներէն մինչեւ Ուքրայինայի ստեղծած քաղաքական, տնտեսական եւ ուժանիւթային քաոսն ու ընդհանրապէս ծայրայեղ աջակողմեան հոսանքին մոլուցքն ու ժողովրդականութիւնը։
Յատուկ ուսումնասիրութեան նիւթի կը կարօտի Եւրոմիութեան ապագային մասին տեղեկութիւններ հաւաքելն ու վերլուծելը։
Այսպիսի պայմաններու տակ Հայաստան կը թիավարէ դէպի Արեւմուտք։ Ուղեւորութիւն մը, որուն մեկնարկելէ առաջ պէտք էր, պատմութիւն կերտած ֆրանսացի ծովային հետազօտող Ժաք Քուսթոյի օրինակով, մանրամասնօրէն ուսումնասիրութիւն կատարուէր եւ բծախնդրօրէն դասաւորուէր ամէն քայլ։ Հոս տեղին է նշել, թէ ծփացող ջուրին կատաղի ալիքներուն դէմ պայքարիլը աւելի՞ դիւրին է, քան քաղաքական բնագաւառին ստեղծած անակնկալ, անախորժ եւ պայթուցիկ «ցունամի»-ն։
Միթէ այս գծով Հայաստան պատրաստա՞ծ է լայնածաւալ եւ ամբողջական թղթածրար մը։
Քանի մը շաբաթ առաջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ հաւանական է, որ 2027 կամ 2028 թուականներուն Հայաստան Եւրոմիութեան անդամակցութեան պաշտօնական դիմում ներկայացնէ։ Ան բացայայտօրէն տեղեկացնելով, ներկայացուց ժամանակացոյց (․․․փլուս – մինուս) մը՝ զայն անորոշ ապագայի մը յետաձգուած ձգտում մը ըլլալէ դուրս բերելով, մանաւանդ որ Մայիս 2018-ի «Թաւշեայ յեղափոխութեան» օրերէն, Հայաստանի յաջորդական կառավարութիւնները մերթ ընդ մերթ փորձած են յետաձգել այս որոշումը, որ կը նկատուի ժողովրդավարութեան եւ անկախութեան համար ռազմավարական ընտրութիւն մը՝ միաժամանակ քաջատեղեակ ըլլալով, որ նմանօրինակ «թիավարում», ուղղակիօրէն խոչընդոտ ստեղծած կրնայ ըլլալ լիազօր անդամ մնալու Ռուսիոյ հովանաւորած եւ ղեկավարած երկու կազմակերպութիւններուն՝ Եւրասիական տնտեսական միութիւն (ԵՏՄ) եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն (ՀԱՊԿ)։
Բնականաբար, պատասխանը չուշացաւ, եւ Հայաստան հետզհետէ աւելի մեկուսացուեցաւ: Ամիսներ առաջ, հայրենի արտադրութիւններու դէպի Ռուսիա արտածումը վերատեսութեան ենթարկուեցաւ եւ մէկ առ մէկ կասեցուեցաւ հայկական ծաղիկներու, բանջարեղէնի, պտուղներու, հանքային ջուրի եւ ոգելից ըմպելիի ներածումը։ Նոյնիսկ արգիլուեցաւ անոնց տարանցումը՝ ռուսական տարածքով դէպի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան այլ անդամ երկիրներ։
Միւս կողմէն, քայլ մը աւելի անդին երթալով, ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովը Հայաստանը զրկեց կազմակերպութեան մէջ քուէարկելու իրաւունքէն, ինչպէս նաեւ պատասխանատու պաշտօններուն իր ներկայացուցիչները նշանակելու իրաւունքէն։
Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնն ու Եւրոմիութիւնը կը գործեն տարբեր կանոնակարգային, առեւտրական, օրէնսդրական եւ գործելաձեւի համակարգերով։ Անշուշտ, Փաշինեանի համար յստակ էր, թէ երկու կառոյցներուն լիիրաւ անդամակցութիւնը երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ ընդունելի եւ տրամաբանական լուծում մը չէր։
Իւրաքանչիւր ինքնիշխան պետութիւն իրաւունք ունի որոշելու իր քաղաքական ու տնտեսական արեւելումն ու ապագան, ընտրելու միջազգային իր գործընկերները եւ հետամուտ ըլլալու անդամակցութեան այնպիսի կառոյցներու, զորս կը նկատէ իր ազգային գերագոյն շահերուն համապատասխանով։
Հայաստան չի կրնար իր ապագան կառուցել այն ենթադրութեան վրայ, թէ Մոսկուան Պրիւքսէլով փոխարինելը ինքնաբերաբար պիտի լուծէ իր անվտանգային խոցելիութիւնները, տնտեսական տկարութիւնները եւ շրջանային մեկուսացումը։
Երկիրը համապարփակ ազգային ռազմավարութեան կարիքը ունի, որ ամբողջական եւ հաստատ հիմերու վրայ կրնայ ընթանալ, երբ դիւանագիտական մեքենան գործէ ամենայն հմտութեամբ եւ փորձառութեամբ։ Դժբախտաբար, երկրի պաշտպանութեան կառոյցին նման, փուլ եկած է նաեւ դիւանագիտութիւնը։ Յստակ է, թէ Հայաստանի ՔՊ-ական վարչամեքենան չունի այդ ճկունութիւնը, փորձառութիւնն ու կարողութիւնը, լարախաղաց եւ չափաւորական քաղաքականութիւն մը կիրարկելով, գործակցելու թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ՛ Պրիւքսէլի հետ։
Դիւանագիտական ոլորտին պարզած անյուսալի վիճակն ու անկարողութիւնն է, որ կը մղէ կատարելու նմանօրինակ այլընտրանք։
Ձախողութիւններէն խուսափելու համար, Հայաստանի համար Եւրոպան պէտք է ըլլայ ինքնավստահ եւ ինքնիշխան ռազմավարական նպատակակէտ մը․ բան մը, որ այս օրերուն անիրագործելի եւ երազային կարելի է նկատել, յատկապէս երբ նկատի ունենանք հին ցամաքամասին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը Իպերիական թերակղզիէն մինչեւ Գերմանիա։
Եւրոմիութիւնն ալ, իր կարգին, պէտք է յստակեցնէ իր յանձնառութեան տարողութիւնը։ Ան չի կրնար անվերջ քաջալերել Հայաստանի արեւմտամէտ ձգտումները՝ առանց սահմանելու այն քաղաքական հնարաւորութիւններն ու գործնական պայմանները, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ յառաջ մղել այդ ձգտումները։
Մուտքի արտօնագիրներու ազատականացումը, տնտեսական գործակցութիւնը, ենթակառոյցներու զարգացման ներդրումները եւ անվտանգութեան աջակցութիւնը արժէքաւոր քայլեր են։ Սակայն անոնք չեն կրնար փոխարինել Եւրոմիութեան ընդլայնման վերաբերեալ յստակ հեռանկար մը։
Դէպի Եւրոպա թեքումը պարզապէս քաղաքական նախասիրութեան մը յայտարարութիւնը չէ, ոչ ալ դիւանագիտական այլընտրանքային ձեւ մը, զոր կարելի է որդեգրել ամէն անգամ որ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները կը վատթարանան։ Այս մէկը երկարաժամկէտ գործընթաց մըն է, որ կը պահանջէ կառոյցներու թափանցիկ գործունէութիւն, ժողովրդավարական հաշուետուութիւն, դատական իշխանութեան անկախութիւն, տնտեսական բարեփոխումներ եւ, անշուշտ, ազգային յստակ ու ամբողջական ռազմավարութիւն։
Մինչ այդ, Ռուսիա կը շարունակէ մնալ Հայաստանի գլխաւոր առեւտրական գործընկերներէն մէկը։ Ցայսօր, ռուսական ընկերութիւնները զգալի ազդեցութիւն ունին ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բանալի մարզերու մէջ, իսկ Հայաստանի տնտեսութիւնը տակաւին կրնայ օգտուիլ եւրասիական շուկային իր հասանելիութենէն։
Հռչակաւոր է լատինական ծագում ունեցող խօսքը՝ «Բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին»․․․որ մղոններ հեռու է Պրիւքսէլէն։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
